Լեւոն ԺԴ. Վենեզուելա. բռնութեան յաղթահարում՝ երկրի ինքնիշխանութեան երաշխաւորմամբ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի` 4 Յունուար 2026-ին արտասանած Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն եւ հեռուստակայաններու ու այլ լրատուամիջոցներու միջոցաւ աղօթքին հետեւողներուն ուզեց անգամ մը եւս իր մօտիկութիւնը արտայայտել բոլոր անոնց` որոնք սուգի ու ցաւի մէջ են անցեալ օրերուն Զուիցերիոյ մէջ պատահած ողբերգութեան պատճառաւ։
«Աղօթքս կ՜ապահովեցնեմ զոհուած երիտասարդներուն, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանիքներուն» ըսաւ Քահանայապետը։
Ան ապա նշեց` որ «Խոր մտահոգութեամբ լի սրտով կը հետեւի Վենեզուեյլայի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն»։
«Պէտք է` որ սիրելի Վենեզուելլայի ժողովուրդի բարեկեցութիւնը գերակշռէ միւս բոլոր նկատառումներուն վրայ և հանգեցնէ բռնութեան յաղթահարման, հետապնդելով արդարութեան ու խաղաղութեան ուղիներ, երաշխաւորելով Երկրի ինքնիշխանութիւնը, ապահովելով սահմանադրութեամբ ամրագրուած օրէնքի գերակայութիւնը, յարգելով իւրաքանչիւր անհատի ու բոլորի մարդու և քաղաքացիական իրաւունքները և աշխատելով միասին կառուցելու համար համագործակցութեան, կայունութեան և ներդաշնակութեան խաղաղ ապագայ մը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով դժուարին տնտեսական իրավիճակներէն տուժած ամենաաղքատ խաւին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու շարունակեց. «Ասոր համար կ՛աղօթեմ եւ ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթելու, մեր աղօթքը վստահելով Քորոմոթոյի Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ Սուրբ Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտէսին ու Քոյր Քարմեն Ռենտիլլէսին»։
Ողջունելէ ետք հրապարակ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց հրաւիրելով բոլորը հաւատք ունենալու խաղաղութեան Աստուծոյ վրայ ու խրախուսեց աղօթել եւ զօրակից ըլլալ պատերազմներու պատճառաւ տառապող ժողովուրդիններուն հետ: «Բոլորիդ բարի կիրակի» եղան Անոր եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
