«Կանգ առնել՝ լսելու համար Տիրոջ ձայնը». Քահանայապետին պատգամը կարդինալներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 8 Յունուարի առաւօտեան, Կարդինալական արտակարգ ժողովի ծիրէն ներս, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը գլխաւորեց Համապատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլոր կարդինալները։
Ժողովի ոգին. Միութիւն, աղօթք եւ ծառայութիւն
Արտասանած Քարոզին մէջ Քահանայապպետը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց «սիրենք զիրար, որովհետեւ սէրը Աստուծմէ է» պատգամին վրայ՝ արժեւորելով Կարդինալական Արտակարգ Ժողովի (Concistoro) նշանակութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նշեց որ «Consistorium» բառը կը բխի «consistere» արմատէն, որ կը նշանակէ «կանգ առնել» մատնանշելով որ այս դադարը մարգարէական արարք է այսօրուայ տագնապալից աշխարհին մէջ, ուր Եկեղեցւոյ հովիւները կը դադրեցնեն իրենց առօրեայ գործերը՝ միասին ըլլալու, աղօթելու եւ Տիրոջ կամքը փնտռելու համար։
Ժողովը սոսկ մասնագէտներու հաւաք մը չէ, այլ հաւատքի համայնք մը ուր մասնակիցները հրաւիրուած են հրաժարելու անձնական կամ խմբակային «օրակարգերէ» եւ իրենց մտածումները դնելու Սուրբ Խորանին վրայ, յարեց ապա Քահանայապետը աւելցնելով թէ «ինչպէս հացը կը դառնայ մէկ մարմին Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, այնպէս ալ անոնց զանազան ձիրքերը պէտք է ձուլուին ու վերածուին միասնական ծառայութեան՝ ի նպաստ Աստուծոյ ժողովուրդին»։
Կանգ առնելը սիրոյ արարք է, որ թոյլ կու տայ լսել Սուրբ Հոգիին ձայնը եւ զիրար՝ խոնարհութեամբ ու երախտագիտութեամբ։ Այն ամէնը, որ ունինք, Աստուծմէ ստացուած տաղանդ է, որ պէտք է ներդրուի քաջութեամբ, ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ.։
Եկեղեցւոյ բազմակողմանի գեղեցկութիւնը
Յղում կատարելով Սուրբ Լեւոն Մեծին՝ Սրբազան Պապը հաստատեց, որ երբ Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները կը գործակցին նոյն ոգիով, կարիքաւորները կը կշտանան եւ հիւանդները կը խնամուին։ Ասիկա Եկեղեցւոյ «բազմակողմանի գեղեցկութիւնն» է, ուր տարբեր տարիքի եւ ծագումի մարդիկ կը միանան նոյն շնորհքին շուրջ։
Նորին Սրբութիւնը նշեց` որ աշխարհի մեծածաւալ կարիքներուն առջեւ՝ խաղաղութեան եւ արդարութեան քաղցին դիմաց, մենք կրնանք մեզ անկարող զգալ, ինչպէս աշակերտները՝ հացի բազմացումի ժամանակ, սակայն Յիսուս կը հարցնէ. «Քանի՞ հաց ունիք»։ Մեր պարտականութիւնն է գտնել այդ «հինգ հացն ու երկու ձուկերը», զոր Նախախնամութիւնը միշտ կը հայթայթէ, եւ զանոնք բաշխել սիրով, որպէսզի ոչ մէկուն պակսի էականը եղաւ Քահանայապետին այլ մէկ յորդորը։
Հող ու փոշի ենք եւ մեր ամէն յաջողութիւն Աստուծոյ պարգեւն է
Ան ապա քարոզը աւարտեց Սուրբ Օգոստինոսի աղօթքով՝ յիշեցնելով, որ մենք հող ու փոշի ենք, եւ մեր ամէն յաջողութիւն Աստուծոյ պարգեւն է։
«Սիրելինե՛ր, այն ինչ որ դուք կը մատուցէք Եկեղեցւոյ ձեր ծառայութեան միջոցաւ, բոլոր մակարդակներու վրայ, մեծ բան մըն է՝ խորապէս անձնական ու վեհ, իւրայատուկ իւրաքանչիւրիդ համար եւ թանկագին՝ բոլորին համար. իսկ այն պատասխանատուութիւնը, զոր կը բաժնեկցիք Պետրոսի Յաջորդին հետ, լուրջ է եւ ծանրակշիռ։ Ասոր համար ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի, եւ կ’ուզեմ եզրափակել՝ մեր աշխատանքներն ու առաքելութիւնը Տիրոջ յանձնելով Սուրբ Օգոստինոսի հետեւեալ խօսքերով. «Բազմաթիւ շնորհներ պարգեւէ՛ մեր աղօթքներուն. նոյնիսկ անոնք, զորս ստացանք նախքան աղօթելը, Քու պարգեւներդ են, եւ զանոնք ստանալէ ետք ճանչնալն ալ Քու պարգեւդ է [...]: Յիշէ՛, Տէր, որ մենք հող ենք, եւ հողէն ստեղծեցիր մարդը» (Խոստովանութիւններ, 10, 31, 45)։ Հետեւաբար Քեզի կ’ըսենք. «Տո՛ւր ինչ որ կը հրամայես, եւ հրամայէ՛ ինչ որ կը կ՝ուզես»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
