«Խորապէս յուզուած ու ցնցուած եմ»․ Լեւոն ԺԴ․՝ Քրան-Մոնթանայի ողբերգական հրդեհի զոհերու ընտանիքներուն

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Զուիցերիոյ Քրան-Մոնթանա քաղաքին մէջ պատահած ողբերգական հրդեհի իտալացի երիտասարդ զոհերու կամ վիրաւորներու հարազատները․ «Այսօր ձեզի ուղղած իմ ջերմութիւնն ու մարդկային կարեկցանքի խօսքերը շատ սահմանափակ եւ անզօր կը թուան, բայց Պետրոսի իրաւայաջորդը ձեզի ուժով եւ համոզմունքով կը հաստատէ՝ ձեր յոյսը ապարդիւն չէ»։ «Մեր մէջ բնակող հաւատքը կը լուսաւորէ մեր կեանքի ամենամութ եւ ամենացաւալի պահերը»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Խորապէս յուզուած ու ցնցուած եմ ձեզ հետ հանդիպելու, սիրելի ընտանիքներ, այս մեծ ցաւի եւ տառապանքի պահուն»։ Այս խօսքերով է, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ ողջունեց Քրան-Մոնթանայի մէջ Նոր Տարուան գիշերը պատահած ողբերգական հրդեհի զոհերու ընտանիքները, զանոնք ընդունելով Առաքելական Պալատէն ներս` 15 Յունուար 2026 թուականին։

«Ինչո՞ւ, Տէ՛ր»

«Երբ իմացայ, թէ ձեր կողմէ մէկը այս հանդիպումը խնդրած էր, անմիջապէս ըսի. «Այո՛, ժամանակ պիտի գտնենք»։ Կ՛ուզէի գեթ հնարաւորութիւն ունենալ ձեզ հետ կիսելու այն պահը, որ ձեր ցաւի եւ տառապանքի պահուն, հաւատքի ապացոյց մըն է, ապացոյց այն բանին, որուն կը հաւատանք։ Շատ անգամ հարց կը տրուի . «Ինչո՞ւ, Տէ՛ր», շարունակեց Քահանայապետը հաստատելով` որ «այս պահերը մեծ տառապանքի ու ցաւի պահեր են»։

Մխիթարութիւն գտնել Աստուծոյ Խօսքին մէջ

«Ի՞նչ կրնամ ըսել նման իրավիճակի մը մէջ», որո՞նք են այն մխիթարական խօսքերը, որոնք համարժէք են եւ մակերեսային չեն թուար սարսափելի հրդեհի հետեւանքով ընտանիքի սիրելի անդամի մը մահը սգացող կամ աղաւաղուած մարմինով հիւանդանոցի մէջ գտնուող հարազատի ցաւը ապրող ընտանիքներուն համար։ Հարցեր տուաւ Սրբազան Պապը ու որպէս պատասխան վիշտէն տառապող ընտանիքներուն առաջարկեց Աստուծոյ խօսքը.․

Երբ Խաչին վրայ իր լքումի ու ցաւի մէջ Աստուծոյ Որդին աղաղակեց՝ «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս» (Մատթէոս 27։46), Հօր արձագանքը եկաւ երեք օր լռութենէ ետք՝ «Յիսուս յարութիւն առաւ փառաւոր կերպով՝ յաւիտեան ապրելով Զատկի ուրախութեան եւ յաւերժական լոյսի մէջ»։

«Ձեր յոյսը ապարդիւն չէ»

«Չեմ կրնար բացատրել թէ՝ ինչու՞ դուք եւ ձեր սիրելիները ստիպուած էք դիմակայել նման փորձութեան» եւ թէեւ «այսօր ձեզի ուղղած իմ ջերմութիւնն ու մարդկային կարեկցանքի խօսքերը շատ սահմանափակ եւ անզօր կը թուան», սակայն, շարունակեց Պապը, «Պետրոսի իրաւայաջորդը ձեզի ուժով եւ համոզմունքով կը հաստատէ՝ ձեր յոյսը ապարդիւն չէ, քանզի Քրիստոս իսկապէս յարութիւն առած է։ Սուրբ Եկեղեցին կը վկայէ այդ մասին եւ կը հռչակէ զայն ​​վստահութեամբ»։

Քահանայապետը եւ Եկեղեցին մօտ են ընտանիքներուն

«Ոչինչ երբեք չի կրնար բաժնել ձեզ Քրիստոսի սէրէն, ինչպէս նաեւ ձեր սիրելիներէն, որոնք կը տառապին կամ կորսնցուցած էք», աւելցուց Լեւոն ԺԴ․՝ մէջբերելով Սուրբ Պօղոսին խօսքերը՝ միաժամանակ հաստատելով, որ․ «մեր մէջ բնակող հաւատքը կը լուսաւորէ մեր կեանքի ամենամութ եւ ամենացաւալի պահերը» եւ «կ’օգնէ մեզի քաջաբար շարունակել մեր նպատակին հասնելու ճանապարհը»:

«Յիսուս կը նախորդէ մեզ մահուան եւ յարութեան այս ճանապարհին, որ կը պահանջէ համբերութիւն եւ տոկունութիւն», ընդգծեց ապա Սրբազան Հայրը: «Վստահ եղէք Անոր մօտիկութեան եւ քնքշութեան մէջ. Ան կը կիսէ եւ ձեր հետ կը կրէ ձեր ապրումները»: Նոյնը կ’ընէ «ամբողջ Եկեղեցին»:

Քահանայապետը ներկաներուն ուղղած իր մխիթարական խօսքը աւարտեց՝ զանոնք յանձնելով Տիրամօր հովանիին․ «Ձեր սիրտը այսօր խոցուած է, ինչպէս Մարիամի սիրտը Խաչի ստորոտին»։ «Ան մօտ է ձեզի այս օրերուն» եւ «Անոր մէջ պէտք է փնտռել մայրական մխիթարութիւնը»։ «Ինչպէս Ան՝ պիտի կարողանաք, տառապանքի գիշերը, բայց հաւատքի վստահութեամբ, համբերատար սպասել նոր օրուայ լուսաբացին, եւ պիտի վերագտնէք ձեր ուրախութիւնը», յարեց ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ․՝ վստահեցնելով նաեւ Եկեղեցւոյ եւ իր անձնական աղօթքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2026, 12:58