Որոնել

Նոր տարի մը «անզէն» խաղաղութեան նշանին ներքոյ. Լեւոն ԺԴ. Պապին 2026 առաջին պատարագն ու քարոզը

Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները նայելու մսուրին որպէս «անզէն եւ զինաթափող» խաղաղութեան իսկական վայր մը, օրհնութեան վայր, ուր յիշել Տիրոջ գործադրած հրաշքները փրկութեան ու մեր կեանքի պատմութեան մէջ, որպէսզի վերամեկնինք որպէս քարայրի խոնարհ վկաները «փառաբանելով եւ օրհնաբանելով Աստուած» այս ամէն բաներուն համար` որ տեսանք եւ լսեցինք։ «Թող այս ըլլայ մեր յանձնառումը ու մեր մտադրութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն համար ու միշտ մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի` մէկ Յունուար 2026-ին տարուան առաջին օրը որ նուիրուած է Մայր Աստուծոյ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին ու խաղաղութեան համաշխարհային 59րդ Օրուան Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը տարին սկսաւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ մատուցելով Սուրբ Պատարագը առաւօտեան ժամը տասին ու զայն նուիրելով վերոնշեալ տօնին ու խաղաղութեան օրուան։

Իսկական ազատութիւնը կը ծնի Աստուծոյ վրայ վստահութենէն

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Ան խորհրդածեց տարուան սկիզբի մասին որպէս վերածնունդի մը կարելիութիւնը` մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումները։ Ան յղում կատարելով Իսրայէլի փորձառութեան, որ ազատագրուեցաւ ստրկութենէն, հաստատեց որ իսկական ազատութիւնը կը ծնի Աստուծոյ վրայ վստահութենէն ու մարդուս պատասխանատու պատասխանէն։

Նոր կեանքի սկիզբ

«Նոր տարուան սկիզբը ծէսը մեզի կը յիշեցնէ, որ իւրաքանչիւր օր մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար կարող է ըլլալ նոր կեանքի սկիզբ՝ շնորհիւ Աստուծոյ առատաձեռն սիրոյ, անոր ողորմածութեան և մեր ազատութեան արձագանքին» ըսաւ Քահանայապետը գեղեցիկ համարելով նաեւ` որ սկսած նոր տարուայ մասին մտածենք կածես թէ ըլլար «բաց ճանապարհ, որ պէտք է բացայայտուի, որուն վրայ մենք կարող ենք քալել շնորհքով, ազատ և ազատութեան կրողներ, ներուած և ներման բաշխողներ, վստահելով Տիրոջ մօտիկութեան և բարութեան, որը միշտ մեզի կ՛ընկերանայ»։

Աստուծամայրը Աստուծոյ արտօնեց ընդունիլ մարդկային դիմագիծ մը

Քահանայապետը հուսկ խօսքը կեդրոնացուց Մարիամի Աստուածամօր վրայ որ իր «այոյով» Աստուծոյ արտօնեց ընդունիլ մարդկային դիմագիծ մը Յիսուսով։

«Այս նոր տարուան սկիզբը, մինչ կը սկսինք ուղեւորութիւնը մեզ սպասող դէպի նոր եւ եզակի օրեր Տիրոջմէ հայցենք որ իւրաքանչիւր պահուն զգանք անոր հայրական ողջագուրումին ջերմութիւնը եւ անոր օրհնող հայեացքին լոյսը, որպէսզի միշտ աւելիով հասկնանք եւ յարատեւօրէն ի միտ ունենանք թէ ո՞վ   ենք  եւ դէպի որմէկ սքանչելի ճակատագիր կ՛ընթանանք» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը մէջբերելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի «Gaudium et spes» առաքելական սահմանադրութեան խօսքերը ու յորդորելով նաեւ միեւնոյն ժամանակ Անոր փառք տալու` աղօթքով, կեանքի սրբութեամբ ու մէկը միւսին համար դառնալով անոր բարութեան հայելին։

Մարիամի աստուածային մայրութիւնը

Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ ապա Մարիամի աստուածային մայրութեան խորհուրդին վրայ որուն մէջ Աստուած կը ներկայանայ նորածին մանուկի մը դիւրաբեկութեան մէջ` «անզէն եւ զինաթափող» յարեց Ամ յիշելով խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ իր պատգամին բնաբանը ու հաստատելով որ ճիշտ այդ դիւրաբեկութիւնն է որ կը բացայայտէ իսկական սիրոյ զօրութիւնը` ոչ թէ բռնութիւն այլ ներում, ոչ թէ գերիշխանութիւնը այլ ընկալումը։

«Մարիամի Աստուածային Մայրութեան մէջ մենք կը տեսնենք երկու հսկայական «անզէն» իրականութիւններու հանդիպումը՝ Աստուծոյ, որ հրաժարեցաւ իր աստուածային ամէն արտօնութիւնէն մարմնով ծնելու համար (հմմտ. Փիլիպպեցիներ 2:6-11), և այն անձին, որ ամբողջական վստահութեամբ ընդունեց Անոր կամքը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անոր՝ սիրոյ կատարեալ գործողութեամբ, եւ անոր ամենամեծ զօրութեամբ, որ է ազատութիւնը» յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. եւ վերյիշեց երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. 2000 թուականի մեծ Յոբելեանի աւարտին արտասանած խօսքերը ապա քարոզը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները նայելու մսուրին որպէս «անզէն եւ զինաթափող» խաղաղութեան իսկական վայր մը, օրհնութեան վայր, ուր յիշել Տիրոջ գործադրած հրաշքները փրկութեան ու մեր կեանքի պատմութեան մէջ, որպէսզի վերամեկնինք` որպէս քարայրի խոնարհ վկաները «փառաբանելով եւ օրհնաբանելով Աստուած» այս ամէն բաներուն համար որ տեսանք եւ լսեցինք։

«Թող այս ըլլայ մեր յանձնառումը ու մեր մտադրութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն համար ու միշտ մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եզրափակելով նոր տարուն առաջին օրուան պատարագի իր քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2026, 10:40