Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Եկեղեցւոյ մէջ գայթակղութիւն է, երբ սեռային չարաշահումներու զոհերը չեն ընդունուիր։

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի կարդինալական ժողովի աւարտին կարեւորեց սեռական չարաշահումներու զոհերուն լսելն ու Եկեղեցւոյ ներքին վէրքերու դարմանումը՝ քննադատելով հոգեւոր հովիւներու անտարբերութիւնը։ Ան յայտարարեց կարդինալական հանդիպումները տարեկան դրութեամբ կանոնաւորելու մտադրութեան մասին՝ շեշտելով կրթութեան, համագործակցութեան եւ տառապող ժողովուրդներուն յոյս պարգեւելու անհրաժեշտութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ յունուար 7-8-ին տեղի ունեցած արտակարգ կարդինալական Ժողովին աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը հրապարակեց իր պատգամը, որ կը կեդրոնանայ Եկեղեցւոյ ներքին վէրքերուն եւ ապագայ տեսլականին վրայ։ Թէեւ հանդիպման հիմնական նիւթերը «սինոդականութիւնն» ու «առաքելութիւնն» էին, Սրբազան Քահանայապետը անհրաժեշտ համարեց անդրադառնալ սեռական չարաշահումներու ճգնաժամին։

Պապը շեշտեց, որ սեռային չարաշահումը ինքնին խոր վէրք կը բանայ, սակայն Եկեղեցւոյ իրական գայթակղութիւն այն է, երբ զոհերուն առջեւ դռները կը փակուին։ Ըստ Պապին ՝ զոհերը յաճախ չեն գտներ գութ եւ ընկերակցութիւն հոգեւոր հովիւներու կողմէ։ Ան յիշեցուց վերջերս զոհի մը հետ ունեցած իր զրոյցը, որուն համար ամենացաւալին եղած էր այն իրողութիւնը, որ ոչ մէկ եպիսկոպոս ուզած էր զինք լսել։ «Լսելը չափազանց կարեւոր է», ըսաւ Պապը։

Յառաջիկայ ծրագիրներու մասին խօսելով՝ Լեւոն ԺԴ. յայտարարեց նոր կարդինալական ժողովի մը մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիսի վերջը։ Ան փափաք յայտնեց այս հանդիպումները դարձնել տարեկան դրութիւն՝ տեւողութիւնը երկարաձգելով մինչեւ երեք կամ չորս օր, որպէսզի կարդինալները առիթ ունենան աղօթելու, խորկալու եւ իրարու աւելի լաւ ճանչնալու։

Լեւոն ԺԴ. Պապը բարձր գնահատեց կարդինալներու միջեւ տիրող համագործակցութեան ոգին, զայն նմանցնելով Քոնկլաւի (Պապընտիր ժողովի) ընթացքին ապրուած փորձառութեան։ Ան շեշտեց կրթութեան եւ վերապատրաստման կարեւորութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ՝ նորընծայարաններէն մինչեւ Հռոմի Քուրիա, նպատակ ունենալով զօրացնել Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը։

Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Պապը յիշեց աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ պատերազմներէ եւ աղքատութենէ տառապող ժողովուրդները։ Յորոդեց ըլլալ յոյսի սերմանողներ, յիշեցնելով, որ թէեւ Յոբելենական տարուայ Սուրբ Դուռը փակուած է, սակայն Քրիստոսի սիրոյ դուռը միշտ բաց կը մնայ բոլորին առջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2026, 14:41