«Աղօթէ Քահանայապետին հետ» հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Յունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը

«Աղօթենք, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը առաջնորդէ մեր աղօթքի կեանքը և օգնէ մեզի միասին քալելու որպէս տիեզերական Եկեղեցի՝ միացած այն մտադրութիւններով, որոնք Սրբազան Հայրը կը կրէ իր սրտին մէջ». Այս է «Աղօթել Պապին հետ» նոր նախագիծին կիզակէտը, որուն ներկայացումը կատարուեցաւ այսօր եւ շարունակութիւնն է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ տասը տարիnòr առաջ սկսած առաքելութեան, որուն նպատակն է հոգեպէս եւ աղօթքով միանալ Քահանայապետին աղօթքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 7 յունուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցը եւ Հաղորդակցութեան վերատեսչութիւնը ներկայացումը կատարեցին նոր նախաձեռնութեան մը հայող Սրբազան Քահանայապետի առաքելութեան եւ աղօթքի դիտաւորութիւններուն. «Աղօթել Պապին հետ» նախագիծը։

Այս ամսուընէ սկսեալ եւ ի շարունակութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սկսած առաքելութեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի բաժնեկցի իր ամսական աղօթքի դիտաւորութիւնը տեսանիւթի եւ ձայնանիւթի միջոցաւ՝ հրաւիրելով Տիեզերական Եկեղեցին եւ բարի կամք ունեցող բոլոր անձերը հոգեպէս միանալու եւ մասնակցելու այդ աղօթքին։

Նախաձեռնութեան նպատակն է աւելի լայն տարածում տալ Պապին աղօթքի դիտաւորութիւններուն, որդեգրելով նոր ձեւաչափ մը, որ մշակուած է աշխարհասփիւռ հաւատացեալներուն աւելի ազդու կերպով հասնելու համար, յատկապէս արդի թուային հաղորդակցութեան ոլորտէն ներս։

Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցի միջազգային տնօրէն՝ Հայր Քրիստոպալ Ֆոնես, բացատրեց, որ «Աղօթել Պապին հետ» նախագիծը ծնունդ առած է Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի փափաքէն՝ օգնելու իւրաքանչիւր անձ գործնականապէս միանալու ամէն ամիս առաջարկուած իր աղօթքի դիտաւորութեան, սիրտը բանալով մարդկութեան հիմնախնդիրներուն եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան առջեւ:

Արդարեւ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Լեւոն ԺԴ. պարզապէս աղօթքի դիտաւորութիւն մը չ՜առաջարկէր այլ ինքն է` որ անձնապէս կ՜աղօթէ հիմնուելով Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Ձեւաչափ որ հրաւէր է հաւատացեալին միանալու Քահանայապետի այդ աղօթքին։

Լեւոն ԺԴ. Պապը` յունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսանիւթին մէջ արտասանեց հետեւեալ աղօթքը.

«Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն:

Տէ՛ր Յիսուս, Հօր կենդանի Բանը, Քու մէջդ կը գտնենք մեր քայլերը առաջնորդող լոյսը: Գիտենք թէ մարդկային սիրտը անհանգիստ է, իմաստի քաղցը ունի, եւ միայն Քու Աւետարանդ կրնայ անոր հանգիստ ու լիութիւն պարգեւել:

Սորվեցո՛ւր մեզի ամէն օր Քեզ լսել Սուրբ Գիրքերուն մէջ, թոյլ տալ որ Քու ձայնդ մեզ քննէ, եւ մեր որոշումները զատորոշել Քու Սրտիդ մօտիկութեան մէջ:

Թող Քու Բանդ ըլլայ սնունդ՝ յոգնութեան պահուն, յոյս՝ խաւարին մէջ եւ զօրութիւն՝ մեր համայնքներուն համար: Տէ՛ր, թող երբեք չպակսի մեր շրթներէն ու սիրտերէն այն Բանը, որ մեզ զաւակներ եւ եղբայրներ կը դարձնէ, Քու Թագաւորութեանդ աշակերտներն ու առաքեալները:

Մեզ դարձո՛ւր եկեղեցի մը, որ Բանով կ’աղօթէ, որ անոր վրայ կը կառուցուի ու զայն ուրախութեամբ կը բաժնեկցի, որպէսզի ամէն անհատի մէջ վերածնի նոր աշխարհի մը յոյսը: Թող մեր հաւատքը հասուննայ Քեզի հետ հանդիպումով՝ Քու Բանիդ միջոցաւ, մեր սիրտերը մղելով դէպի ուրիշները երթալու, ծառայելու ամենատկարներուն, ներելու, կամուրջներ կառուցելու եւ կեանքը աւետելու:

Ամէն»։

Յունուար ամսուայ աղօթքի տեսանիւթը, ներկայացուած է անգլերէն, սպաներէն և իտալերէն եւ ունի նաև այլ լեզուներով ենթագրեր այլ լեզուներով: Քահանայապետի համաշխարհային աղօթքի ցանցը Քահանայապետական հիմնարկ է որ վստահուած է Յիսուսեան միաբանութեան։ Այն ներկայ է աւելի քան 90 երկիրներու մէջ և ունի աւելիք 22 միլիոնէ բաղկացած հաւատացեալներու համայնք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2026, 13:51