«Թող` որ քրիստոնեաները հեռացնեն բաժանումը եւ կազմեն միութեան ամուր կապեր» Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 21 Յունուար 2026-ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, տարբեր լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները Լեւոն ԺԴ խօսքը ուղղեց եւ ողջունեց նաեւ իտալացի ուխտաւորները նշելով` թէ իր ողջոյնը կը տարածէ երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն։
Ան ապա մատնանշեց թէ «Կը գտնուինք Քրիստոնեաներու Միութեան համար Աղօթքի Շաբաթուան մէջ, որ այս տարի ունի հետեւեալ թեման՝ «Մէկ է մարմինը, մէկ է Հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը, որուն Աստուած ձեզ կոչեց» (Եփեսացիս 4,4)։
«Աղաչենք Տիրոջ, որ Իր Հոգիին պարգեւը շնորհէ համայն աշխարհի վրայ սփռուած բոլոր Եկեղեցիներուն, որպէսզի անոր միջոցով քրիստոնեաները հեռացնեն բաժանումը եւ կազմեն միութեան ամուր կապեր»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
