Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը «Ցեղասպանութեան սարսափը այլեւս թող չհարուածէ ոչ մէկ ազգ»

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ոգեկոչեց երէկ՝ յունուար 27-ին նշուած յիշատակի Օրը, հայցելով « հակասեմականութենէզերծ աշխարհի մը պարգեւը», ազատ նախապաշարումներէ, հարստահարութիւններէ եւ հալածանքներէ, ու խարսխուած՝ «փոխադարձ յարգանքի եւ ընդհանուր բարիքի վրայ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 28 յունուարին առաւօտեան կայացած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը ոգեկոչեց երեկ նշուած «Հոլոքոստ»ի զոհերու յիշատակի օրը, հայցելով Աստուծմէ աշխարհ մը՝ զերծ հակասեմականութենէ, նախապաշարումներէ, հարստահարութիւններէն եւ հալածանքներէ ու հիմնուած «փոխադարձ յարգանքի եւ հասարակաց բարիքի վրայ»։

«Երէկ կը նշուէր ողջակիզման (Holocaust) զոհերու յիշատակի միջազգային օրը, որուն պատճառով միլիոնաւոր հրեաներ եւ բազմաթիւ այլ անձեր մահուան մատնուեցան։ Այս տարեկան ցաւալի յիշատակի առթիւ, Ամենակալէն կը հայցեմ պարգեւը աշխարհի մը՝ զերծ հակասեմականութենէ, նախապաշարումներէ, հարստահարութենէ եւ հալածանքներէ՝ ոեւէ մարդկային արարածի դէմ։ Կը վերահաստատեմ կոչս միջազգային ընտանիքին, որպէսզի միշտ արթուն մնայ, որպէսզի ցեղասպանութեան սարսափը այլեւս չհարուածէ ոչ մէկ ժողովուրդ, եւ կերտուի հասարակութիւն մը՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ ընդհանուր բարիքի վրայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր կոչին մէջ։

Նշենք, թէ Ողջակիզման (Holocaust) զոհերու յիշատակի առթիւ, երեքշաբթի, 27 յունուարին, Լեւոն ԺԴ Պապը X-ի իր @Pontifex հարթակին վրայ վերահաստատեց Եկեղեցւոյ կեցուածքը ընդդէմ հակասեմականութեան բոլոր ձեւերուն՝ հաւատարիմ մնալով «Nostra Aetate» յայտարարութեան եւ դատապարտելով «որեւէ խտրականութիւն կամ հալածանք՝ ցեղային, լեզուական, ազգային կամ կրօնական պատճառներով»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2026, 11:45