Սամարացիի կարեկցանքը. սիրել՝ կրելով ուրիշին ցաւը. Լեւոն ԺԴ. Պապին Հիւանդներու Համաշխարհային Օրուան պատգամը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երեքշաբթի` 20 Յունուար 2026-ին ներկայացուեցաւ Հիւանդներու Համաշխարհային 34րդ Օրուան պատգամը, որ կը կրէ Լեւոն ԺԴ Պապին ստորագրութիւնը ու կը հանդիսանայ այս Օրուան նուիրուած առաջինը։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը կը սկսի յիշելով որ` Օրը որ կը յիշատակուի 11 Փետրուարին այս տարի պիտի կայանայ Փերույի Չիքլայօ քաղաքին մէջ ու թէ այս առիթով Ինք ուզած է այդ օրուայ պատգամին որպէս տիպար ներկայացնել Բարի Սամարացին` «սիրոյ եւ կարեկցանքի» խորհրդանիշը, որուն մասին պատմած է Ղուկաս Աւետարանիչը (Ղուկ. 10,25-37) եւ որ` ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հիւանդներու եւ տառապողներու վրայ, որպէս սիրուելիք «իսկական մերձաւորներ»։
Սրբազան Պապը դիտել կու տայ թէ ինք պատգամը առաջարկած է իրեն սիրելի նախորդ Ֆրանչիսկոս Պապի «Fratelli tutti» շրջաբերականի լոյսին տակ, ուր «կարեկցութիւնը եւ ողորմութիւնը հանդէպ կարիքաւորին, կ՜իրականանան յարաբերութեան մէջ` եղբօր հետ, անոնց որոնք հոգ կը տանին անոր եւ հիմնականին մէջ Աստուծոյ հետ, որ մեզի կը պարգեւէ իր սէրը։
Քահանայապետը առ այդ պատգամը կը ներկայացնէ երեք կէտերով. Հանդիպման պարգևը՝ մօտիկութիւն և ներկայութիւն տալու ուրախութիւն, Հիւանդներու խնամքի համատեղ առաքելութիւնը եւ միշտ մղուած Աստուծոյ հանդէպ սիրով հանդիպելու մենք մեզի եւ մեր եղբայրներուն։
Հանդիպման պարգեւը․ մերձենալ մերձաւորին՝ ներկայութեամբ եւ մօտիկութեամբ
Շտապողականութեամբ եւ անտարբերութեամբ յատկանշուած ընկերութեան մէջ Բարի Սամարացիի առակը մեզ կը հրաւիրէ վերագտնելու հանդիպման արժէքը։ Սամարացին չ՛ «անցնիր քովէն»․ ան կը կանգնի, կը նայի, կը մօտենայ եւ իր ժամանակը կը նուիրէ։ Այս պարզ, բայց խորունկ արարքին մէջ կը յայտնուի Յիսուսին ոճը, որ մեզի կը սորվեցնէ ոչ թէ ո՞վ է մերձաւորը, այլ թէ ի՞նչպէս դառնալ մերձաւոր, կը նշէ Լեւոն ԺԴ. բացատրելով` թէ «Մերձաւոր ըլլալը կախուած չէ ֆիզիկական հեռաւորութենէն կամ հասարակական դիրքէն, այլ սիրոյ ընտրութենէն»։
Իրական սէրը` կրաւորական չէ այլ կ՛երթայ դէպի միւսը, իր վրայ կը վերցնէ անոր տառապանքը եւ կը ներգրաւէ ամբողջ անձը։ Քրիստոնեայի համար տառապողին մօտենալը կը նշանակէ հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին՝ իսկական Սամարացիին, որ խոնարհեցաւ վիրաւոր մարդկութեան առջեւ՝ ինքզինք նուիրելով։
Ասիկա պարզ մարդասիրութիւն չէ, այլ սէր մը, որ ծնունդ կ՛ առնէ Յիսուսի հետ հանդիպումէն եւ ներկայ կը դարձնէ Անոր սէրը։ Ինչպէս Սուրբ Ֆրանչիսկոս կը յիշեցնէ, տառապողներուն դէմքին մէջ է, որ կը բացայայտուի սիրելու քաղցրութիւնը։ Այսպէս, մօտիկութեան եւ ներկայութեան մէջ, կը փորձենք այն հանդիպման ուրախութիւնը, որ կը բժշկէ եւ կը միաւորէ։
Հիւանդներուն խնամքին մէջ բաժնեկցուած առաքելութիւնը
Բարի Սամարացիի առակին մէջ Սուրբ Ղուկաս կը շեշտէ, թէ սամարացին «գթաց»`․ խոր զգացում մը, որ սրտէն կը բխի եւ անմիջապէս գործի կը վերածուի։ Իսկական գթութիւնը տեսական կամ զգացական չի մնար, այլ կը դառնայ գործնական սէր, որ կը մօտենայ, կը բուժէ վէրքերը եւ պատասխանատու կերպով կը ստանձնէ միւսին հոգատարութիւնը։
Այս սէրը, սակայն, երբեք միայնակ չէ։ Սամարացին կը ներգրաւէ պանդոկապահը՝ սկիզբ տալով բաժնեկցուած խնամքի։ Նոյն ձեւով նաեւ այսօր գթութիւնը կը ստանայ հասարակական չափանիշ. ընտանիքի անդամներ, դրացիներ, առողջապահական աշխատողներ, կամաւորներ եւ եկեղեցական համայնքներ միասին կը մասնակցին հիւանդներուն խնամքի առաքելութեան։ Այս յարաբերութիւններու հիւսուածքը կը գերազանցէ անհատական պարտաւորութիւնը եւ կը դառնայ իսկական եկեղեցական գործ։
Այսպէս հիւանդներուն խնամքը կը բացայայտէ ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ բարոյական առողջութիւնը։ «Մէկ ըլլալը Մէկին մէջ» կը նշանակէ մեզ ճանչնալ որպէս մէկ մարմինի անդամներ՝ միասին կրելով Քրիստոսի գթութիւնը։ Միւսին ցաւը օտար չէ, այլ եղբօր մը ցաւն է, որ Քրիստոսի ցաւին միացած՝ կը դառնայ հաղորդութեան եւ միութեան ուղի՝ բոլորին բարիքին համար։
Աստուծոյ սէրէն մղուած հանդիպիլ մենք մեզի եւ եղբօրը
«Սիրոյ երկակի պատուիրանը կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ սէրը իսկական մարդկային իւրաքանչիւր յարաբերութեան հիմքն է» կը հաստատէ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ.։
Ամբողջ էութեամբ Աստուած սիրելը անխուսափելիօրէն կը տանի մերձաւորը սիրելուն, որովհետեւ եղբայրական սէրը Աստուծոյ սիրոյ շօշափելի եւ ստուգելի նշանն է։ Ինչպէս Յովհաննէս առաքեալը կը սորվեցնէ, ով որ կը մնայ սիրոյ մէջ, Աստուծոյ մէջ կը մնայ, եւ Աստուած անոր մէջ կը բնակի։
Այս սէրերը՝ Աստուծոյ, մերձաւորի եւ մենք մեզի հանդէպ, թէեւ տարբեր են, բայց անբաժանելի։ Եղբօրը ծառայելը, մանաւանդ կարիքի եւ տառապանքի մէջ, կը դառնայ Աստուծոյ մատուցուած ամենաիսկական պաշտամունքը՝ զերծ անձնական շահերէ եւ փոխհատուցման տրամաբանութիւններէ։
Այս լոյսին տակ կը հասկնանք նաեւ մենք մեզ սիրելու իսկական իմաստը․ մեր արժանապատուութիւնը չկապելու յաջողութեան, իշխանութեան կամ դիրքի չափանիշներուն, այլ մեզ ճանչնալու որպէս սիրուած արարածներ, կանչուած՝ ապրելու Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հետ յարաբերութեան մէջ։
Եղբայրական սէրը վէրքերու իսկական դարման
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, «մարդկութեան վէրքերուն իսկական դարմանը եղբայրական սիրոյ վրայ հիմնուած կենսակերպ մըն է, որ իր արմատը ունի Աստուծոյ սիրոյ մէջ։ Անկեղծօրէն կը փափաքիմ, որ մեր քրիստոնէական կենսակերպին մէջ երբեք չպակսի այս եղբայրական, «սամարացիական», ներառական, քաջալերող, յանձնառու եւ զօրակցութեան չափանիշը, որ իր ամենախոր արմատը ունի Աստուծոյ հետ մեր միութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքին մէջ։ Այս աստուածային սիրով բոցավառուած՝ մենք իրապէս պիտի կարենանք մեզ նուիրել բոլոր տառապողներուն բարիքին համար, յատկապէս մեր հիւանդ, տարեց եւ նեղութեան մէջ գտնուող եղբայրներուն ու քոյրերուն» կը գրէ հուսկ Քահանայապետը պատգամի աւարտին` հրաւիրելով ապաւինելու Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ Հիւանդաց Առողջութիւն բարեխօսութեան առաջարկելով հին աղօթք մը` որ կ՛արտասանուէր հիւանդ ունեցող ընտանիքներուն մէջ.
Քաղցր Մայր, մի՛ հեռանար,
ինձմէ մի՛ շեղեր քու հայեացքդ։
Եկուր ինծի հետ ամէնուր
եւ երբեք մի՛ ձգեր զիս մինակ։
Դուն, որ միշտ կը պաշտպանես զիս
որպէս իմ իսկական Մայրս,
թող որ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին
օրհնեն զիս։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը կ՛եզրափակէ իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելով բոլոր հիւանդներուն, անոնց ընտանիքներուն ու բոլոր անոնց` որոնք խնամք կը տանին անոնց, ինչպէս նաեւ առողջապահական գործիչներուն ու առողջութեան հովուական խնամակալութեան գործին մէջ ներգրաւած անձերուն ու յատուկ կերպով բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին Հիւանդներու համաշխարհային Օրուան։
Տուեալ ի Վատիկան` 13 Յունուար 2026
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
