Սուրբ Ֆրանչիսկոսի խաղաղութեան պատգամը արձագանք թող գտնէ այսօրուայ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ. Լեւոն ԺԴ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Լևոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը 7 Յունուար թուակիր նամակով մը պատգամ մը յղած է Ֆրանչիսկեան ընտանիքի համաժողովի գլխաւոր մեծաւորներուն՝ այս տարի յիշատակուող Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան 800րդ տարեդարձի բացման առիթով։
Նամակին մէջ Քահանայապետը ակնարկած է Ասսիզիի Սուրբին մահուան, որ պատահեցաւ 3 հոկտեմբեր 1226-ին Փորցիունքոլայի մէջ եւ այդ յիշարժան թուականի 800 ամեակը յիշելով իր հոգեւոր միութիւնը արտայայտած է Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան ու բոլոր անոնց, որոնք պիտի մասնակցին յիշատակութեան տարբեր տօնախմբութիւններուն, մաղթելով` որ Սուրբին «խաղաղութեան պատգամը, արձագանք գտնէ այսօրուայ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ»։
Նորին Սրբութիւնը մէջբերած է ապա Սուրբին խօսքերը. «Տէրը ինծի բացայայտեց, որ քեզի փոխանցեմ այս ողջոյնը. Տէրը խաղաղութիւն տայ քեզի», որոնցմէ մեկնելով հաստատած է` թէ «խաղաղութիւնը Աստուծոյ բոլոր բարիքներու գումարն է, պարգև` որ կ՛իջնէ վերէն» եւ թէ «պատրանք պիտի ըլլայ մտածել թէ կարելի էր զայն կառուցել միայն մարդկային ուժերով»։
Արդարեւ «Ֆրանչիսկեան խաղաղութեան տեսլականը չի սահմանափակուիր միայն մարդոց միջև յարաբերութիւններով, այլ կ՛ ընդգրկէ ամբողջ արարչագործութիւնը։ Ֆրանչիսկոսը, որ արևը կ՛ անուանէ «եղբայր», իսկ լուսինը՝ «քոյր», և որ իւրաքանչիւր արարածի մէջ կը ճանչնայ աստուածային գեղեցկութեան արտացոլումը, մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը պէտք է տարածուի արարչագործութեան ողջ ընտանիքի վրայ», գրած է Սրբազան Քահանայապետը նամակին մէջ բացատրելով թէ «այս հասկացողութիւնը յատկապէս հրատապ է մեր ժամանակներուն համար, երբ մեր հասարակաց տունը սպառնալիքի տակ է»։
«Աստուծոյ հետ խաղաղութիւնը, մարդկանց միջև խաղաղութիւնը և արարչագործութեան հետ խաղաղութիւնը համընդհանուր հաշտեցման միասնական կոչի անբաժանելի չափանիշերն են» շեշտած է Լեւոն ԺԴ հրաւիրելով Տիրոջ վստահիլ ու նուիրուիլ Աւետարանի հաւատարիմ կեանքի մը, ընդունելով եւ հաւատքով ու աղօթքով լուսաւորելով կեանքի որեւէ արարք եւ իրադարձութիւն»։
Նորին Սրբութիւնը նամակը եզրափակած է Սուրբ Ֆրանչիսկոսին նուիրուած աղօթքով մը` որպէսզի Սուրբը շարունակէ մեր բոլորին մէջ սերմանել կատարեալ ուրախութիւն եւ համերաշխութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
