Քահանայապետը կաթողիկէ լրատուամիջոցներուն. Որոնել ճշմարտութիւնը ու զայն նուիրել նաեւ անոր որ չի հաւատար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
21-23 Յունուար 2026-ին Ֆրանսայի Լուրտ քաղաքին մէջ Ֆրանսայի Կաթողիկէ Լրատուամիջոցներու դաշնութիւնը կազմակերպած է «Կաթողիկէ լրատուամիջոց, լրատուամիջոց որո՞ւ համար» խորագիրով Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի 29 Օրը, որուն առիթով Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը յանուն Լեւոն Քահանայապետին, պատգամ մը յղեց ժողովականներուն` որ ընթերցուեցաւ հաւաքի բացման արարողութեան առիթով։
Զինաթափ եւ զինաթափող հաղորդակցութեան անհրաժեշտութիւնը
Սրբազան Պապը իր գնահատանքը կը յայտնէ տեղեկատուութեան թեմաներուն շուրջ երկխօսութեան այս աւանդոյթին եւ միասնական աղօթքի արժէքին համար։
Ան ապա կը շեշտէ ընտրուած նիւթին կարեւորութիւնը՝ կաթողիկէ լրատուամիջոցներու պատասխանատուութիւնը բեւեռացուած աշխարհի մը մէջ, վերահաստատելով «զինաթափ եւ զինաթափող» հաղորդակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որ ազատ է նախապաշարումներէ եւ յարգալից է իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան նկատմամբ։
Բաժանումները բուժող բառեր
Քահանայապետը կը հրաւիրէ գործածել բառեր, որոնք կը բուժեն բաժանումները, կը կառուցեն համայնքներ եւ կը մերժեն «բառերու եւ պատկերներու պատերազմը»։
Պատգամին մէջ ընդգծուած է նաեւ սրտի պատճառներուն վերադառնալու և ճշմարտութիւնն ու հաշտութիւնը հաղորդակցութեան միջոցաւ յառաջ տանելու կարևորութիւնը, դարաշրջանի մը մէջ` որ յատկանշուած է արհեստական բանականութեան ժայթքումով, եւ վերադառնալու նաեւ լաւ յարաբերութիւններու կենտրոնականութեան և ուրիշներուն հասնելու ունակութեան, առանց բացառելու որևէ մէկը։
Քահանայապետը կը քաջալերէ կաթողիկէ լրագրողները դառնալու «բարի խօսքերու» սերմանողներ եւ սրտերը ատելութենէ եւ կրօնամոլութենէ զինաթափող եւ հաշտութիւն որոնող ձայներու բարձրախօսներ։
Հայր Ժագ Համելի օրինակը
«Մասնատուած և բևեռացած աշխարհին մէջ եղէք այն «անթէնները», որոնք կ՛ որսան և կը փոխանցեն այն ինչ` որ կ՛ապրին տկար մարդիկ, մեկուսացուածներ, առանձնութեան մէջ ապրողները եւ անոնք որոնք կարիքը ունինք ճանչնալու ուրախութիւնը եւ իրենք զիրենք սիրուած զգալու ցանկութիւնը» գրած է ապա Կարդինալ Փարոլինը որպէս օրինակ ներկայացնելով Հայր Ժագ Համելը` որ եղաւ հաւատքի վկայ մը որ հաւատաց երկխօսութեան եւ փոխադարձ ունկնկդրութեան արժէքին` մինչեւ իսկ իր կեանքը զոհելը անոնց համար։
«Հայր Համելը համոզուած էր, որ անյապաղ անհրաժեշտ է կարողանալ մօտ կանգնիլ ուրիշներուն՝ առանց բացառութեան։ Իրար ճանաչելու համար պէտք է հանդիպիլ իրարու առանց վախնալու տարբերութիւններէն, պատրաստ ըլլալով պայքարելու մեր ինքնութեան ու մեր հաւատքին համար» կը կարդանք Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ` ուր ապա հրաւէր ուղղուած է նմանելու նահատակ Քահանային։
Ըլլալ ճշմարտութեան որոնողներ
«Թող Անոր օրինակը խրախուսէ ձեզ ըլլալու ճշմարտութիւն որոնողներ ամէն ինչ բացատրող սիրոյ մէջ, ողջագուրող խօսքի, կոտրուածը վերամիաւորող հաղորդակցութեան, մարդկութեան վէրքերու բալասան արհեստաւորներ» գրած է հուսկ Ծիրանաւորը եւ պատգամը աւարտած բոլոր ներկաներուն վրայ հայցելով Լեւոն ԺԴ Պապին առաքելական օրհնութիւնները, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տէ Սալէսի հովանին ու Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
