Որոնել

Լեւոն Պապը դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն. «Խաղաղութիւնը դժուար բայց հասանելի բարիք է»

Սրբազան Պապը Նոր տարուայ սկզբի շնորհաւորանքներու փոխանակումին առիթով ջերմօրէն շնորհաւորեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ​​Մարմնի անդամները, ապա անոնց ուղղած երկարաշունչ պատգամին մէջ ընդգծեց խաղաղութեան և դիւանագիտութեան կարևորութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ, որ բնութագրուած է աճող լարուածութեամբ և հակամարտութիւններով: Խաղաղութիւնը հնարաւոր է միայն եթէ զայն փնտռենք խոնարհութեամբ և քաջութեամբ, և եթէ աշխատինք աւելի արդար և խաղաղ աշխարհ մը կառուցելու համար:

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ես նաև կը մտածեմ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև անցեալ օգոստոսին ստորագրուած համատեղ խաղաղութեան հռչակագրի մասին, որ, յոյսով եմ, Հարաւային Կովկասի մէջ կը հարթէ արդար և երկարատև խաղաղութեան ճանապարհը՝ լուծելով չլուծուած հարցերը երկու կողմերու բաւարարութեամբ»։

Ուրբաթ` 9 Յունուար 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի առաքելական պալատի «Օրհնութեան» դահլիճին մէջ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամները ու անոնց գործակիցները, Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի շնորհաւորանքներու փոխանակումին առիթով եւ ըստ աւանդութեան անոնց ուղղեց երկարաշունչ ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ անցեալ տարուայ ընթացքին տեղի ունեցած որոշ իրադարձութիւններուն, ինչպէս սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապին մահը եւ իր ընտրութիւնը, ապա ակնարկեց համաշխարհային գետնի վրայ որոշ իրողութիւններուն ու Սուրբ Աթոռի որոշ հարցերու շուրջ յանձնառումին։

Դիւանագիտութեան, երկխօսութեան ու մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին արժէքը

Դիւանագիտական Մարմնի աւագերէց Դեսպան Ժորժ Փուլիտէսին արտասանած ողջոյնի խօսքէն ետքը Լեւոն ԺԴ. իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։ Պատգամ որուն առանցքը կազմեց խաղաղութիւնը` դիւրաբեկ բարիք մը, որ դժուար է կառուցել բայց կարելի ու հասանելի։

Աշխարհի մը մէջ, որ յատկանշուած է հակամարտութիւններով, աշխարհաքաղաքական լարուածութիւններով ու բազմակողմնութեան տագնապով Քահանայապետը շեշտեց դիւանագիտութեան, երկխօսութեան ու մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին արժէքը։

ՀՈՍ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ՃԱՌԸ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ

Ֆրանչիսկոս Պապին մահը եւ Յոյսի տարին

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած խօսքերուն համար, յիշելով թէ իրենց համար այս հանդիպումը նորութիւն է որովհետեւ «միայն մի քանի ամիսներ առաջ է որ կոչուեցաւ հովուելու Քրիստոսին հօտը», ու ողջունեց Ղազախստանի, Պուրունտիի եւ Պիելոռուսիոյ Սուրբ Աթոռի մօտ նոր Առաքելութիւններուն Ղեկավարները յիշելով անցեալ տարուայ ընթացքին կայացած որոշ իրադարձութիւններ յատկապէս Ֆրանչիսկոս Պապին մահը եւ Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարին, յոյս յայտնելով որ Տարին կարողացաւ օգնել շատ մը մարդոց վերագտնելու վստահութիւն, մխիթարութիւն եւ յոյս` կեանքի դժուարութիւններուն մէջ։

Շնորհակալութիւն Իտալիոյ

Վերոնշեալ Յոբելենական Տարուան ծիրէն ներս Սրբազան Պապը երախտագիտութեան յատուկ խօսք մը ուղղեց Հռովմէացիներուն ու նաեւ Իտալիոյ Իշխանութիւններուն, ուխտաւորներուն եւ զբօսաշրջիկներուն վերապահուած հիւրընկալութեան համար ու նաեւ ձեռնարկներու ընթացքին անվտանգութիւնը ապահովելու գործին համար, ընդգծելով Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ Պետութեան միջեւ ամուր եւ բարի երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց ծիրէն ներս յիշեց Իտալիոյ Զինեալ ուժերուն հոգևոր ծառայութիւն ապահովելու հայող համաձայնագրի փոփոխութիւնները և Սանթա Մարիա տի Կալերիայի գիւղատնտեսական էլեկտրակայանի պայմանագիրը։

Առաջին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Թուրքիա եւ Լիբանան

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա իր առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Թուրքիա եւ Լիբանան, առաջինը Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակը նշելու համար, իսկ երկրորդը հանդիպելու ժողովուրդի մը, որ հակառակ դժուարութիւններուն, լի է հաւատքով և ոգևորութեամբ, «ես զգացի երիտասարդներուն յոյսը, որոնք կը ձգտին կառուցել աւելի արդար և համախմբուած հասարակութիւն՝ ամրապնդելով մշակոյթներու և կրօնական հաւատքներու միահիւսումը, որ Մայրիներու Երկիրը եզակի կը դարձնէ աշխարհին մէջ» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։

Սուրբ Օգոստինոսի «Աստուծոյ Քաղաքը»

Ան ապա իր խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Օգոստինոսի «Աստուծոյ Քաղաքը» աշխատութեան վրայ, զոր Սուրբը գրած է 410 թուականի Հռոմի կողոպուտի ողբերգական իրադարձութիւններուն որպէս պատասխան, ուր նկարագրած է երկու քաղաքներ` Աստուծոյ քաղաքը` որ յատկանշուած է Աստուծոյ անվերապահ սիրով ու մերձաւորի նկատմամբ սիրով ապա երկրային քաղաքը` որ կեդրոնացած է անձնական սիրոյ, և աշխարհիկ իշխանութեան ու փառքի տենչի վրայ։

Երկու քաղաքները կը գոյատեւեն միասին մինչև ժամանակներու վերջը և ունին ինչպէս արտաքին, այնպէս ալ ներքին չափանիշ: Քրիստոնեաները կոչուած են բնակելու երկրային քաղաքին մէջ՝ իրենց սրտերն ու մտքերը ուղղուած դէպի երկնային քաղաքը, բայց անոնք օտար չեն քաղաքական աշխարհին և կը ձգտին քրիստոնէական բարոյականութիւնը կիրառել քաղաքացիական կառավարման մէջ:

Սուրբ Օգոստինոսին աշխատանքը արժէքաւոր մտորումներ կ՛ առաջարկէ ժողովուրդներու միջև խաղաղ համակեցութեան վերաբերեալ և կը զգուշացնէ պատմութեան սխալ ներկայացումէն, չափազանց ազգայնականութեան և պետական ​​գործիչի իտէալի աղաւաղման վտանգներէն։

Մարդկութեան ապրած խոր փոփոխութիւններու ժամանակը

Նորին Սրբութիւնը նշեց` թէ չորրորդ դարուն նման այսօր եւս մարդկութիւնը կ՛ապրի խոր փոփոխութիւններու ժամանակ մը` գաղթականութեամբ, նոր աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւններով, բազմակողմանի հաստատութիւններու տկարացումով։

Դիւանագիտութեան ուժը եւ ուժի դիւանագիտութիւնը

«Ուժի դիւանագիտութիւնը» հակուած է փոխարինելու երկխօսութիւնը, և պատերազմը կրկին հանդէս կու գայ` որպէս օրինական գործիք» նշեց Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ վերահաստատելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կենտրոնական դերը, իւրաքանչիւր մարդու կեանքի և արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաև Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան էական դերը` ազգերու միջև երկխօսութեան և միութեան խթանման գործին մէջ:

ՄԱԿ-ին դերը

«ՄԱԿ-ը պէտք է հիմնարար դեր խաղայ երկխօսութեան և մարդասիրական աջակցութեան խթանման գործին մէջ, սակայն պէտք է աւելի կենտրոնացած և արդիւնաւէտ ըլլայ ժողովուրդներու ընտանիքի միութեան ուղղուած քաղաքականութիւն վարելու հարցին վրայ» հաստատեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը :

Ժամանակակից լեզուի երկիմաստութիւնը

Ան ապա լայնօրէն անդրադարձ կատարեց ոճի եւ իրաւունքներու մասին դատապարտելով ժամանակակից լեզուի երկիմաստութիւնը, որ յաճախ կը խեղաթիւրուի կամ կ՛ օգտագործուի բացառելու համար, և պաշտպանեց ճշմարտութեան վրայ հիմնուած բառերու անհրաժեշտութիւնը:

Խօսքի ազատութիւնը

Սրբազան Պապը մտահոգութիւն յայտնեց խօսքի իրական ազատութեան նուիրուած տարածքի նուազումին համար վերահաստատելով կրօնական ազատութեան կարևորութիւնը, զոր Ան որակեց «մարդու իրաւունքներուն առաջինը»:

Կրօնական ազատութիւնը

«Սուրբ Աթոռը կոչ կ՛ընէ բոլոր քրիստոնեաներուն և միւս բոլոր կրօնական համայնքների համար լիարժէք յարգանքի արժանացնել կրօնական եւ պաշտամունքի ազատութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը յիշեցնելով միջկրօնական երկխօսութեան և տարբեր դաւանանքներու միջև փոխադարձ յարգանքի հրամայականը։

380 միլիոն քրիստոնեաներ ենթարկուած հալածանքներու

Այս ծիրէն ներս Ան ակնարկեց թէ ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ աւելի քան 380 միլիոն քրիստոնեաներ այսօր ենթարկուած են հալածանքներու, խտրականութեան կամ բռնութիւններու` իրենց հաւատքին պատճառով:

Այս առումով Ան իր միտքը յղեց աշխարհի տարբեր մասերու մէջ կրօնական բռնութեան զոհերուն և պետութիւններէն պահանջեց երաշխաւորել կրօնի և պաշտամունքի լիակատար ազատութիւն` բոլոր քաղաքացիներուն համար։

Լեւոն ԺԴ. դատապարտեց նաեւ քրիստոնեաներու նկատմամբ կրօնական խտրականութեան նուրբ ձևը երկրներու մէջ ուր անոնք մեծամասնութիւն են, ինչպէս Եւրոպայի և Ամերիկայի մէջ, ուր անոնց ազատութիւնը կարող է սահմանափակուած ըլլալ Աւետարանի ճշմարտութիւնները հռչակելու հարցին մէջ: Սուրբ Աթոռը կը պաշտպանէ իւրաքանչիւր մարդու, այդ ծիրէն ներս՝ փախստականներու անձեռնմխելի արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները։

Մարդավաճառութիւնը, բանտարկեալներու տառապանքը, մահապատիժը

Քահանայապետը առ այդ ուշադրութիւնը հրաւիրեց այլ բաց վէրքերու վրայ՝ ինչպէս մարդավաճառութիւնը, փախստականներու արժանապատուութեան խաթարումը, բանտարկեալներու վիճակը և մահապատժի վերացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաև քաղաքական բանտարկեալներու տառապանքները։

Ընտանիքը հիմնարար հաստատութիւն եւ կեանքին արժէքը

Լեւոն ԺԴ. պաշտպանեց ընտանիքը` որպէս հիմնարար հաստատութիւն, դատապարտելով աճող փխրունութիւնը և մշակութային լուսանցքայնացումը, վերահաստատելով կեանքի իրաւունքի կենտրոնական դերը՝ սաղմէն մինչև բնական մահ, մտահոգութիւն յայտնելով նաեւ վիժումի, փոխնակ մայրութեան և հիւանդներու ու տարեցներու մեկուսացման վերաբերեալ։ Ան հրաւիրեց շօշափելի պատասխաններ տալու ընտանիքին դիմագրաւած հարցերուն խթանելով զօրակցութեան եւ մարդկային կեանքի պաշտպանութեան քաղաքականութիւններ, ինչպէս նաեւ վերացնելու թմրամոլութեան և թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան չարիքը և խթանելու մարդկային զարգացումը, կրթութիւնը և երիտասարդներուն համար աշխատատեղերու ստեղծումը։

Լուծում գտնել Հակամարտութիւններուն եւ լարուածութիւններուն

Միջազգային գետնի Վրայ Լեւոն ԺԴ. ուղղեց տարբեր կոչեր ` Ուքրանիայի համար՝ որպէսզի հաստատուի հրադադարը եւ զարկ տրուի անկեղծ երկխօսութեան, որոնելով մնայուն, արդար եւ կայուն լուծումներ։ Ան ապա հրաւէր ուղղեց Միջազգային հասարակութեան Կազայի մէջ Պաղեստինցիներուն ապահովեցնելու խաղաղ ապագայ մը ու ելքի ճամբայ գտնելու իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան դիմելով Երկու Պետութիւններ լուծումին։ Ան ապա մտահոգութիւն յայտնեց Վենեզուելլայի, Հայիթիի, Սուտանի, Հարաւային Սուտանի և Միանմարի տիրող լարուածութիւններուն համար, հայցելով քաղաքական խաղաղ լուծումներ եւ հակամարտութիւնները լուծելու համար ներառական երկխօսութիւնը։

Արհեստական Բանականութիւնը

Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ արհեստական ​​բանականութեան մասին, որուն զարգացումը, ըստ Անոր, պէտք է առաջնորդուի բարոյական պատասխանատուութեամբ և մարդու ազատութեան պաշտպանութեամբ:

Խաղաղութիւնը դժուար բայց կարելի

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը յիշեց` որ խաղաղութիւնը դժուար բայց կարելի բարիք մըն է, որ կը պահանջէ հեզութիւն եւ քաջութիւն, յղում կատարելով քրիստոնէական կեանքին որ ներկայացուած է Սուրբ Ծնունդով եւ Զատիկով, որոնք կը խորհրդանշեն ճշմարտութեան հեզութիւնը եւ ներումի քաջութիւնը։

Քահանայապետը մատնանշեց ապա յոյսի որոշ նշաններուն, ինչպէս Տայթոնի Համաձայնագիրը եւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան յայտարարութիւնը մայթելով` որ խաղաղութեան այդ ծիլերը ծաղկին։

Հայաստան - Ազրպէյճան

«Ես նաև կը մտածեմ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև անցեալ օգոստոսին ստորագրուած համատեղ խաղաղութեան հռչակագրի մասին, որ, յոյսով եմ, Հարաւային Կովկասի մէջ կը հարթէ արդար և երկարատև խաղաղութեան ճանապարհը՝ լուծելով չլուծուած հարցերը երկու կողմերու բաւարարութեամբ»։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Ասսիզացիի մահուան 800 ամեակը

Յիշելով ապա այս տարի հոկտեմբերին յիշատակուող միջազգայնօրէն ճանչցուած խաղաղութեան եւ երկխօսութեան մարդ` Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան 800 ամեակը` Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց` որ բոլորն ալ ունենան «հեզ եւ իսկապէս խաղաղութիւն կերտով սիրտ մը»։


Դիւանագիտական Մարմնի աւագերէց Կիպրոսի դեսպան Տիար Ժորժ Փուլիտէսին խօսքը

Նորին Սրբութեան արտասանած ճառէն առաջ յանուն դիւանագէտներուն անոր ողջոյնի խօսք փոխանցեց Դիւանագիտական Մարմնի աւագերէց Սուրբ Աթոռի մօտ Կիպրոսի դեսպան Տիար Ժորժ Փուլիտէսը։

Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Քահանայապետին տարեկան այս հանդիպման առիթին համար ու նորոգեց Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն յանձնառումը` գործելու Ժողովուրդներու եւ Պետութիւններու միջեւ խաղաղութեան ի սպաս։ Ան յուզմունքով յիշեց հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը ու անոր յուղարկաւորութիւնը ինչպէս նաեւ Նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը յոյս յայտնելով, որ նոր Քահանայապետը կարենայ շարունակել իր նախորդին խաղաղութեան ու հաշտութեան գործը։

Դիւանագիտական Մարմնի Աւագերէցը յիշեց ապա Լեւոն Պապին Թուրքիա եւ Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, ընդգծելով քրիստոնեաներու միջեւ միութեան ու աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը, գնահատանք արտայայտելով Քահանայապետի յանձնառումին համար ի նպաստ եղբայրութեան եւ զօրակցութեան, յատուկ կերպով անդրադառնալով նաեւ Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան ու Քահանայապետին կողմէ խթանուած եղբայրութեան ձեռնարկներուն։

Դեսպան Փուլիտէսը խօսքը աւարտեց նորոգելով Դիւանագիտական Մարմնի յանձնառումը` գործելու ի նպաստ խաղաղութեան ու սատարելու աշխարհի հակամարտութիւններուն համար լուծումներ որոնելու աշխատանքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2026, 11:13