Որոնել

INDIA-RELIGION-CHRISTIANITY-MOTHER TERESA

Որքանով միացած ըլլանք Քրիստոսի մէջ, այնքան աւելի կկարողանանք իրականացնել մեզի վստահուած առաքելութիւնը

Հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Միսիոներական համաշխարհային 100րդ Օրուան նուիրուած պատգամը. Սուրբ Հայր, պարգևէ, որ ըլլան մէկ Քրիստոսի մէջ, արմատաւորած Նրա սիրոյ մէջ, որ կը միացնէ եւ կը նորոգէ։ Թող Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները միացած ըլլան առաքելութեան մէջ, Հլու Հոգիին, խիզախ` Աւետարանին վկայութիւն տալու մէջ, ամէն օր հռչակելով և մարմնաւորելով Քու հաւատարիմ սէրը իւրաքանչիւր արարածի նկատմամբ։ Օրհնէ միսիոնարները, աջակից եղիր անոնց յոգնութեան ժամանակ, պահպանէ զանոնք յոյսի մէջ։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրեր

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 25 Յունուար 2025-ին հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապին յառաջիկայ 18 հոկտեմբեր 2026-ին նշուող Միսիոներական համաշխարհային 100րդ Օրուան նուիրուած պատգամը, որուն բնաբանն է «Մէկ Քրիստոսի մէջ, միասնաբար առաքելութեան մէջ»։

Սրբազան Պապը պատգամը կը սկսի յայտնելով` որ «2026-ի Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան առթիւ, հաստատուած Պիոս ԺԱ-ի կողմէ և սիրուած է Եկեղեցւոյ կողմէ, որ այս տարի կը նշէ հարիւրամեակը, ես ընտրած եմ «Մէկ Քրիստոսի մէջ, միասնաբար առաքելութեան մէջ» խորագիրը։

Ան ապա կոչ կ՛ուղղէ համայն Եկեղեցւոյ «ուրախութեամբ և ոգևորութեամբ շարունակելու Սուրբ Հոգիի մէջ առաքելական ուղին, որ կը պահանջէ միահիւսուած սրտեր Քրիստոսի մէջ եւ հաշտուած համայնքներ»։

Քրիստոսի մէջ մէկ. առաքելութեան բանալին

Եկեղեցւոյ առաքելութեան կեդրոնը Քրիստոսի հետ միութեան խորհուրդն է։ Յիսուս աղօթեց Հայր Աստուծոյ, որպէսզի իր աշակերտները մէկ ըլլան, ինչպէս Ինք և Հայրը մէկ են։ Քրիստոնեայ ըլլալը միայն գործողութիւններու կամ գաղափարներու հաւաքածու մը չէ, այլ կեանքի միութիւն Քրիստոսի հետ, որուն միջոցաւ մենք մասնակից ենք կը դառնանք անոր հօր հետ ունեցած որդիական յարաբերութեան Սուրբ Հոգիին մէջ։

Հաղորդակցութիւնը՝ առաքելութեան աղբիւրն ու պտուղը

Հաւատացեալներուն միջեւ փոխադարձ հաղորդակցութիւնը էական է Եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան համար։ Երբ քրիստոնէական համայնքները միացեալ եւ հաշտուած են, անոնց վկայութիւնը աւելի զօրեղ ու հաւատալի կը դառնայ։ Ասոր համար կարեւոր է ուժեղացնել համամիութենական յանձնառումը բոլոր քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն հետ եւ հայեացքը ուղղուած պահել դէպի Տէրը, որպէսզի Ան ըլլայ անձնական եւ համայնքային կեանքին կեդրոնը։

Առաքելութիւնը սրտէն կը սկսի

Իսկական աւետարանութիւնը կը սկսի իւրաքանչիւր քրիստոնեայի սրտէն եւ կը տարածուի ամբողջ մարդկութեան։ Որքան աւելի միացած ըլլանք Քրիստոսի մէջ, այնքան աւելի պիտի կարենանք միասին կատարել այն առաքելութիւնը, որ Ան մեզի վստահած է։ Աստուծոյ Խօսքը եւ Խորհուրդները հիմնարար են Եկեղեցւոյ անդամներուն միջեւ հոգեւոր ու եղբայրական միութիւնը կենդանի պահելու համար։

Միացած առաքելութեան մէջ՝ Քրիստոսի սէրը տեսանելի դարձնելու համար

Քրիստոսի աշակերտներուն միութիւնը ինքնին նպատակ չէ, այլ ուղղուած է աշխարհին Աւետարանը հռչակելու առաքելութեան։ Հաշտուած, եղբայրական եւ համերաշխ համայնքի վկայութիւնը բանալին է Աւետարանի հռչակումը հաւատալի դարձնելու համար։ Հաղորդակցութեան հոգեւորութիւնը եւ առաքելական համագործակցութիւնը հիմնարար են Եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան համար

Առաքելական համագործակցութիւն

Բոլոր մկրտուածները՝ իւրաքանչիւրը ըստ իր կոչման և կեանքի վիճակի, կը մասնակցին մեծ աւետարանական գործին, որ Քրիստոս կը վստահի իր Եկեղեցիին։ Առաքելական համագործակցութիւնը կը պահանջէ եղբայրներուն և քոյրերուն նայիլ հաւատքի աչքերով, ճանչնալ այն բարիքը, որը Հոգին կը ստեղծէ իւրաքանչիւրի մէջ, և ընդունիլ բազմազանութիւնը որպէս հարստութիւն։

Կաթողիկէ Առաքելական Գործակալութիւններ

Կաթողիկէ Առաքելական Գործակալութիւններ կարևոր դեր կը խաղան համայն Եկեղեցւոյ համար՝ սնուցելով և ձևաւորելով հաւատացեալներու առաքելական գիտակցութիւնը և ստեղծելով աղօթքի և բարեգործութեան ցանց, որ կը միաւորէ աշխարհի բոլոր համայնքները։

Սիրոյ առաքելութիւնը՝ հռչակել, ապրիլ և կիսել Աստուծոյ հաւատարիմ սերը

Եկեղեցու առաքելութիւնը Քրիստոսի առաքելութեան շարունակութիւնն է Սուրբ Հոգիին մէջ. ան կը ծնի սէրէն, կ՛ապրի սէրէն եւ կ՛առաջնորդէ դէպի սէր։ Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը, մարմնաւորած Յիսուս Քրիստոսի կերպարով և կեանքով, կը հանդիսանայ Եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան հիմնական էութիւնը։

Առաքեալները՝ Քրիստոսի խիզախ վկաները

Առաքեալները ad gentes մարդիկ են, որոնք թողած են իրենց հայրենի երկիրը և ընտանիքը՝ աւետարանը քարոզելու և Քրիստոսն ու Անոր սէրը տանելու յաճախ դժուար ու աղքատ վայրեր։ Անոնց տոկունութիւնը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ սէրը աւելի ուժեղ է որեւէ մէկ պատնէշէ։

Կոչ համայն Եկեղեցւոյ

Պատգամի աւարտին Քահանայապետը կոչ կ՜ուղղէ համայն Եկեղեցւոյ միանալու միսիոնարներու աւետարանական առաքելութեան՝ Քրիստոսի մէջ կեանքի վկայութեան, աղօթքի և առաքելութիւններուն մատուցած ներդրումներու միջոցաւ։

«Իւրաքանչիւր նուէր, նոյնիսկ ամենափոքրիկը, կը դառնայ նշանակալի գործ առաքելական միութեան համար։ Ուստի ես կրկին իմ ջերմ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ՝ այն «ամէն ինչի համար, որ կ՛ընէք որպէսզի ինծի օգնէք ՝ օգնելու համար աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ գտնուող միսիոնարներուն» (Տեսաուղերձ Համաշխարհային Առաքելական Օր 2025)» ։գրած է Սրբազան Պապը պատգամի աւարտին ապա իր օրհնութիւններուն հետ միասին առաջարկած է պարզ ու հակիրճ աղօթք մը.

Սուրբ Հայր, պարգևէ, որ ըլլան մէկ Քրիստոսի մէջ, արմատաւորած Նրա սիրոյ մէջ, որ կը միացնէ եւ կը նորոգէ։ Թող Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները միացած ըլլան առաքելութեան մէջ, Հլու Հոգիին, խիզախ` Աւետարանին վկայութիւն տալու մէջ, ամէն օր հռչակելով և մարմնաւորելով Քու հաւատարիմ սէրը իւրաքանչիւր արարածի նկատմամբ։

Օրհնէ միսիոնարները, աջակից եղիր անոնց յոգնութեան ժամանակ, պահպանէ զանոնք յոյսի մէջ։

Մարիամ, Առաքելութիւններու թագուհի, ուղեկցիր մեր աւետարանական գործին երկրի բոլոր անկիւններուն մէջ. դարձուր մեզ խաղաղութեան գործիքներ, և թող համայն աշխարհը ճանչնայ Քրիստոսին մէջ փրկող լոյսը։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2026, 10:10