Լևոն ԺԴ. Պապը բացումը կատարեց «քոնչիսթորոյին». Օգնեցէք ինծի Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութեանս մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` եօթը Յունուարի կէսօրէն ետքը Լեւոն ԺԴ. Պապը ելոյթով մը բացումը կատարեց իր իսկ գումարած Քահանայապետութեան Կարդինալական արտակարգ Ժողովին, որուն առիթով ան խորհրդածեց Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին ու միութեան եւ սիրոյ կարեւորութեան վրայ։
Չորս նիւթեր
Այս ընելով Ան նախ յղում կատարեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովին ու իր նախորդներուն արտասանած խօսքերուն, ընդգծելով Քրիստոսի բարեգործութեան և քրիստոնեաներու միջև միութեան կարևորութիւնը, որոնցմէ մեկնելով Ան հրաւիրեց ներկաները աշխատելու միասին, Եկեղեցւոյ մէջ ամրապնդելու համար հաղորդութիւնը ու համախմբումը եւ խորհրդածելու չորս կարեւոր նիւթերու մասին. Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այսօրուայ աշխարհին մէջ, Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը, Սիւնհոդոսականութիւնը եւ ծէսը։
Աստուծոյ սէրը
Սրբազան Պապը ընդգծեց` որ մարդիկը դէպի Քրիստոսին տանող ուժը Աստուծոյ սէրն է, որ մարմնացաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ եւ շնորհուած է Եկեղեցւոյ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։
«Այն չափով, որ մենք կը սիրենք զիրար ինչպէս, որ Քրիստոս մեզ սիրեց, մենք անորն ենք, մենք անոր համայնքն ենք և ան կարող է շարունակել մեզ ներքաշել։ Իրօք, «միայն սէրն է հաւատալի, միայն սէրը արժանի է հաւատքի» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Միութիւնը գրաւիչ է, մինչ բաժանումը կը ցրուէ
Ան ապա հաստատեց` որ «միութիւնը գրաւիչ է, մինչ բաժանումը կը ցրուէ» ու թէ այս սկզբունքը վաւեր է նաեւ Եկեղեցւոյ համար։ Որովհետեւ միսիոնար Եկեղեցի մը ըլլալու համար հարկաւոր է ի գործ դնել սիրոյ պատուիրանը` ինչպէս Յիսուս մեզ սիրեց։
Քահանայապետը առ այդ կարդինալներուն հրաւէր ուղղեց «Ժողովը» ապրելու որպէս հաղորդութեան իսկական վարժութիւն՝ զիրար ճանչնալով, երկխօսութեան մէջ մտնելով, զիրար լսելով, տարբեր ծագումներու, մշակոյթներու և փորձառութիւններու հարստութիւնը գնահատելով։
Հաղորդութիւն եւ միութիւն որպէս վկայութիւն
«Մենք բազմազան խումբ մըն ենք, հարստացած բազմաթիւ ծագումներով, մշակոյթներով, եկեղեցական և սոցիալական աւանդոյթներով, կրթական և ակադեմիական ծագումով, հովուական փորձառութիւններով և, ի հարկէ, անհատականութիւններով ու յատկանիշներով» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «մենք առաջին հերթին կոչուած ենք հասկանալ զիրար եւ և խօսելու միասին, որպէսզի կարողանանք միասին աշխատիլ Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ»։ Ան ապա յոյս յայտնեց որ անոնք աճին հաղորդութեան մէջ՝ առաջարկելով խմբային աշխատանքի ձեւը։
Համագործակցութեան եւ ծառայութեան նոր ուղեւորութիւն մը
Նորին Սրբութիւնը բացատրեց թէ այս երկու օրերու ընթացքին պիտի քննարկուին միայն երկու նիւթեր ու թէ անոնց մասին առաջարկները պիտի ներկայացնեն տեղական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Ան այս ուղղութեամբ խօսեցաւ փոխադարձ ունկնդրութեան կարեւորութեան մասին ու նաեւ եղբայրութեան ու միասնական աշխատանքի մասին, ժողովականներէն խնդրելով որ արտայայտեն իրենց տեսակէտը յստակ եւ հակիրճ կերպով, նպատակ ունենալով յառաջ մղել զրոյց մը, որ Քահանայապետին օգնէ իր առաքելութեան մէջ, ի սպաս Եկեղեցւոյ ու սկսիլ համագործակցութեան եւ ծառայութեան նոր ուղեւորութիւն մը։
Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ, ներկաներուն եւ անոնց ներդրումներուն համար հայցելով` Եկեղեցւոյ Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամի աջակցութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
