Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Նոպելեան մրցանակակիր Մարիա Քորինա Մաչատօ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ տեղի ունեցած ունկնդրութիւններուն շարքին, երկուշաբթի, 12 յունուարին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Վենեզուելլայի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, Մարիա Քորինա Մաչատոն, որ հոկետմբեր 2025-ին արժանացած է Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին։
Վերոյիշեալ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նիքոլաս Մատուրոյի եւ իր կնոջ՝ Չիլիա Ֆլորեսի ձերբակալութենէն շուրջ տասը օր ետք։ Անոնք ձեռբակալուեցան 3 յունուարին, Քարաքասի մէջ, Միացեալ Նահանագներու կողմէ իրականացուած ռազմական գործողութեան ընթացքին։ Մատուրոն, որ կ՝ամբաստանուի թմրամիջոցներուն մաքսանենգութեան եւ ահաբեկչութեան մէջ, ներկայիս կը գնտուի ԱՄՆ-ի Պրուքլին քաղաքի բանտին մէջ։
Վենեզուելացի քաղաքագէտ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Մաչատոն կը գլխաւորէ «Vente Venezuela» կուսակցութիւնը, որ միշտ ընդդիմացած է Մատուրոյի կառավարութեան։ Երկրէն փախուստ տալէ ետք, ան դեկտեմբերին մեկնած էր Օսլօ՝ ստանալու համար այդ կարեւոր պարգեւը։
Այս շաբթուան ընթացքին, մինչ Վենեզուելլան ժամանակաւորապէս կը կառավարուի Տելսի Ռոտրիկեսի կողմէ, եւ մինչ միջազգային ընտանիքի աջակցութեամբ կ’աշխատուի անցումային փուլի մը վրայ, Նոպելեան մրցանակակիրը կը սպասուի Ուաշինկթընի մէջ՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումի համար, ինչպէս վերջինս նախապէս յայտարարած էր։
Յիշենք, որ յունուար, 4-ին, Առաքելական պալատի գրասենեակէն արտասանած «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքէն ետք, Լեւոն ԺԴ Պապը սրտառուչ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ Վենեզուելայի եւ անոր ժողովուրդին՝ յորդորելով յարգել «գերիշխանութիւնը» եւ «օրէնքի գերակայութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
