Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Հոգեւոր կողմնացոյց մը 2027-ի Համար. Լեւոն ԺԴ. Պապին աղօթքի դիտաւորութիւնները

Լեւոն ԺԴ. Պապին 2027 թուականի աղօթքի դիտաւորութիւնները կը հանդիսանան հոգեւոր ուղեցոյց մը, որ հաւատացեալները կը հրաւիրէ աղօթքի միջոցաւ դիմագրաւելու արդի աշխարհի մարտահրաւէրները՝ սկսեալ արժանապատիւ աշխատանքէն մինչեւ գաղթականներու ներառումն ու ընտանեկան արժէքներու պահպանումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը հրապարակած է 2027 թուականի աղօթքի դիտաւորութիւնները, որոնք կը հանդիսանան իւրայատուկ հոգեւոր ուղեցոյց մը՝ ուղղուած արդի աշխարհի մարտահրաւէրներուն։

«Քահանայապետական Աղօթքի համաշխարհային Ցանց«ի տնօրէն՝ Հայր Քրիստոպալ Ֆոնեսի խօսքով, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին կողմէ 2027 թուականի համար Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցին վստահուած աղօթքի դիտաւորութիւնները կը ներկայանան, որպէս հոգեւոր եւ հովուական ծառայութեան ուղեգիծ մը, որ ընդունակ է միաժամանակ շօշափելու քրիստոնէական կեանքի կորիզը եւ արդի աշխարհի ամենէն շօշափելի սահմանները։

Յունուար ամսուան դիտաւորութիւնը շեշտը կը դնէ աղօթքի զօրութեան վրայ՝ զայն ներկայացնելով, ոչ թէ որպէս լոկ հոգեբանական միջոց, այլ Տիրոջ հետ անձնական հանդիպում, որ կը վերափոխէ մարդու սիրտն ու պատմութիւնը: Այս հոգեւոր ուղին կը մղէ հաւատացեալը դէպի իրական դարձի, ուր աղօթքը կը դառնայ յոյսը պահպանելու եւ բարին ընտրելու գործնական իմաստութիւն։

Փետրուար ամսուան դիտաւորութիւնը կը հրաւիրէ աղօթելու բոլոր անոնց համար, որոնք լռութեամբ կը նուիրուին ուրիշներու խնամքին՝ յիշեցնելով, որ այս ծառայութիւնը լոկ մասնագիտութիւն չէ, այլ սիրոյ եւ մարդկայնութեան վեհագոյն դպրոց։

Մարտ ամիսը կը հրաւիրէ մեզ վերագտնելու իւրաքանչիւր անհատի բացառիկ արժէքը՝ մերժելով մարդը միայն ըստ իր արտադրողականութեան դասակարգելու մօտեցումը եւ ուշադրութեան կեդրոնը պահելով տկարներն ու լուսանցքի վրայ գտնուողները։

Ապրիլ ամսուան պատգամը կը շեշտէ արուեստի դերը որպէս ճշմարտութեան ձեւ, որ կը հաշտեցնէ մեզ արարչագործութեան հետ եւ թոյլ կու տայ տեսանելիին մէջ ընկալել աստուածային Մեծ Խորհուրդը։

Մայիս ամիսը կը շեշտէ բոլորին համար արժանապատիւ աշխատանքի հնարաւորութիւններ ստեղծելու հրամայականը՝ պահանջելով, որ արհեստագիտական նորարարութիւնը ծառայէ արդարութեան եւ մարդկային տաղանդներու արժեւորման: ։

Յունիս ամսուան հրաւէրը կը շեշտէ արհեստական բանականութիւնը բարոյականութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան ծառայեցնելու կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը պէտք է միշտ յարգէ արդարութիւնն ու ազատութիւնը:

Յուլիս ամիսը մեզի կը յիշեցնէ մեծ հայրերու եւ տարեցներու անփոխարինելի իմաստութիւնն ու հաւատքի ժառանգութիւնը՝ կոչ ուղղելով կառուցել այնպիսի համայնքներ, ուր արդիւնաւէտութենէն աւելի կը գնահատուի իւրաքանչիւրին պատկանելիութեան զգացումը։

Օգոստոս ամիսը կը հրաւիրէ երիտասարդները՝ Քրիստոսի մէջ գտնելու իրենց կեանքի իմաստն ու կոչումը, յաղթահարելով ժամանակակից աշխարհի դատարկութիւնը եւ ազատօրէն ընդունելով զԱյն որպէս իրենց ուղեկիցը:

Սեպտեմբեր ամիսը կը շեշտէ «ամբողջական բնապահպանական դարձի» հրամայականը՝ մեզմէ պահանջելով փոխել մեր ապրելակերպն ու սպառողականութիւնը եւ արարչագործութիւնը դիտել որպէս աստուածային պարգեւ, որուն հանդէպ պատասխանատու ենք։

Նոյեմբերը ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը մեզ կը դնէ մեր ժամանակներու ամենէն ցաւալի եւ վճռորոշ նշաններէն մէկուն՝ գաղթականները ընդունելու հարցին դիմաց։ Այս դիտաւորութիւնը կը յիշեցնէ Սուրբ Ընտանիքը՝ իր արմատախիլ եղած ուղեւորութեան ընդմէջէն. հզօր պատկեր մը՝ հասկնալու համար, որ ոչ ոք կը գաղթէ քմահաճոյքի պատճառով, եւ թէ քրիստոնէական հաւատքը չի կրնար անտարբեր մնալ դիմացինին դիմագրաւած փորձութիւններուն ու դժուարութիւններուն հանդէպ։

Դեկտեմբեր ամիսե կը պսակէ տարին՝ ընտանիքը ներկայացնելով որպէս Աւետարանի կենդանի վկայութեան վայր եւ եղբայրութեան «տարրալուծարան», ուր առօրեայ դժուարութիւններու մէջ կը մշակուին հաւատքը, յոյսն ու սէրը։

Այս ամսական դիտաւորութիւնները միասնաբար կը կազմեն աղօթքի շղթայ մը, որ կը հրաւիրէ հաւատացեալները քայլ առ քայլ փոխակերպելու իրենց հոգին եւ դառնալու աշխարհի մէջ գործնական յոյսի սերմանողներ։

«Քահանայապետական Աղօթքի Համաշխարհային Ցանց»ի տնօրէնը, 2027 թուականին Լեւոն ԺԴ Պապի աղօթքի դիտաւորութեան վերաբերեալ հրապարակած յօդուածը աւարտեց նշելով որ «Այս դիտաւորութիւնները պատրաստուած չեն սոսկ ցուցակի մը մէջ մնալու համար, այլ՝ վերածուելու հասարակաց ուղեւորութեան մը։ Հետեւաբար, Քահանայապետական Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցը մեզ կը հրաւիրէ իւրաքանչիւր ամիս «աղօթելու Պապին հետ»՝ թոյլ տալով, որ մեզի ընկերակցին քարոզչութեան տեսանիւթերը, ձայնանիւթերը եւ այլ միջոցները, որոնք մատչելի են www.popesprayer.va կայքէջին վրայ։

Թող որ 2027 թուականը բոլորիս համար ըլլայ փոխակերպող աղօթքի, գործնական քայլերու վերածուած յոյսի եւ այնպիսի Եկեղեցւոյ մը ժամանակաշրջանը, որ աշխարհի կեդրոնը գտնուելով՝ կը սորվի սիրել աւելի խորունկ կերպով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2026, 13:23