Որոնել

2025.12.25 Santa Messa di Natale

Լեւոն ԺԴ. Պապի Յունուար – Փետրուար ամիսներու ընթացքին գլխաւորած արարողութիւնները

Հրատարակուած է Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ ամինսերու ծիսակատարութիւններուն հայող օրակարգը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Այսօր՝ 9 Յունուարին, Քահանայապետական ծիսակատարութիւններու արարողապետ, Արքեպիսկոպոս Տիեկօ Ռաւելլին հրապարակեց 2026 թուականի Յունուար եւ Փետրուար ամիսներու ընթացքին Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններու օրակարգը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ․

25 Յունուարին ժամը 17։30ին, Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնակատարութեան օրը, Սրբազան Հայրը Սուրբ Պօղոսի անուան Պազիլիքայի մէջ պիտի գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը, որ կը զուգադիպի Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի 59րդ շաբթուայ աւարտին։

2 Փետրուարին ժամը 17:00ին, Յիսուսի տաճար ընծայման տօնին, որ է նաեւ Նուիրեալ Կեանքի Համաշխարհային 30րդ Օրը, Լեւոն ԺԴ․ Սուրբ Պետրոս Պազիլաքայէն ներս պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։

18 Փետրուարին ժամը 16:30ին, Մոխրոց չորեքշաբթի օրուան առիթով, Սրբազան Պապը պիտի գլխաւորէ ապաշխարութեան թափօրը՝ մեկնելով Հռոմի Ավենթինօ շրջանի Սուրբ Անսելմոս Եկեղեցիէն դէպի Սրբուհի Սապինա Պազիլիքա, ուր Ան պիտի մատուցանէ Սուրբ Պատարագը՝ Մոխրոց Օրհնութեամբ ու ապա մոխրոց սրսկումի ծիսակատարութեամբ, որով սկիզբ պիտի առնէ Քառասնորդաց շրջանը։

22էն մինչ 27 Փետրուար, Սրբազան Քահանայապետը եւ Հռոմէական Քուրիայի պատասխանատուները պիտի մասնակցին քառասնորդացի հոգեւոր կրթութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Առաքելական Պալատին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2026, 12:08