Պապին ներկայացուեցաւ Սուրբ Պօղոս տաճարին համար պատրաստուած իր դիմանկաը՝ խճանկարով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այսօր առաւօտեան՝ յունուար 13-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Պօղոս Զ անուան սրահի կից փոքր դահլիճին մէջ տեսաւ խճանկարեայ կլոր պատկերը։ Այս գործը պատրաստուած է Սուրբ Պետրոսի գործարանի Վատիկանի խճանկարի արուեստանոցի կողմէ, որ աւանդութեան համաձայն՝ կը պատրաստեն նման աշխատանք իւրաքանչիւր Քահանայապետը ընտրութենէն ետք։
Խճանկարեայ կլոր պատկերը, որ կը կոչուի «քլիփէօ» պիտի զետեղուի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին դիմանկարից կից, տաճարի աջ կողմը, 13 մեթր բարձրութեան վրայ։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն՝ 137 սանիթմեթր տրամագիծ ունեցող այս խճանկարը պատրաստուած է ոսկեայ տարրերով՝ մետաղեայ կառուցուածքի վրայ։ Խճանկարի քարերը պատրաստուած են կտրուած խճանկարի հնադարեան արհեստագիտութեամբ եւ ամրացուած են Վատիկանի աւանդական իւղային մածիկով ու կազմուած է 15 հազար քարերէ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ Գործի իրականացման համար հիմք ծառայած է արուեստագէտ Ռոտոլֆօ Փափայի գեղանկարչական նախանկարը՝ իւղաներկ կտաւի մը վրայ, որ ունի նոյն չափերը ինչպէս խճանկարեայ կլոր պատկերը եւ յատուկ կերպով յղացուած է խճանկարի վերածուելու համար։
Իսկ գեղանկարչական նախանկարը, քահանայապետներու դիմանկարներու ամբողջական շարքին հետ միասին, պիտի պահուի Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի գործարանի մօտ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
