Որոնել

2026.01.29 Partecipanti alle Assemblee Generali dei Consacrati del Regnum Christi

Հասարակութեան հետ իսկական կերպով երկխօսիլ՝ առանց անոր մէջ ձուլուելու կամ միօրինակուելու․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը այսօր առաւօտեան Վատիկանի մէջ ընդունեց «Regnum Christi» Առաքելական Կեանքի Ընկերութիւններու Ընդհանուր Ժողովներու մասնակիցները: Մշակել շնորհապարգեւ՝ «հաւատարիմ մնալով սեփական Առաքելական Կեանքի Ընկերութեան սկզբնական աղբիւրին», իրականացնելով «կառավարում» «համայնքային զատորոշումով» եւ միշտ խթանելով «հաղորդութիւնը»։ Սրբազան Պապը առաջարկեց խորհրդածել այս «երեք կէտերու» շուրջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր՝ 29 Յունուարին, Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս ընդունեց «Regnum Christi» Առաքելական Կեանքի Ընկերութիւններու Ընդհանուր Ժողովներու մասնակիցները։

Այս առիթով, Անոր՝ ներկաներուն ուղղած պատգամին առանցքը կազմեցին շնորհապարգեւի, կառավարման եւ հաղորդման շուրջ խորհրդածութիւնները։

Կիրառել շնորհապարգեւը նոր ընկերային իրավիճակներու մէջ

Առաքելական Կեանքի Ընկերութիւններու շնորհապարգեւը, նշեց Լեւոն ԺԴ․ ինքնին «Սուրբ Հոգիին պարգեւն» է, այն ձեւը, որով Հոգին «կը վերակենդանացնէ» Եկեղեցւոյ կեանքը եւ «կը լիցքաւորէ անոր առաքելութիւնը», այդպիսով հաղորդելով Առաքելական Կեանքի Հիմնարկին կամ Ընկերութեան այն «յատուկ ինքնութիւնը, որ կը բնորոշէ եւ տեսանելի կը դարձնէ ձեր ներկայութիւնը Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին մէջ»։

«Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է գիտնալ՝ ով ենք մենք, եթէ կ՚ուզենք հասարակութեան հետ իսկական երկխօսութիւն վարել՝ առանց անոր մէջ ձուլուելու կամ միօրինակուելու», ըսաւ Քահանայապետը։

Ան ապա յղում կատարեց 6 Փետրուար 2021ին, Ֆրանչիսկոս Պապի՝ Ֆոքոլարինի շարժումի տարեկան ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն ուղղած պատգամին, որուն մէջ յորդորած էր «հաւատարիմ մնալ սկզբնական աղբիւրին, ջանալով վերամտածել եւ արտայայտել զայն նոր ընկերային եւ մշակութային իրավիճակներու հետ երկխօսութեան մէջ» ։ Ճիշտ «շնորհապարգեւի ուժն» է, զոր պէտք է «կենդանացնէ ձեր կատարած առաքելութիւնը եւ լուսաւորէ անցնելիք ուղին»։

Որոշումներ, որոնք կը սնուին համայնքային զատորոշմամբ

Ասկէ մեկնելով, Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց, որ հասարակութեան «կառավարումը» զարգանայ «իսկական զատորոշման մթնոլորտի մէջ», որուն համար համար անհրաժեշտ է «հաղորդութիւն»։ Համայնքային «զատորոշումը» կատարեալ միջավայր է, ուր որոշումները կը հասուննան, որոնք իրենց հերթին կը զօրացնեն հաղորդութիւնը։ Պէտք է գտնել «մեր սեփական ոճը իշխանութիւն բանեցնելու մէջ», որպէսզի ան կարողանայ բանալ նոր «ճամբաներ», որոնք «կ՚ամրապնդեն պատկանելիութեան զգացումը», աւելցուց Լեւոն ԺԴ․ եւ խրախուսեց չվախնալու «կառավարութեան նոր ձեւաչափեր փորձարկելէ»։

«Խոր հաղորդութեան» խթանում

«Եթէ կառավարման որոշումները կը հասուննան «հաղորդութեան» մէջ, ապա Ընկերութեան ամէն մէկ անդամ պարտականութիւն ունի նպաստելու անոր սնուցման» յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ․, մէջբերելով նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի 1996 թուականի «Vita Consacrata» Առաքելական Յորդորը, որմէ մեկնելով յիշեցուց, որ «բոլորը կոչուած են սրբութեան. բոլորը կը համագործակցին Քրիստոսի միակ Մարմնի շինութեան, իւրաքանչիւրը՝ ըստ իր կոչման եւ Սուրբ Հոգիէն ստացած պարգեւին»։

«Բազմազանութեան մէջ կանոնաւոր հաղորդութիւնը», ընդգծեց Հռոմի Եպիսկոպոսը, «Սուրբ Հոգւոյ գործն է». «հաւատարիմ» եւ անսպառ ուժ մը, որ «իւրաքանչիւր կոչում կը վերածէ միւսներուն համար ծառայութեան» եւ պատմութեան ընթացքին կը զօրացնէ «Քրիստոսի Մարմինը», որպէսզի «կատարէ իր առաքելութիւնը աշխարհի մէջ»։

«Մենք բոլորս կ’ապրինք ճամբորդութեան մը մէջ, որուն ընթացքին Աստուած կը շարունակէ ոգեշնչել իր երազանքները երէկուայ եւ այսօրուայ մարգարէներու միջոցաւ, ազատագրելու մարդկութիւնը հին ու նոր ստրկութիւններէ,  ներգրաւելով երիտասարդներն ու տարեցները, աղքատներն ու հարուստները, տղամարդիկն ու կանայք, սուրբերն ու մեղաւորները՝ Իր ողորմութեան գործերուն եւ Իր արդարութեան հրաշքներուն մէջ»։

Լեւոն ԺԴ․ ներկաներուն ուղղած իր պատգամն աւարտեց անոնց վրայ հայցելով Տիրամօր հովանին։

«Regnum Christi» Ընդհանուր Ժողովները

Նուիրեալ աշխարհականաններու լիագումար ժողովը սկսած է 25 Յունուարէն, մինչդեռ Նուիրեալ կանանց լիագումար ժողովը սկսած է 12 Յունուարէն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 14 Փետրուար։ «Regnum Christi»-ի վարչական կազմը եւ ժողովները կառավարման մարմիններ են, որոնք կը գումարուին ամէն վեց տարին անգամ մը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին կը նախորդեն համայնքային խորհրդակցութիւնները եւ տարածքային ժողովները, ինչպէս նաեւ պատուիրակներու եւ ժողովականներու քվէարկութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2026, 12:15