Լեւոն ԺԴ. Վատիկանի պարտէզներուն մէջ օրհնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի խճանկարը եւ Լիմայի Սրբուհի Ռոզայի արձանը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
31 Յունուար 2026-ի կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ մասնակցեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած մէկ խճանկարի եւ Լիմայի Սրբուհի Ռոզայի արձանի օրհնութեան արարողութեան, ի ներկայութեան Փերույի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի անդամներուն, Սուրբ Աթոռի մօտ Փերույի դեսպանին եւ Վատիկանի Քաղաք-Պետութեան կառավարութեան նախագահին:
Հաւատքի եւ բարեկամութեան կապեր
Ողջունելով ներկաները Սրբազան Պապը հաստատեց թէ «այս ժեստը կը նորոգէ խոր հաւատքի եւ բարեկամութեան կապերը, որոնք Փերուն - երկիր, որ ինձ այնքան սիրելի է - կը միացնեն Սուրբ Աթոռին հետ», ապա ակնարկեց վայրին` որուն մէջ կը գտնուին, «ուր ամէն ինչ կը խօսի Արարիչի եւ արարածի գեղեցկութեան մասին», որմէ մեկնելով շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտներուն, որոնք ստեղծած են այդ գործերը, եւ բոլոր անոնց, որոնց աշխատանքով կարելի եղաւ իրականացնել այդ ուրախ իրադարձութիւնը:
Ան ողջունեց նաեւ համայն Սալեզեան ընտանիքը, որուն այսօր կը յիշատակուի հիմնադիր Սուրբ` Սուրբ Յովհաննես ՊոսՔոյի տօնը։
Քրիստոնեաներու Սրբութեան կոչումը
«Երկու կերպարները, որ մենք այսօր կը տեսնենք, մեր երկնաւոր Մայրը եւ Լատին Ամերիկայի առաջին սուրբ՝ Ռոզա տէ Լիման, մեզ կը վերադարձնեն սրբութեան թեմային» ըսաւ Քահանայապետը մէջբերելով Վատիկանի Բ. Տիեզերական ժողովին խօսքերը ուր հաստատուած է թէ «բոլոր անոնք, որոնք կը պատկանին Քրիստոսի եկեղեցիին, անկախ իրենց դիրքի եւ կարգավիճակի, կոչուած են քրիստոնէական կատարելութեան եւ սիրոյ: Այդ կատարելութեան հասնելու համար հաւատացեալները պէտք է օգտագործեն այն ուժերը, որոնք Քրիստոս իրենց տուած է, որպէսզի հետեւելով անոր օրինակին եւ դառնալով անոր պատկերը, ամբողջութեամբ հնազանդ ըլլալով Հօր կամքին, իրենց ամբողջ սրտով նուիրուին Աստուծոյ Փառքին եւ մերձաւորի ծառայութեան: Այդպէս Աստծոյ ժողովրդի սրբութիւնը առատ պտուղներ կու տայ, ինչպէս այդ մէկը փառահեղօրէն կ'երեւի Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ բազմաթիւ սուրբերու կեանքով» (Շնորհակալական Սահմանադրութիւն Lumen Gentium, n. 40):
Սրբութեան վկաները ըլլալու կոչ
«Սիրելի բարեկամներ, այս գեղեցիկ պատկերները, որոնք մենք այսօր կը տեսնենք, մեզի կը յիշեցնեն այն մեծութիւնը, որուն Աստուած մեզ կոչած է, այսինքն, սրբութեան ընդհանուր կոչումը: Ես ձեզ կը քաջալերեմ, որ Աստուծոյ շնորհքով դուք այսօրուան աշխարհի մէջ ըլլաք այդ սրբութեան վկան եւ օրինակը» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով «Որովհետեւ այդ է Աստծոյ կամքը. մեր սեփական սրբացումը (տես 1 Թես 4,3; Եփես 1,4), ապա նախ քան իր օրհնութիւնը շնորհելը խօսքը աւարտեց հայցելով` որ Սուրբ Կոյս Մարիամը եւ բոլոր սուրբերը օրհնեն մեր ճանապարհը դէպի երկինք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
