Լեւոն ԺԴ. Հանդիպեցաւ Ֆինլանտայի Համամիութենական պատուիրակութեան. Միասնական Մկրտութիւնը հիմքն է որեւէ քրիստոնէական եղբայրութեան
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երկուշաբթի` 19 Յունուար 2026-ին, Սուրբ Հենրիկոսի տօնին առիթով, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Ֆինլանտայի համամիութենական պատուիրակութեան անդամները, որոնք ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ, եւ այս առիթով անոնց փոխանցած ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտը դրաւ քրիստոնէական յոյսի եւ համամիութենական ուղիի կարեւորութեան վրայ։
«Մէկ է մարմինը եւ մէկ է հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը որուն կոչուած էք»։
Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք պատուիրակութեան անդամներուն յատուկէն յիշեց Թուրքոյի Աւագ Թեմին 750 ամեակը եւ այս առընչութեամբ Ֆինլանտայի նախագահին ուղղած պատգամը, մէկիկ մէկիկ յիշելով ներկաները ու իր շնորհակալական խօսքը փոխանցելով անոնց։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթուան ընթացքին, որ սկիզբ առաւ երէկ եւ կ՛աւարտի 25 Յունուարին, որուն այս տարուայ նիւթը ներշնչուած է Սուրբ Պօղոս առաքեալի խօսքերէն՝ «Մէկ է մարմինը եւ մէկ է հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը որուն կոչուած էք»։
Միասնական Մկրտութիւնը հիմքն է որեւէ քրիստոնէական եղբայրութեան
«Այս յոյսը իր խոր արմատները ունի մեղքերու թողութեան համար միակ Մկրտութեան մէջ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. մատնանշելով` Նիկիոյ «հաւատոյ հանգանակին» եւ ընդգծելով թէ «միասնական Մկրտութիւնը հիմքն է որեւէ քրիստոնէական եղբայրութեան» եւ թէ Յոյսին նուիրուած Յոբելեանի աւարտին քրիստոնեաներուն առաքելութիւնը կը շարունակէ մնալ աշխարհին տանիլ Տիրոջ լոյսն եւ մխիթարութիւնը` որպէս յոյսի պատգամաւորներ, վկայելով Յիսուս Քրիստոսի փրկարար շնորհքին ճշմարտութիւնը։
Ֆինլանտան համամիութեան տիպար
Քահանայապետը առ այդ գնահատեց Ֆինլանտայի «համամիութեան» տիպար ըլլալը, ակնարկելով, Լուտերականներու, Օրթոտոքսներու եւ Կաթողիկէներու ստորագրութեամբ եռակողմ յայտարարութեան, որով անոնք կը ջանան` խթանել «յոյսի, արժանապատւութեան եւ կարեկցութեան մշակոյթ մը» ինչպէս նաեւ «Ազգային կաթողիկէ-լուտերական երկխօսութեան փաստաթուղթին», որ անկիւնաքար մը համարուած է համամիութենական ուղեւորութեան համար։
«Այս համագործակցութեան օրինակները, եւ Սուրբ Էնրիկոսին տօնը միասնաբար տօնելու հին աւանդութիւնը խօսուն նշաններ են պտղաբեր եւ շօշափելի համամիութեան մը, ու կարող են ծառայել քաջալերելու համար Կաթողիկէ Լուտերական Միջազգային Երկխօսութեան վեցերորդ փուլը, որ սկիզբ պիտի առնէ եկող ամսուայ մէջ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. բոլոր ներկաներուն հաւաստիացնելով իր աղօթքները ու անոնց վրայ հայցելով Ամենակալ Աստուծոյ օրհնութիւնները, ապա «Քրիստոսի մէջ բարեկամութեան որպէս նշան» հրաւիրեց բոլորը միասնաբար աղօթելու Հայր Մեր Տէրունական աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
