Պրիւքսելի Մայր Տաճարը Պրիւքսելի Մայր Տաճարը  (ANSA)

«Դառնալ Աստուծոյ տունը». Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Պրիւքսէլի Մայր տաճարի հիմնադրման 800-ամեակի առթիւ

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը նշանակեց որպէս իր պատուիրակ՝ Պրիւքսէլի Մայր Տաճարի հիմնադրման 800-ամեակի հանդիսութեանց համար, վեր առնելով սրբավայրին պատմական ու աշխարհագրական կարեւորութիւնը: Իր նամակին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտեց քարեղէն տաճարէն անդին հոգեւոր տուն դառնալու հրամայականը՝ մաղթելով, որ տաճարին արտաքին գեղեցկութիւնը արտացոլուի հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պաշտօնական նամակով հաստատեց Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի՝ Վատիկանի Պետական Քարտուղարի նշանակումը, որպէս Պապական Պատուիրակ։ Այս նշանակումը կատարուեցաւ Պրիւքսէլի Սուրբ Միքայէլ եւ Սուրբ Գուտուլա համա-աթոռանիստ Մայր Տաճարի հիմնադրման 800-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութեանց առիթով, որոնք նախատեսուած են 11 յունուար 2026-ին։

Քահանայապետը նամակին սկիզբը կը ներկայացնէ տաճարի պատմական նշանակալից անցեալը։ Ան կը յիշեցնէ, որ 1226 թուականին Պրապանթի Հենրի Բ. դուքսը ձեռնարկեց այս վեհաշուք կառոյցի շինութեան՝ այնպիսի վայրի մը մէջ, ուր դեռ հազարերորդ թուականէն կանգնած էր Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետին նուիրուած մատուռ մը։ Այս սրբավայրը կը գտնուի աշխարհագրական կարեւոր կէտի մը վրայ, ուր կը խաչաձեւուէին Գերմանիա եւ Ֆրանսա տանող գլխաւոր ճամբաները։ Ժամանակի ընթացքին տաճարը զարդարուեցաւ իր ներկայ գեղեցկութեամբ եւ ստացաւ Մեխելեն-Պրիւքսէլի արքեպիսկոպոսութեան աթոռանիստի կոչումը։

Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ շեշտեց, թէեւ մենք կը կառուցենք քարեղէն տաճարներ աղօթքի համար, սակայն մեր գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ ինքնին դառնալ Աստուծոյ տունը։ Ինչպէս քարերն ու փայտերը կը տաշուին ու կը յղկուին վարպետներու ձեռքով, այնպէս ալ հաւատացեալները մկրտութեան եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան միջոցով կը ձեւաւորուին որպէս հոգեւոր կառոյցի տարրեր։ Սակայն, ըստ Պապի պատգամին, այդ կառոյցը միայն այն ատեն կը դառնայ Աստուծոյ տուն, երբ անհատները սիրով կը միանան իրարու։

Ընդառաջելով տեղւոյն հովուապետ՝ Արքեպիսկոպոս Լուքաս Թերլինտենի փափաքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Կարդինալ Փարոլինին կը վստահի իր ձայնն ու ներկայութիւնը փոխանցելու առաքելութիւնը։

Քահանայապետը նամակը կ՝աւարտէ մաղթանք յայտնելով որ այն արտաքին վայելչութիւնն ու գեղեցկութիւնը, որ տեսանելի է տաճարի պատերուն վրայ, հոգեւորապէս իրականութիւն դառնայ նաեւ հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ ու կը շնորհէ իր Առաքելական Օրհնութիւնը՝ որպէս երկնային շնորհքի եւ խաղաղութեան գրաւական։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2026, 11:08