Պէտք ունինք, որ դէմքն ու ձայնը դարձեալ արտայայտեն անձը. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Շաբաթ` 24 Յունուար 2026-ին` լրագրողներու պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի տօնին օրը, հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին Ընկերային Հաղորդակցութեան 60-րդ համաշխարհային օրուան նուիրուած պատգամը` որուն բնաբանն է. «Պահպանել Մարդկային ձայներ և դէմքեր»։
Մարդկային ձայներն ու դէմքերը աստուածային պարգեւներ զոր պէտք է պահպանել
Պատգամին մէջ Քահանայապետը ընդգծած է մարդկային ձայներն ու դէմքերը պահպանելու կարեւորութիւնը, որոնք աստուածային պարգեւներ են եւ իւրաքանչիւր մարդ անհատի ինքնութեան անկրկնելի յայտնութիւն։ «Աստուած մարդը ստեղծեց որպէս իր խօսակիցը, իր դէմքին մէջ դրոշմելով աստուածային սիրոյ արտացոլումը, որպէսզի մարդը սէրով ապրի իր լիակատար մարդկայնութիւնը։ Մարդկային դէմքերն ու ձայները պահպանելը կը նշանակէ պահպանել այս անջնջելի դրոշմը։ Մենք նախապէս սահմանուած կենսաքիմիական ալկորիթմներ չենք, այլ իւրաքանչիւրս ունինք անկրկնելի կոչում մը, որ կը յայտնուի կեանքի մէջ եւ կը դրսեւորուի ուրիշներու հետ հաղորդակցութեան միջոցաւ» գրած է Քահանայապետը պատգամին մէջ ապա անդրադարձած է թուային արհեստագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան ընծայած հնարաւորութիւններուն բայց նաեւ անոնց ներկայացուցած վտանգներուն, որոնք կարող են արմատական կերպով փոխել մարդկային քաղաքակրթութիւնը, եթէ մենք ուշադիր չըլլանք ու պէտք եղածին պէս չպաշտպանենք մեր մարդկայնութիւնը։
Մարդաբանական մարտահրաւէրը
«Մարտահրաւէրը արհետագիտական չէ, այլ մարդաբանական» շեշտած է Լեւոն ԺԴ. կարեւոր նկատելով քաջութեամբ եւ խոհեմութեամբ ընդունիլ թուային արհեստագիտութիւնը եւ արհեստական բանականութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները՝ առանց սակայն թաքցնելու անոնց խնդիրներն ու վտանգները։
Չի հրաժարիլ սեփական մտածողութենէն
Ընկերային ցանցերու ալկորիթմները եւ արհեստական բանականութիւնը կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ մեր քննադատական եւ ստեղծագործ մտածողութեան կարողութեան վրայ։ Եթէ չափազանց վստահինք այս արհեստագիտութիւններուն, վտանգը կայ` որ կորսնցնենք մեր մտածելու եւ ստեղծելու կարողութիւնը։ Ստեղծագործ բովանդակութեան արտադրութիւնը՝ ինչպիսիք են գրութիւնները, երաժշտութիւնը եւ տեսանիւթերը, աստիճանաբար կը փոխանցուի մեքենաներուն ձեռքը՝ մարդը վերածելով պարզ, կրաւորական սպառողի։
Հարցը այն չէ թէ ինչ կրնայ ընել մեքենան, այլ թէ ինչ կրնանք ընել մենք
Իրական հարցը այն չէ թէ ինչ կրնայ ընել մեքենան այլ, թէ մենք՝ որպէս մարդիկ, ի՞նչ կրնանք ընել մարդկայնութեան եւ գիտելիքի մէջ աճելու համար՝ խոհեմ կերպով օգտագործելով արհեստագիտական գործիքները։ Ստեղծագործ գործընթացէն հրաժարիլը եւ մեր մտային գործառոյթներն ու երեւակայութիւնը մեքենաներուն յանձնելը կը նշանակէ կորսնցնել մեր ինքնութիւնը եւ ուրիշներու հետ կապ հաստատելու կարողութիւնը։
Չթաքցնել մեր դէմքը եւ չլռեցնել մեր ձայնը
Կարեւոր է չթաքցնել մեր դէմքը եւ չլռեցնել մեր ձայնը, այլ օգտագործել արհեստագիտոթիւնը՝ մեր ստեղծագործութիւնը եւ մարդկայնութիւնը արտայայտելու համար։ Միայն այսպէս կրնանք աճիլ որպէս անձեր եւ պահպանել մեր արժանապատուութիւնը։
Յարաբերութիւններու եւ իրականութեան նմանակում
Թուային արհեստագիտոթիւնը կը փոխէ ուրիշներու հետ մեր հաղորդակցութեան ձեւը եւ իրականութեան ընկալումը։ Զրուցային ծրագրերը (չաթպոթներ) եւ արհեստական բանականութեան համակարգերը կրնան նմանակել մարդկային զգացումները եւ յարաբերութիւններ ձեւացնել, սակայն այս մէկը կրնայ խաբուսիկ ըլլալ եւ բացասական հետեւանքներ ունենայ մեր զգացական ու հասարակական կեանքին վրայ։
Խեղաթիւրումի վտանգը
Արհեստական բանականութեան համակարգերը կրնան ձեռնավարել մեր մտածումները եւ շարունակել արդէն գոյութիւն ունեցող հասարակական անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները։ Ալկորիթմերու նախագծման մէջ թափանցիկութեան պակասը եւ տուեալներու ոչ բաւարար հասարակական ներկայացուածութիւնը կրնան մեզ փակել այնպիսի ցանցերու մէջ, որոնք կը ձեռնավարեն մեր մտքերը։
Իրականութիւնը յօրինուածէն զատորոշելու դժուարութիւնը
Արհեստական բանականութիւնը կրնայ մեզ մոլորեցնել՝ ստեղծելով զուգահեռ «իրականութիւններ» եւ իւրացնելով մեր դէմքերն ու ձայները։ Ասիկա կրնայ յանգեցնել անվստահութեան եւ անապահովութեան աճին, յատկապէս երբ չենք կրնար ստուգել աղբիւրները եւ զատորոշել իրականութիւնը յօրինուածէն։
Աւելի մեծ գիտակցութեան անհրաժեշտութիւնը
Կարեւոր է առ այդ գիտակից ըլլալ յարաբերութիւններու եւ իրականութեան նմանակման վտանգներուն ու հետեւանքներուն։ Պէտք է սորվինք արհեստագիտութիւնը օգտագործել քննադատական եւ պատասխանատու կերպով, որպէսզի չկորսնցնենք ուրիշներու հետ յարաբերուելու եւ իրականութիւնը իսկական կերպով ընկալելու մեր կարողութիւնը։
Թուային նորարարութիւնը առաջնորդելու հնարաւոր դաշինք մը
Թուային նորարարութեան մարտահրաւէրը կը պահանջէ պատասխանատու առաջնորդութիւն եւ անոր երկդիմի բնոյթին աւելի մեծ գիտակցութիւն։
Անհրաժեշտ է ուստի ստեղծել դաշինք մը՝ ներգրաւելով բոլոր շահագրգիռ ոլորտները, որպէսզի ուղղորդուի թուային նորարարութիւնը եւ արհեստական բանականութեան կառավարումը։ Այս դաշինքը պէտք է հիմնուի երեք սիւներու վրայ՝ պատասխանատուութիւն, համագործակցութիւն եւ կրթութիւն։
Պատասխանատուութիւն
Ներգրաւուած բոլոր դերակատարները՝ առցանց հարթակներէն մինչեւ օրէնսդիրները, ձեռնարկութիւններէն մինչեւ լրագրողները, պատասխանատուութիւնն ունին մարդկային արժանապատուութիւնը եւ հասարակաց բարիքը խթանելու մէջ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ գործարար ռազմավարութիւնները պէտք չէ առաջնորդուին միայն շահոյթով, այլ նաեւ հեռատես տեսլականով մը, որ հաշուի առնէ հասարակաց բարիքը։
Համագործակցութիւն
Ոչ մէկ ոլորտ կրնայ միայնակ դիմագրաւել թուային նորարարութեան մարտահրաւէրը։ Անհրաժեշտ է ստեղծել պաշտպանական մեխանիզմներ եւ ներգրաւել բոլոր շահագրգիռ կողմերը՝ գիտակից եւ պատասխանատու թուային քաղաքացիութիւն մը կառուցելու համար։
Կրթութիւն
Կրթութիւնը հիմնարար է մեր քննադատական մտածողութեան կարողութիւնները զարգացնելու եւ աղբիւրներու հաւաստիութիւնը գնահատելու համար։
Կարեւոր է արհեստական բանականութեան գրագիտութիւնը ներառել կրթական համակարգերու մէջ՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ, օգնելու համար մարդը, որ քննադատական եւ պատասխանատու կերպով կարողանայ օգտագործել արհեստագիտութիւնը։
Թուային եւ արհեստական բանականութեան գրագիտութեան կարեւորութիւնը
Անյապաղ անհրաժեշտ է թուայնային, լրատուական եւ ԱԲ գրագիտութիւնը ներդնել կրթական համակարգերուն մէջ՝ բոլոր մակարդակներով, որպէսզի մարդիկ կարողանան հասկնալ եւ արհեստագիտութիւնը օգտագործել քննադատ եւ պատասխանատու կերպով։ Որպէս կաթոլիկներ, մենք կարող ենք եւ պէտք է մեր ներդրումը բերել՝ խթանելու համար քննադատական մտածողութեան կարողութիւն եւ հոգւոյն ազատութիւնը, գլխաւորաբար երիտասարդներուն մէջ։
Թուային գրագիտութեան օգուտները
Թուային գրագիտութիւնը կ՛ օգնէ բոլորին՝
ԱԲ համակարգերը դիտարկել որպէս գործիքներ եւ ոչ թէ ինքնուրոյն գործող էակներ
Կիրառել աղբիւրներու արտաքին ստուգում՝ անճիշտ կամ սխալ տեղեկութիւններէ խուսափելու համար
Պաշտպանել սեփական գաղտնիութիւնը եւ տուեալները՝ ծանօթ ըլլալով անվտանգութեան կարգաւորումներուն եւ բողոքարկման հնարաւորութիւններուն
- Խուսափիլ արհեստագիտութեան վնասակար օգտագործումներէն, ինչպիսիք են թուային խարդախութիւնը, կիբեռ-բռնարարութիւնը եւ deepfake-երը
Անհրաժեշտութիւն ապագայի համար
Թուային յեղափոխութիւնը կը պահանջէ թուային գրագիտութիւն՝ հասկնալու համար, թէ ինչպէս ալկորիթմները կը ձեւաւորեն մեր իրականութեան ընկալումը եւ ինչպէս կը գործեն ԱԲ-ի նախապաշարումները։ Կարեւոր է առ այդ կրթել եւ մենք զմեզ կրթել՝ արհեստական բանականութիւնը գիտակցուած կերպով գործածելու եւ արհեստագիտութեան վնասակար օգտագործումներէն խուսափելու համար։
Հաղորդակցութեան ապագան
«Մենք Պէտք ունինք, որ դէմքն ու ձայնը դարձեալ արտայայտեն անձը։ Պէտք է պահպանենք հաղորդակցութեան պարգեւը որպէս մարդու ամենախոր ճշմարտութիւնը, որուն ուղղուած պէտք է ըլլայ նաեւ իւրաքանչիւր արհեստագիտական նորարարութիւն» գրած է Լեւոն ԺԴ. պատգամի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց` որոնք արդեն կը գործեն վերեւ նշուած նպատակներուն համար եւ իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր անոնց, որոնք հաղորդակցութեան միջոցներով կ՜աշխատին ի նպաստ հասարակաց բարիքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
