Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. «La Repubblica» օրաթերթին. Մամուլը՝ հասարակաց բարիքի կերտման համար երկխօսութեան վայր

Լեւոն ԺԴ. Պապը «La Repubblica» օրաթերթի յիսնամեակին առիթով բարձր գնահատած է թերթին ազատութիւնն ու ընթերցողներուն հետ հաստատած մնայուն կապը՝ շեշտելով Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի պատմութիւնը վաւերագրելու անոր դերը: Քահանայապետը յորդորած է լրագրողները շարունակելու ճշմարտութեան որոնումը թափանցիկութեամբ, որպէսզի մամուլը դառնայ երկխօսութեան վայր եւ նպաստէ հասարակաց բարիքին ու խաղաղութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յունուար 15-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղեց Իտալական «La Repubblica» օրաթերթի տնօրէն Մարիօ Օրֆէոյին՝ օրաթերթին հիսնամեակի կապակցութեամբ, զոր հիմնադրուած է   Էուճենիօ Սքալֆարիի կողմէ եւ որուն առաջին թիւը լոյս տեսած է 14 յունուար 1976-ին։

Պագամին մէջ Քահանայապետը իր բարեմաղթութիւնները յղեց այն լրագրողներուն, որոնք պատմած են պատմութեան կէս դարը՝ «մշակելով,– կը գրէ Ան,– ձեր ընթերցողներուն հետ այն կապը, որ ձեզ հասցուց մինչեւ հոս»:

«Ձերը այնպիսի թերթ մըն է, որ արմատաւորուած է բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, բայց որուն գլխաւոր նստավայրը Հռոմն է՝ Պապին թեմը, որ առանձնաշնորհեալ դիտանկիւն մըն է Իտալիոյ եւ աշխարհի իրադարձութիւններուն վրայ: Ազատութեամբ կարդացիք այս յիսնամեակի էջերը եւ պատմեցիք Եկեղեցւոյ պատմութիւնը», նշեց Սրբազան Հայրը

Մամուլի ազատութիւնը

Քահանայապետը յորդորեց լրագրողները շարունակելու ճշմարտութեան որոնումը թափանցիկութեամբ, որպէսզի մամուլը դառնայ երկխօսութեան վայր եւ նպաստէ հասարակաց բարիքին ու խաղաղութեան ու նկատել տուաւ, որ ազատութիւնը, պատմելու կերպը եւ հայեացքը աշխարհին վրայ կը հանդիսանան մամուլի ազատութեան սիրտը, «որ նոյնիսկ կարծիքներու, տեսակէտներու եւ մշակոյթներու տարբերութեան մէջ ու  պէտք է միշտ գործէ թափանցիկութեամբ եւ պարկեշտութեամբ»:

«Եւ ընձեռել այն երկխօսութեան կարելիութիւնը, որ երբ թշնամական չէ, կը նպաստէ հասարակաց բարիքին ու մարդկային սեռի միութեան: Այսպիսով, երկխօսութիւնը կը յաղթահարէ բախումը եւ կը կերտէ խաղաղութիւնը», գրեց Սրբազան Հայրը ու պատգամը եզրափակեց մաղթելով օրաթերթին լրագրորղներուն «միշտ կերտել ազատ եւ երկխօսող հաղորդակցութիւն մը, որ ներշնչուած է ճշմարտութեան որոնումով եւ զերծ է նախապաշարումներէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2026, 10:30