Միայն Տէր Յիսուս մեզի իրական խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը բերէ․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Հետեւեալ օրը Յովհաննէս դարձեալ կայնած էր, եւ իր աշակերտներէն երկուքը նայելով Յիսուսի՝ որ կը քալէր, ըսաւ. «Ահա՛ Աստուծոյ Գառը»: Երկու աշակերտները լսեցին անկէ՝ երբ կը խօսէր, ու հետեւեցան Յիսուսի: Երբ Յիսուս դարձաւ եւ տեսաւ թէ անոնք կը հետեւէին իրեն, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կը փնտռէք»:»։
Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած այս խօսքերը (36-38) առանցքը կազմեցին այսօր՝ 2 Յունուար 2026 թուականին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետի՝ SEEK26 համաժողովներու մասնակիցներուն ուղղած լսատեսողական պատգամին։
Յիսուսի այս հարցադրումը ուղղուած էր Անդրէասին եւ անոր եղբօր Սիմոնին (Պետրոս)։ «Յիսուս այս հարցումը կ’ուղղէ իր աշակերտներուն, քանի որ կը ճանչնայ անոնց սրտերը։ Անոնք անհանգիստ էին, լաւ իմաստով։ Չէին ուզեր բաւարարուիլ կեանքի սովորական ընթացքով, բաց էին Աստուծոյ առաջ եւ իմաստ փնտռելու մեծ ցանկութիւն ունէին», բացատրեց Նորին Սրբութիւնը իր լսատեսողական պատգամին սկիզբը՝ նկատել տալով, որ Յիսուս նաեւ այսօրեայ հանդիպումի իւրաքանչիւր մասնակցին կ’ուզէ այս հարցումը ուղղել․
«Սիրելի՛ երիտասարդներ, ի՞նչ կը փնտռէ՞ք։ Ինչո՞ւ կը մասնակցիք այս համաժողովին։ Հնարաւոր է՝ ձեր սրտերը նոյնպէս անհանգիստ են՝ փնտռելով իմաստ եւ ինքնաբաւութիւն, կեանքի ուղղութիւն։ Պատասխանը կարելի է գտնել մէկ անձի մէջ։ Միայն Տէր Յիսուս մեզի իրական խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը բերէ», հաստատեց ուստի Լեւոն ԺԴ․։
Միսիոնարական եռանդ
Յիսուսի աշակերտները, որոնք սկիզբը Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտներն էին, կը ցանկանային անձամբ ճանչնալ Յիսուս։ Անոր հանդիպելէն ետք Անդրէաս, ոգեւորութեամբ յայտարարեց որ գտած է Մեսիան եւ պատմեց այդ մասին իր եղբօր Սիմոնին։ Ըստ Քահանայապետին, այս օրինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Քրիստոսին հետ հանդիպումը մղեց դէպի հաւատքով ուրիշներու հետ բաժնեկցելու ցանկութիւն, որ թաքնուած է միսիոնարական եռանդի մէջ։
Լեւոն ԺԴ․ հետեւաբար վստահեցուց, որ կ’աղօթէ որպէսզի այս համաժողովը ամէնքը մղէ նոյն միսիոնարական եռանդով կիսուիլ շրջապատի մարդոց հետ Տիրոջ հետ իսկական հանդիպումէն ստացած նոյն ուրախութեամբ։
Սրտի խորագոյն ցանկութիւնները վստահիլ Աստուծոյ
Իւրաքանչիւր մարդ կոչուած է տարբեր կոչումներու, ինչպէս քահանայութիւնը, կրօնական կեանքը, ամուսնութիւնը կամ ընտանեկան կեանքը, հաստատեց ապա Պապը եւ երիտասարդները խրախուսեց աղօթքի միջոցաւ սրտի խորագոյն ցանկութիւնները վստահիլ Աստուծոյ եւ Անոր առաջնորդութեան։ «Միայն Ան գիտէ ձեր սրտի խորը, գուցէ թաքնուած ցանկութիւնները եւ այն ուղին, որ ձեզ կը տանի դէպի իրական լիութիւն։ Թող Ան ուղեկցի եւ առաջնորդէ ձեզ», մաղթեց Սրբազան Հայրը։
«Քանի որ այս համաժողովը կը սկսի Աստուածածնայ՝ Մարիամի տօնին օրը, եկէ՛ք խնդրենք Անորմէ առաջնորդելու մեզի դէպի Յիսուս Քրիստոսը՝ իր Որդին, որպէսզի մենք իսկապէս ճանչնանք զԻնք, Անոր սէրը մեր հանդէպ եւ այն հրաշալի ծրագիրը, որը Ան ունի մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքի համար» կոչ ըրաւ ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ․ եւ իր պատգամն աւարտեց օրհնելով ներկաները։
SEEK26 նախաձեռնութիւնը
Նշենք թէ՝ FOCUS (Fellowship of Catholic University Students - Կաթողիկէ համալսարանական ուսանողներու ընկերակցութիւն) ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած կաթողիկէ SEEK26 ամէնամեայ նախաձեռնութիւնը նուիրուած է համալսարանական ուսանողներու աւետարանացման։
Միջոցառումը 2026 թուականին կ’ընթանայ Յունուարի 1էն 5ը։ Նիւթն է «Դէպի բարձունքներ» (To the Heights)՝ ոգեշնչուած Սուրբ Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիի խօսքերէն։
Ի տարբերութիւն նախորդ հանդիպումներու, այս տարի այն կը կայանայ միաժամանակ ԱՄՆ երեք տարբեր քաղաքներու մէջ՝Քոլումպուս, Տենուեր, Ֆորթ Ուորք։ Նպատակն է միաւորել հազարաւոր երիտասարդներ եւ մեծահասակներ՝ խորացնելու իրենց կաթողիկէ հաւատքը աղօթքի, հաղորդութեան երկրպագութեան, խորհուրդներու եւ միջազգային ճանաչում ունեցող բանախօսներուն լսելու միջոցաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
