Որոնել

Սրբազան Պապին քարոզը Սիքստինեան մատրան մէջ կատարած մկրտութեան արարողութեան ընթացքին

«Քիչ ետք մեր կատարելիք ժեստերը գեղեցիկ վկայութիւններ են. Ճակտին վրայ ջուրը Հոգիի մաքրագործումն է, որ կը մաքրէ մեզ բոլոր մեղքերէն. Սպիտակ զգեստը նոր հագուստն է զոր հայր Աստուած մեզի կը պարգեւէ իր Արքայութեան յաւիտենական տօնին համար։ Մոմը որ վարուած է Զատկական մորմէն յարուցեալ Քրիստոսին լոյսն է, որ կը լուսաւորէ մեր ճանապարհը»
Ունկնդրէ Քահանայապետին այս եւ այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ըստ լատինաց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին օրը` 11 Յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը երկարամեայ աւանդութեան մը համաձայն Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ գլխաւորեց Սուրբ Մկրտութեան արարողութիւնը Մկրտութեան Խորհուրդը մատակարարելով Վատիկանի աշխատակիցներու 20 նորածին մանուկներուն։

Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդին կարեւորութիւնը, որպէս նշան Աստուծոյ սիրոյն ու մարդկութեան փրկութեան։

Տիրոջ սիրոյ հայեացքը որ կը փնտռէ մեր հայեացքը

«Երբ Տէրը կը մտնէ մեր պատմութեան մէջ, ընդառաջ կու գայ մեր իւրաքանչիւրի կեանքին բաց ու խոնարհ սրտով։ Ան սիրով լի իր հայեացքով կը փնտռէ մեր հայեացքը ու մեզի հետ կը զրուցէ մեզի յայտնելով փրկութեան Բանը։ Մարդեղացած Աստուածորդին բոլորին համար կ՛իրականացնէ զարմանալի հնարաւորութիւն, որ զարկ կու տայ նոր ժամանակի մը, որ անսպասելի է նոյնիսկ մարգարէներուն համար» ըսաւ Սրբազան Պապը քարոզին սկիզբը։

Աստուած մեզ կ՜արդարացնէ Քրիստոսի միջոցաւ

Քահանայապետը առ այդ խորհրդածեց Յիսուսի խոնարհութեան մասին, որ թոյլ տուաւ մկրտուիլ Յորդանանի մէջ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչէն։ «Նման խաւարի մէջ լոյսին, տէրը կը գտնուի այնտեղ ուր զինք չենք սպասեր. Մեղաւորներուն մէջ Սուրբը, որ կ՜ուզէ բնակիլ մեր մէջ, մինչեւ վերջ յանձն առնելով ամէն այն ինչ որ մարդկային է։ «Թող տուր հիմա» կ՜ըսէ Յիսուս Յովհաննէսին, «վասն զի այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու խօսքը կեդրոնացուց Աստուծոյ արդարութեան վրայ, որ մեզ կ՛արդարացնէ Քրիստոսի միջոցաւ, իր անհուն ողորմութեամբ։

Նոր էակներ

«Ան` որ Յորդանանին մէջ կը մկրտուի Յովհաննէսի կողմէ այս արարքը կը դարձնէ մահուան, յարութեան, ներումի եւ հաղորդութեան նոր նշան մը, ահա Խորհուրդը որ կը մատակարարենք այսօր այս մանուկներուն» ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ ինչպէս անոնք այժմ կը դառնան քրիստոնեաներ, մեր եղբայրներն ու քոյրերը։

«Զակակները` զոր դուք կը կրէք ձեր բազուկներուն մէջ դարձան նոր էակներ եւ այնպէս ինչպէս անոնք ձեզմէ ընկալեցին կեանքը այժմ անոնք կ՜ընդունին կեանքը ապրելու իմաստը, այսինքն հաւատքը» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով թէ երբ մենք գիտենք որ բարիք մը էական է, կ՛ուզենք անմիջապէս զայն փոխանցել անոնց զոր կը սիրենք։

Աստուծոյ սէրը որ երկիր վրայ կը յայտնուի ծնողներու ընդմէջէն

«Հաւատքը աւելի քան անհրաժեշտ է որովհետեւ Աստուծոյ հետ կեանքը կը գտնէ փրկութիւն» յարեց ապա Լեւոն ԺԴ Պապը նկատել տալով որ Աստուծոյ նախախնամական սէրը երկրի վրայ կը յայտնուի ծնողներու ընդմէջէն, որոնք հաւատք կը խնդրեն իրենց զաւակներուն համար։

«Վստահ պիտի գայ օրը` որ անոնք պիտի ըլլան աւելի ծանր ու կարող պիտի չըլլաք զանոնք կրելու ձեռ բազուկներուն մէջ։ Պիտի գայ նաեւ օրը որ անոնք ձեզի հոգ պիտի տանին» յարեց Սրբազան Պապը յիշեցնելով` որ Սուրբ Մկրտութիւնը սուրբ նշան մըն է, որ մեզ կը միացնէ Եկեղեցւոյ միակ ընտանիքին մէջ եւ կը սրբացնէ ընտանիքները։

Ջուրը, սպիտակ զգեստը, մոմը

«Քիչ ետք մեր կատարելիք ժեստերը գեղեցիկ վկայութիւններ են. Ճակտին վրայ ջուրը Հոգիի մաքրագործումն է, որ կը մաքրէ մեզ բոլոր մեղքերէն. Սպիտակ զգեստը նոր հագուստն է զոր հայր Աստուած մեզի կը պարգեւէ իր Արքայութեան յաւիտենական տօնին համար։ Մոմը որ վարուած է Զատկական մորմէն յարուցեալ Քրիստոսին լոյսն է, որ կը լուսաւորէ մեր ճանապարհը» ըսաւ ապա Քահանայապետը մանուկներուն մաղթելով որ իրենց ուղեւորութիւնը շարունակեն ուրախութեամբ այն վստահութեամբ որ Տէրը պիտի ուղեկցի անոնց քայլերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2026, 09:57