2025.11.18 Papa Castel Gandolfo

Լեւոն ԺԴ. խաղաղութեան համար ձայն բարձրացնել։ Փնտռենք երկխօսութիւնը, ոչ թէ բռնութիւնը

Քասթէլ Կանտոլֆոյի մէջ, Սրբազան Պապը կարճ յայտարարութիւն մը տուաւ լրագրողներուն Վիլլա Պարպերինիի առջեւ եւ, մեկնաբանելով Միջին Արեւելքի իրավիճակը, հրաւիրեց աղօթելու խաղաղութեան համար։ Արդիականացնելով այսօրուան Յիշատակի Օրը, ան ըսաւ. «Պայքարինք ամէն տեսակ հակասեմականութեան դէմ»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Կ՛ըսեմ միայն, որ պէտք է շատ աղօթել խաղաղութեան համար»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Լեւոն ԺԴ Պապը կարճ յայտարարութեան մը մէջ՝ տրուած Tg2 լրատուական ծրագրին եւ այլ լրատուամիջոցներու, նախ քան երեքշաբթի 27 Յունուարի երեկոյեան Քասթել Կանտոլֆոյէն վերադառնալը, ուր ան անցուցած էր իր սովորական շաբաթական հանգիստի եւ աշխատանքի օրը։

Լրագրողներու հարցումին՝ Միջին Արեւելքի իրավիճակի մասին, յատկապէս այնտեղ գտնուող ամերիկեան «Աբրահամ Լինքոլն» նաւակիրով առաջնորդուող ծովային յարձակողական խումբի ներկայութեան վերաբերեալ, Քահանայապետը կրկին հնչեցուց խաղաղութեան կոչը. «Մենք, թէեւ փոքր ենք, կրնանք ձայն բարձրացնել եւ միշտ կը փնտռենք երկխօսութիւնը, ոչ թէ բռնութիւնը՝ այս խնդիրները լուծելու համար», ըսաւ ան, «յատկապէս անդրադառնալով այդ օրը յիշատակուող «Շոային»։

Այս յիշատակի օրուան առիթով, Լեւոն Պապը Քասթէլ Կանտոլֆոյի մէջ վերահաստատեց այն, ինչ որ արդէն գրած էր իր @Pontifex X հաշիւին վրայ՝ «Պայքարինք հակասեմականութեան բոլոր ձեւերուն դէմ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2026, 08:02