Որոնել

2026.01.31 Il cardinale Oscar Cantoni con gli atleti, i volontari e le società sportive impegnate nella preparazione dei Giochi Olimpici invernali di Milano-Cortina

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատգամը «Միլանօ-Քորթինա» ձմեռային ողիմպիական խաղերու առիթով

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը յատուկ պատգամով իր զօրակցութիւնը յայտնած է «Միլանօ-Քորթինա» ողիմպիական խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած Պորմիոյի շրջանի բնակչութեան՝ շեշտելով մարզական արժէքներու եւ ընկերային ներառման կարեւորութիւնը: Սրբազան Հայրը յորդորած է տեղական ծխական համայնքները՝ այս իրադարձութիւնը ապրելու քրիստոնէական առատաձեռն վկայութեամբ եւ զայն վերածել եղբայրութեան ու հանդիպման բացառիկ առթիւ
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ողջոյնի եւ օրհնութեան յատուկ պատգամ մը յղած է Քոմոյի եպիսկոպոս՝ Կարդինալ Օսքար Քանթոնիին, որուն միջոցաւ իր զօրակցութիւնը յայտնած է «Միլանօ-Քորթինա» ձմեռնային ողիմպիական խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ ներգաւուած Պորմիոյի շրջանի հաւատացեալներուն եւ բնակչութեան։

Պետական Քատուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ հրապարակուած հեռագիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատած է այս մարզական մեծ իրադարձութեան շուրջ տիրող եռանդուն գործակցութիւնը։ Քահանայապետը յոյս յայտնած է, որ Ողիմպիական խաղերը պատշաճ առիթ մը հանդիսանան մարզաշխարհի վեհ արժէքներուն խթանման համար, ինչպէս են՝ հաւատարմութիւնը, յարգանքը, խմբային աշխատանքի ոգին եւ զոհողութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային ներառումն ու հանդիպման բերկրանքը։

Նորին Սրբութիւնը յատուկ կոչ ուղղած է տարածաշրջանի ծխական համայնքներուն՝ յորդորելով զանոնք այս կարեւոր հանգրուանը ապրիլ մեծ պատրաստակամութեամբ։

Հեռագիրին աւարտին, Սրբազան Հայրը հայցած է երկնային շնորհքներ եւ շնորհած է Իր առաքելական օրհնութիւնը՝ որպէս յարատեւ աղօթի եւ հոգեւոր քաջալերանքի գրաւական։

Նշենք, թէ Քահանայապետի պատգամը պիտի կարդացուի, Պորմիօ շրջանի եկեղեցւոյ մէջ Կարդինալ Օսքար Քանթոնիի գլխաւորութեամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2026, 19:10