Քրիսթին փոթորիկը Փորթուկալի մէջ Քրիսթին փոթորիկը Փորթուկալի մէջ  (ANSA)

Քրիսթին Փոթորիկ. Քահանայապետին մօտիկութիւնն ու աղօթքը վիրաւոր Փորթուկալին

Լէոն ԺԴ-ը իր վշտակցութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք տուժած են ծայրայեղ կլիմայական դէպքէն։ Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ ուղարկուած հեռագիրին մէջ, Սրբազան Պապը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ զոհերու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ տեղահանուածներուն։ Ներկայ դրութեամբ կան հինգ զոհեր, ջրհեղեղներ, սողանքներ եւ ելեկտրական հոսանքի ընդհատում` աւելի քան 850.000 անձերու համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Փորթուկալը այս օրերուն ծանր թիրախ դարձած է Քրիսթին փոթորիկին, որ պատճառած է առնուազն հինգ զոհ, բազմաթիւ համայնքներ մատնելով լուրջ դժուարութիւններու եւ հարիւր հազարաւոր ընտանիքներ թողելով առանց ելեկտրական հոսանքի։

Այս արտակարգ իրավիճակին դիմաց, Լեւոն ԺԴ Պապը, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը, ուղղուած Փորթուկալի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Գերապ. Խօսէ Օրնելաս Քարվայոյին, իր խոր ցաւակցութիւնները եւ հոգեւոր մօտիկութիւնը արտայայտած է  տուժած ժողովուրդին, իր աղօթքը հաւաստիացնելով զոհերուն, վիրաւորներուն եւ տեղահանուածներուն համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած են փրկարար աշխատանքներուն մէջ։

Իր կարգին Փորթուկալի Եկեղեցին, Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի նախագահին առաջնորդութեամբ, հրաւիրած է չկորսնցնել յոյսը եւ ամրապնդել զօրակցութիւնը՝ յիշեցնելով, թէ «այս փորձութեան պահուն ոչ ոք մինակ չէ»։ Լէյրիա-Ֆաթիմայի Քարիթաս կազմակերպութեան միջոցաւ ստեղծուած է արտակարգ օգնութեան հիմնադրամ մը՝ արագօրէն աջակցելու տուժած ընտանիքներուն։

Կառավարութիւնը հռչակած է աղէտի դրութիւն, իսկ Եւրոպական Միութիւնը երաշխաւորած է իր աջակցութիւնը վերականգնման աշխատանքներուն։

Վնասուած վայրերուն շարքին կը գտնուի նաեւ Ֆաթիմայի Սրբավայրը՝ հաւատքի եւ ուխտագնացութեան խորհրդանիշ, որ վնաս կրած է ուժեղ քամիներէն։ Դէպք մը, որ ծանր փորձութեան ենթարկած է ամբողջ երկիրը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ի յայտ բերած է զօրակցութեան եւ փոխօգնութեան ուժեղ ոգին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2026, 09:45