Որոնել

Սրբբազան Պապը կարդինալներուն հետ 10 Մայիս 2025-ին Սրբբազան Պապը կարդինալներուն հետ 10 Մայիս 2025-ին  (@Vatican Media)

Քահանայապետը եւ կարդինալները` 7 եւ 8 Յունուարին Կարդինալական արտակարգ ժողով

Այսօր եւ վաղը Լեւոն ԺԴ. Պապին կամքով Վատիկանի մէջ կը գումարուի արտակարգ Կարդինալական Ժողով մը (Քոնչիսթորոն)։ Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 7,30-ին նախատեսուած է Քահանայապետին գլխաւորութեամբ սուրբ պատարագ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Evangelii gaudium» եւ Եկեղեցւոյ միսիոներականութիւնը, «Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանադրութիւնը, Հռոմի Քուրիայի դերը ու անոր յարաբերութիւնները յատուկ Եկեղեցիներու հետ, սիւնհոդոսականութիւնը եւ ծէսը։ Ասոնք են թեմաները` որոնց վրայ պիտի կեդրոնանայ Կարդինալական դասը չորեքշաբթի եօթը եւ հինգշաբթի ութը Յունուարին Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ գումարուած արտակարգ «Քոնչիսթորոյի», այսինքն Կարդինալական արտակարգ Ժողովի ընթացքին, որ կը համարուի Լեւոն ԺԴ.-ի Քահանայապետութեան առաջինը։

Աղօթքի, բաժնեկցութեան, խորհրդածութեան երկու օրեր, եղբայրութեան ու հաղորդութեան նշանաբանին ներքոյ, զոր Սրբազան Պապը պիտի ապրի Կարդինալական Դասին հետ միասին, որոնցմէ շատերը երէկ մասնակցեցան Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կայացած Յոբելեանի Սուրբ Դռան փակման եւ Աստուածայայտնութեան տօնի ծիսակատարութիւններուն։

Հանդիպումը նպատակ ունի «խթանել համատեղ ըմբռնումը և աջակցութիւն ու խորհուրդներ տալ Սրբազան Պապին՝ իր բարձր և ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնը կատարելու ընդհանուր Եկեղեցւոյ կառավարման գործին մէջ»։

Ժողովին բացումը տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի 7 Յունուարի յետմիջօրէի ժամը չորսին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ։ Աշխատանքային նիստերը տեղի կ՛ունենան դռնափակ Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ, որ ապա յաջորդ օրը` 8 Յունուարին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պիտի գլխաւորէ Համապատարգը, որուն կը մասնակցին բոլոր կարդինալները, որմէ ետքը ժամը 9.30-ին նախատեսուած է աշխատանքային երկրորդ նիստը մինչեւ 12.45, հուսկ կէսօրուան ճաշը, որմէ ետքը կը կարատուի աշխատանքային երրորդ եւ վերջին նիստը ժամը 15.15 մինչեւ 19, որով կը փակուի Կարդինալական արտակարգ այս հաւաքը։

Նշենք` որ Կարդինալական դասը կազմուած է 245 Ծիրանաւորներէ որոնցմէ 122 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով Կարդինալներ եւ 123 ոչ ընտրող։ Պատմութեան մէջ այս առաջին անգամն է որ ոչ ընտրող կարդինալներու թիւը կը գերազանցէ ընտրող կարդինալներունը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2026, 08:05