Որոնել

2026.01.31 Partecipanti all'Incontro "Political Innovation Hackathon: one humanity, one planet"

«Չկայ խաղաղութիւն եթէ անտեսուի լուսանցքայինը, աղքատը եւ գաղթականը». Լեւոն ԺԴ

Սրբազան Պապը ընդունեց «Մէկ Մարդկութիւն, Մէկ Մոլորակ» կարգախօսին տակ Հռոմի մէջ կայացած հաւաքին մասնակցող քաղաքական երիտասարդ գործիչները կոչ ընելով անոնց աշխատելու խաղաղութեան եւ արդարութեան համար: «Խաղաղութիւն չկայ եթէ չդադարի պատերազմը մեր սեփական մարդկութեան դէմ» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. յատուկէն ընդգծելով թոյլերու, աղքատներու եւ փախստականներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

2026 թուականի Յունուար 26-էն մինչեւ Փետրուար մէկը Հռոմը կը հիւրընկալէ հինգ ցամաքամասերէ եկած 100 երիտասարդ քաղաքական ղեկավարներ, որոնք իրենց երկրներուն մէջ ներգրաւուած են քաղաքական եւ հասարակական գործունէութեան մէջ։ Անոնք կը պատկանին տարբեր մշակոյթներու եւ կը ներկայացնեն տարբեր քաղաքական համոզումներ։ Այս օրերուն անոնք կը մասնակցին «Մէկ Մարդկութիւն, Մէկ Մոլորակ. Սիւնհոդոսաական Ղեկավարութիւն» ծրագրի առաջին տարուան եզրափակիչ հանդիպումին, որ կազմակերպուած է «Նիւ Հիւմանիթի»-ի՝ Ֆոքոլարիներու շարժումի ոչ կառավարական կազմակերպութեան կողմէ, համագործակցութեամբ Լատին Ամերիկայի համար Քահանայապետական Յանձնաժողովին, եւ աջակցութեամբ Փորթիքուս Հիմնարկին։

Քահանայապետին հետ հանդիպումը

Շաբաթ 31 Յունուարին առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ժողովականներուն եւ այս առիթով անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, ակնարկելով անոնց ազգային մշակութային ու կրօնական տարբերութիւններուն` հաստատեց թէ անոնք «մրցակցութեան աղբիւր չեն, այլ համագործակցութեան եւ աճումի առիթ, սիւնհոդոսական ոճի ուղիով» որ հիմնուած է «ունկնդրութեան ու զատորոշումի» մեթոտի վրայ եւ մեզ «ուշադիր կը դարձնէ մեր մօտ գտնուողին հայեացքին...»։

Խաղաղութիւնը որոնել որպէս պարգև, ուխտ եւ խոստում

Քահանայապետը գնահատեց ապա անոնց միասնական աշխատանքը ընդգծելով անոնց կարեւոր դերն ու պատասխանատուութիւնը ի նպաստ խաղաղութեան։

«Եթէ մենք համերաշխութիւնը չխթանենք համալսարանի մը կամ գրասենեակի մը, քաղաքական խումբերու եւ ընկերակցութիւններու միջեւ, ի՞նչպէս կարող ենք անոր հոգ տանիլ Պետութեան մը մէջ կամ ցամաքամասերու միջեւ» հարց տուաւ Քահանայապետը խրախուսելով ներկաները «Մաքուր սրտով և պարզ մտքով միշտ որոնելու խաղաղութիւնը` որպէս պարգև, ուխտ եւ խոստում»։

«Այո, խաղաղութիւնը առաջին հերթին պարգեւ է, քանի որ մենք զայն կը ստանանք անոնցմէ, որոնք մեզ կանխեցին պատմութեան մէջ. անիկայ` բարիք է, որուն համար պէտք է շնորհակալ ըլլալ: Խաղաղութիւնը ապա ուխտ է, որ մեզ կը կոչէ ընդհանուր պարտականութեան մը. զայն պատուել, երբ կայ, եւ իրականացնել, երբ բացակայ է: Խաղաղութիւնը ի վերջոյ խոստում է, քանի որ ան թիկունք է մեր յոյսին` աւելի լաւ աշխարհի մը մէջ, եւ որպէս այդ փնտռուած է բոլոր բարի կամքով տէր մարդոց կողմէ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ապա ակնարկեց քաղաքականութեան դերին կոչ ընելով աշխատելու յանուն խաղաղութեան եւ արդարութեան, եւ քաղաքացիները ներգրաւելու պետական կեանքին մէջ:

Պաշտպանել տկարները աղքատներն ու փախստականները

Սրբազան Պապը առ այդ հրաւիրեց պաշտպանել տկարները, աղքատներն ու փախստականները ընդգծելով որ չկայ խաղաղութիւն եթէ վերջ չի դրուի այն պատերազմին որ մարդկութիւնը կը մղէ ինքնիր դէմ, եթէ տկարը լուսանցքային կը մնայ է, աղքատը բացառուած ու գաղթականին նկատմամբ կայ անտարբերութիւն։

Միայն ան` որ աւելիով հոգ կը տանի փոքրերուն կարող է մեծ բաներ ընել

«Միայն ան` որ աւելիով փոքրերուն հոգ կը տանի կարող է մեծ բամեր ընել». հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ու մէջբերեց ամենավերջիններուն սրբուհի` Կալկաթայի Սրբուհի Թերեզային խօսքերը հայող վիժումին, որոնցմէ մեկնելով հաստատեց, թէ «ոչ մէկ քաղաքականութիւն կարող է ինքզինք դնել ժողովուրդներու ծառայութեան տակ եթէ բացառէ կեանքն անոնց` որոնք աշխարհ պիտի գան»։

Ընդհանուր եղբայրութեան որոնմում

Քահանայապետը առ այդ կոչ ըրաւ երիտասարդներուն քաջութեամբ դիմագրաւելու ներկայ մարտահրաւէրները, յիշելով, որ անոնք մինակ չեն համընդհանուր եղբայրութեան փնտռտուքի մէջ: «Աստուած մեզի տուած է Երկիրը որպէս ընդհանուր տուն բոլոր ժողովուրդներու համար» ըսաւ ապա Ան ու ակնարկեց համաժողովի «Մէկ Մարդկութիւն, Մէկ Մոլորակ» կարգախօսին որուն վրայ աւելցուց նաեւ «Մէկ Աստուած»` որուն մէջ ճանչնալ բարի Ստեղծողը։

«Մենք պէտք է նպաստենք հասարակական առաջընթացին, միշտ փնտռելով այն ընդհանուր բարիքը, որ հիմնուած է արդարութեան եւ խաղաղութեան վրայ» ըսաւ ապա Քահանայաետը եւ ճառը աւարտեց առաքելական օրհնութիւնները շնորհելով բոլորին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2026, 12:37