2026.01.19 Responsabili del Camino Neocatecumenale

Եղէ՛ք հաղորդութեան շինարարներ եւ վկաներ․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը այսօր հանդիպեցաւ Նէոքաթեքումենալ շարժումի անդամներուն ու պատասխանատուներուն հետ՝ անոնց շարքին հիմնադիր Քիքօ Արկուելյոն։ Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Լեւոն ԺԴ․ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ խրախուսեց շարունակել աւետարանական գործը՝ պահպանելով միութիւնն ու հաղորդութիւնը, ինչպէս նաեւ յաղթահարելով մեկուսացման բոլոր ձեւերը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

2026 թուականի 19 Յունուարին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Առաքելական Պալատի Օրհնութեան դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց  «Cammino Neocatecumenale – Նէոքաթեքումենալ Ուղի» շարժումի պատասխանատուներուն։

Նէոքաթեքումենալ շարժումը

Նէոքաթեքումենալ ուղի եկեղեցական շարժումը հիմնադրուած է 1964ին Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ՝ Քիքօ Արկուելյոյի եւ Քարմեն Հերնանտէզի կողմէ՝ ճիւղաւորուելով աւելի քան 50 տարիներու ընթացքին աշխարհի 5 ցամաքամասերուն մէջ՝ փոքր համայնքներով, որոնք կը հետեւին Մկրտութիւնը վերագտնելու ուղիին։ Շարժումի առաջին ընտանիքները  առաքելութեան ուղարկուած են 1985 թուականին, Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Քահանայապետի կողմէ։ Իսկ առաջին «missio ad gentes – ոչ քրիստոնեայ ժողովուրդներու առաքելութիւնը» սկիզբ առած է ` Պենետիկտոս ԺԶ․ Քահանայապետի օրօք։

Լեւոն ԺԴ․ Պապի երախտագիտութիւնը

Լեւոն ԺԴ․ Պապին հետ հանդիպումին ներկայ էին Նէոքաթեքումենալ շարժումի հիմնադիր Քիքօ Արկուելյոն, անոր շուրջ 1000 անդամներ եւ ներկայացուցիչներ, եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան մասնակցող ընտանիքներ, կրօնուսոյցներ ու քահանաներ։

Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Սրբազան Պապը,  նախ եւ առաջ, խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Աւետարանելու առաքելութեամբ մեկնող  միսիոնարներուն ու ընտանիքներուն՝ «Աւետարանի կրակը» եւ «հաւատքի ուրախութիւնը» վերակենդանացնելու, եւ Աստուծոյ սիրոյ վկաները ըլլալու համար՝ նոյնիսկ հեռաւոր եւ դժուարին տարածքներու մէջ։

 «Բոլորին, յատկապէս անոնց, որոնք հեռացած են կամ որոնց հաւատքը տկարացած է, դուք Մկրտութեան իմաստը վերագտնելու հոգեւոր ճամբորդութեան հնարաւորութիւն կ’առաջարկէք՝ ճանչնալու ստացած շնորհի պարգեւը, ուստի եւ՝ աշխարհի մէջ Տիրոջ աշակերտները եւ Անոր վկաները ըլլալու կոչումը», յարեց Ան։

Մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին, Լեւոն ԺԴ․ նկատել տուաւ, որ այդպիսով անոնք կը նպաստեն «արթնցնելու ոչ քրիստոնեաներու հաւատքը, որոնք երբեք չեն լսած Յիսուս Քրիստոսի մասին», ինչպէս նաեւ «բազմաթիւ մկրտուածներու հաւատքը, որոնք, չնայած քրիստոնեայ են, սակայն մոռցած են, թէ ով է Յիսուս Քրիստոս»:

Միութիւն եւ Հաղորդութիւն

Այս փորձառութեան եւ առաքելութեան շարունակականութիւնը կը պահանջէ, սակայն «ներքին զգօնութիւն եւ իմաստուն քննադատական ​​կարողութիւն՝ տարբերակելու համար որոշակի վտանգներ, որոնք միշտ թաքնուած են հոգեւոր եւ եկեղեցական կեանքին մէջ», ընդգծեց ապա Սրբազան Պապը եւ ամէնէ առաջ յորդորեց ըլլալ միասնական ՝ «ընդհանուր բարիքի համար»։ «Որեւէ ծառայութիւն պէտք չէ դառնայ պատճառ, որ մարդ իր եղբայրներէն աւելի բարձր զգայ կամ դուրս մղէ անոնց, որոնք այլ կերպ կը մտածեն»։

«Ձեր առաքելութիւնը յատուկ է, բայց ոչ բացառիկ», «ձեր շնորհապարգեւը իւրայատուկ է, սակայն պտուղ կու տայ միայն Եկեղեցւոյ կեանքի մէջ առկայ միւս պարգեւներու հետ հաղորդակցութեան մէջ. ձեր կատարած բարին մեծ է, բայց ատոր նպատակն է մարդկանց հնարաւորութիւն տալ ճանչնալ Քրիստոս, միշտ յարգելով իւրաքանչիւր մարդու կեանքի ուղին եւ խիղճը», եղան Լեւոն Պապին յաջորդ շեշտադրումները։

Խորհուրդներ եւ քաջալերանքներ

«Եկեղեցին կ’ուղեկցի եւ կ’աջակցի, եւ երախտապարտ է ձեր կատարածի համար», վստահեցուց Սրբազան Հայրը՝ աւելցնելով  միաժամանակ, որ  «Աւետարանի քարոզչութիւնը, կրօնուսուցումը եւ հովուական գործունէութեան տարբեր ձեւերը միշտ պէտք է ազատ ըլլան կաշկանդութենէ, կարծրութենէ եւ բարոյախօսութիւններէ (moralismi), որպէսզի ատոնք չառաջացնեն մեղքի եւ վախի զգացումներ՝ ներքին ազատագրման փոխարէն»:

Եզրափակելով իր պատգամը, Լեւոն ԺԴ․ կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց Նէոքաթեքումենալ շարժումի անդամներուն՝ «նուիրուածութեան, ուրախ վկայութեան, Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ մատուցած ծառայութեան համար», ապա օրհնելով զանոնք՝ քաջալերեց շարունակել ըլլալ հաղորդութեան շինարարներ եւ վկաներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2026, 13:00