2026.01.24  Empresarios de Energia

Տնտեսական զարգացում եւ կլիմայական արդարութիւն. Վատիկանի Մէջ սիւնհոդոսական հանդիպում՝ ձեռնարկատէրերու հետ

Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Լատին Ամերիկայի ուժանիւթի ոլորտի գործարարներուն հետ՝ շարունակելով «Կամուրջներու Կառուցում» եօթնամեայ նախաձեռնութիւնը: Սիւնհոդոսական այս երկխօսութեան առանցքը տնտեսական զարգացման եւ կլիմայական արդարութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն գտնելն է՝ ի նպաստ «ընդհանուր տան» խնամքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 24 Յունուար 2026-ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի եւ Լատին Ամերիկայի ու Քարիպեան կղզիներու մէջ գործող ուժանիւթի եւ կարեւոր հանքանիւթերու ոլորտի ձեռնարկատէրերու միջեւ։ սիւնհոդոսական հանդիպում։ Այս նախաձեռնութիւնը կը հանդիսանայ Քահանայապետի Urbi et Orbi օրհնութեան ընթացքին կատարուած կոչին գործնական պատասխանը՝ ուղղուած երկխօսութեան միջոցով խաղաղութեան կամուրջներ կառուցելուն։

Եօթնամեայ գործընթացի մը հանգրուանը

Այս հանդիպումը եօթներորդն է 2022 թուականին սկիզբ առած «Կամուրջներու Կառուցում» (Building Bridges) գործընթացին մէջ, որ կը համակարգուի Լատին Ամերիկայի հարցերով Քահանայապետական Յանձնախումբին (PCAL) կողմէ։ Նախագիծը, որ սկսած էր Ֆրանչիսկոս Պապի օրով եւ շարունակուած Կարդինալ Ռոպերթ Փրեւոսթի հսկողութեամբ, նպատակ ունի ստեղծել ներառականութեան, հաշտութեան եւ եղբայրութեան կապեր համալսարաններու, աշխատաւորներուն պաշտպան միութիւններուն եւ եկեղեցական մարմիններու միջեւ։

Լսում եւ ընկերային զատորոշում

Հանդիպման մեթոտը հիմնուած է տարածքային կարիքներու անկեղծ լսումին եւ «ընդհանուր տան» (բնութեան) խնամքին շուրջ ընկերային զատորոշում կատարելուն վրայ։ Վերջին հինգ տարիներուն իրականացուած են վեց նմանատիպ հանդիպումներ՝ ներգրաւելով ակադեմականներ, ուսանողներ եւ արհեստակիցներ Ամերիկայի ցամաքամասի տարբեր շրջաններէն։

Տնտեսութիւն եւ կլիմայական արդարութիւն

Այս եօթներորդ հանդիպման առանցքը պիտի ըլլայ այն լարուածութիւնը, որ կայ տնտեսական զարգացման եւ կլիմայական արդարութեան պահանջներուն միջեւ։ Սուրբ Աթոռը կը ձգտի լսել ձեռնարկատէրերու տեսակէտները՝ հասկնալու համար ոլորտի սպառնալիքներն ու հնարաւորութիւնները, միշտ առաջնորդուելով «բոլորին համար լիառատ կեանք» ապահովելու աւետարանական սկզբունքով։

Յատկանշական է, որ այս հանդիպումը նախատեսուած էր տեղի ունենալ ճիշդ մէկ տարի առաջ՝ 2025-ի Յունուարին, սակայն Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական վիճակին պատճառով յետաձգուած էր։ Լեւոն ԺԴ. Պապի հետ այսօրուան տեսակցութենէն առաջ, գործարարները պիտի մասնակցին աշխատանքային նախաճաշի մը, ուր անոնց պիտի ներկայացուի մինչ այժմ կատարուած աշխատանքներու ամփոփումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2026, 14:47