Որոնել

2026.01.06 Epifania del Signore â   Chiusura della Porta Santa e Santa Messa

Նոր հովուական Ցուպ Լեւոն ԺԴ. Պապին համար

Յունուար 6էն սկսեալ Սրբազան Քահանայապետը սկսած է գործածել նոր հովուական գաւազան մը, որ «կը շարունակէ» նախորդ Քահանայապետերու կողմէ գործածած գաւազաններու աւանդոյթը՝ միացնելով խաչին վրայ Քրիստոսի խորհուրդը հռչակելու առաքելութիւնը Յարութեան փառաւոր յայտնութեան հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

6 Յունուար 2026ին, Աստուածայայտնութեան տօնին եւ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի Սուրբ Դռան փակման առիթով, Լեւոն ԺԴ․ գործածեց նոր հովուական ցուպ մը։ Ծիսական Արարողութիւններու Գրասենեակին բացատրութեամբ՝ անիկա «կը շարունակէ» նախորդ Քահանայապետերու կողմէ գործածած գաւազաններու աւանդոյթը՝ միացնելով խաչին վրայ Քրիստոսի սիրոյ խորհուրդը հռչակելու առաքելութիւնը Յարութեան փառաւոր յայտնութեան հետ։

Գաւազանը կը ներկայացնէ Քրիստոսը ոչ թէ տառապանքի մէջ Խաչելութեան մեխերով, այլ՝ փառաւոր մարմինով դէպի Հայր բարձրանալու գործողութեամբ։ Խաչին վէրքերը կը ցուցադրուին․ «իբրեւ յաղթանակի լուսաւոր նշաններ, որոնք թէեւ չեն ջնջեր մարդկային տառապանքը, սակայն զայն կը կերպարանափոխեն աստուածային կեանքի արշալոյսի մը»։

Վերոնշեալ Գրասենեակը կը յիշեցնէ, որ պատմականօրէն հովուական գաւազանը եպիսկոպոսական պատուանշան չէ հանդիսացած Քահանայապետերուն համար։ 

Միջնադարին անոնք կը գործածէին, այսպէս կոչուած «ferula pontificalis»ը (քահանայապետական ձեռնափայտ)՝ իբրեւ հոգեւոր եւ կառավարչական իշխանութեան նշան, որ միայն բացառիկ պարագաներու ատեն  կը գործածուէր պաշտամունքային արարողութիւններուն ժամանակ։

Գաւազանի ժամանակակից գործածութիւնը սկիզբ առած է 1965ին, Սուրբ Պօղոս Զ․ Պապի օրօք, Վատիկանեան Երկրորդ Տիեզերական Ժողովի փակման առիթով, երբ Ան  կրեց խաչուած Քրիստոսի պատկերով հովուական գաւազան մը՝ ընդգծելով իր առաքելութիւնը որպէս խաչուած Քրիստոսի վկայ։ Այս պատգամը շարունակուեցաւ անոր յաջորդներուն կողմէ՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան ընթացքին։ Ի մասնաւորի Պենետիկտոս ԺԶ․ նախ գործածեցէ Պիոս Թ․ Պապի կողմէ օգտագործած ոսկեզօծ գաւազանը, ապա նաեւ նուէր ստացած գաւազան մը, որուն խաչին կեդրոնին կը գտնուէր Զատկական Գառնուկի խորհրդանիշը եւ Քրիստոսի փակագիրը (monogramma)՝ որպէս խաչի եւ Յարութեան միացեալ խորհուրդին տեսանելի նշան։

Լեւոն ԺԴ.-ի նոր գաւազանը կը շարունակէ այս նոյն պատգամը՝ քրիստոնէական հաւատքը կեդրոնացնելով Զատկական խորհուրդին վրայ, որպէս մարդկութեան յոյսի աղբիւր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2026, 09:00