Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Լեւոն ԺԴ.  (AFP or Licensors)

Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Տեղեկատուութիւնը կը փոխուի, բայց պէտք չէ տեղի տալ պարզունակութեան եւ կեղծ լուրերուն»

Իտալական Rai 1 պատկերասփիւռի կայանի «Porta a Porta» յայտագիրի 30-ամեակին առթիւ յղած իր պատգամին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը կը զգուշացնէ արդի հաղորդակցութեան վտանգներէն եւ կը շեշտէ մարդկային էութեան պահպանման կարեւորութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդակցութեան նորագոյն ձեւերը կը բանան գիտելիքի անսահման հորիզոններ, սակայն միաժամանակ կը խաթարեն անոնց սահմանները։ Լեւոն ԺԴ. Պապը, «Porta a Porta» պատմական հաղորդաշարի երեսուն ամեակի առթիւ, պատգամ մը ուղղեց՝ վերլուծելով արդի տեղեկատուական դաշտի երկդիմի բնոյթը, ուր բառերու եւ պատկերներու անդադար հոսքին մէջ կեղծիքը յաճախ կը ներկայանայ որպէս ճշմարտութիւն։

Երեք տասնամեակի երկխօսութիւն

Խօսքը ուղղելով «Porta a Porta» յայտագիրի հեղինակ Պրունօ Վեսփային եւ անձնակազմին, Պապը նշեց, որ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին աշխարհը կրած է արմատական փոփոխութիւններ՝ պատերազմներէն մինչեւ խաղաղութեան համաձայնագիրներ, ճգնաժամերէն մինչեւ վերելքներ։ Այս բոլոր իրադարձութիւնները հանրութեան ներկայացուած են «երկխօսութեան» ձեւաչափով, որ ժամանակի ընթացքին ձեւաւորած է հաւատարիմ հեռուստադիտողներու լայն շրջանակ մը։

Նոր տեղեկատուութեան վտանգները

Քահանայապետը մատնանշեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացման հետ մէկտեղ ի յայտ եկած են նոր սպառնալիքներ ու զգուշացուց այն երեւոյթներէն, ուր. Կեղծ լուրերը (fake news) կը շփոթուին իրականութեան հետ, Մակերեսային հետաքրքրութիւնը կը ներկայանայ որպէս գիտելիքի իսկական ծարաւ, «Մենախօսութիւնները» կը քողարկուին որպէս երկխօսութիւններ, ուր իրականութեան մէջ «ոչ ոք մտիկ կ'ընէ դիմացինին»։

Լեւոն ԺԴ Պապը յատուկ շեշտեց նաեւ «doom-scrolling»-ի (բացասական լուրերու անդադար ընթերցում) եւ աննպատակ «zapping»-ի վտանգները, որոնք կը խլեն խորունկ ու կեդրոնացած ընկալման ունակութիւնը՝ փոխարինելով զայն անմտածուած սպառումով։

Որակեալ հաղորդակցութեան հրաւէր

Ըստ Նորին Սրբութեան, համբերութիւնն ու հեռատեսութիւնը հրամայական են մնայուն յարաբերութիւններ մշակելու համար։ Ան կոչ ուղղեց երբեք չնահանջել «պարզունակութեան» (banality) առջեւ եւ օգտագործել արհեստագիտական գործիքները՝ առանց կորսնցնելու «մարդկային բացառիկութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2026, 12:43