Լեւոն ԺԴ. Պապին նոր որոշումը. Կարդինալական ժողովները պիտի գումարուին տարեկան դրութեամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այս օրերուն Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ կարդինալական արտակարգ ժողովի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին որոշումով հաստատուեցաւ որ այսուհետ կարդինալական ժողովները պիտի գումարուին «տարեկան դրութեամբ, 3-4 օր տեւողութեամբ»։ Յաջորդ հանդիպումը արդէն նշանակուած է 2026-ի յունիսին՝ Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն տօնին առիթով։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ այս քայլը պիտի միտի ապահովել եկեղեցւոյ «շարունակականութիւնը» եւ գործնականացնել այլ առաջարկները, որոնք ներկայացուած էին նախքան Քահանայապետ ընտրուիլը։
Սոյն լուրը յայտարարուեցաւ հինգշաբթի 8 յունուարի երեկոյեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, զոր վարեց Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի մասնակցութեամբ ժողովական երեք կարդինալներու` Սթէֆըն Պրիզլին` Հարաւ Ափրիկէի Ժոհաննեսպուրկի Արքեպիսկոպոս, Լուիս Խօսէ Ռուետա Ապարիսիօ` Քոլոմպիայի մայրաքաղաք Պոկոթայի Արքեպիսկոպոս ապա Փապլօ Վիրճիլիօ Սիոնկչօ Տավիտ` Ֆիլիփփինեան կղզիներու Քալոքան Թեմի Եպիսկոպոսը։
Լեւոն ԺԴ. Պապը վերահաստատեց 2028-ի Եկեղեցական Համագումարը եւ ներդաշնակութեան կոչ ուղղեց կարդինալներուն
Ներկայացնելով Ժողովի երկորդ օրուայ մասին մանրամասնութիւնները Մաթթէօ Պրունին ի միջի այլոց նշեց` որ Կարդինալներուն արտակարգ ժողովին մասնակցեցան 170 կարդինալներ ամբողջ աշխարհէն։ Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց տարեց կարդինալներուն, որոնք հակառակ իրենց տարիքին՝ փութացած էին Վատիկան եւ Իր զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց, որոնք տարբեր պատճառներու համար չի կարողացան ներկայ գտնուիլ։ Լեւոն Պապը այս հանդիպումը բնութագրեց իբրեւ «Հաղորդութեան եւ ներդշանակութեան փորձարութիւն», ուր միասնականութիւնը չի նշանակեր միօրինակութիւն։ Ան նաեւ վերահաստատեց 2028 Հոկտեմբերին կայանալիք Եկեղեցական Համագումարը, որուն մասին յայտարարուած էր անցեալ Մարտին:
«Պապը նոթեր կ՝առնէր, շատ ուշադիր էր»։
Իր ելոյթին մէջ Կարդինալ Պրիզլին, կարդինալական արտակարգ ժողովի փորձառութիւնը բնութագրեց իբրեւ «շատ հարստացնող»՝ շնորհիւ տարբեր տեսանկիւններուն, որոնք թոյլ տուին խորանալու աշխարհի կարիքներուն մէջ։ Հետեւաբար, առիթ մը՝ ծանօթանալու եւ զիրար ճանչնալու համար։ «Այն իրողութիւնը, որ Յունիսին նոր հանդիպում մը կայ, նշան է, որ Սրբազան Հայրը շատ լուրջի առած է այն փաստը, որ մենք կրնանք իրեն օգնել Պետրոսի Յաջորդի իր դերին մէջ», ըսաւ ան։ «Քահանայապետական ընտրութենէն ութ ամիս ետք, Պապը ուզեց մեզ հրաւիրել՝ մեզի մտիկ ընելու համար», արձագանգեց Կարդինալ Ռուետա՝ աւելցնելով. «ասիկա մեզ կը զօրացնէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ»։
Կարդինալ Տաւիտ նաեւ բարձր գնահատեց այն իրողութիւնը, որ Պապը «աւելի շատ մտիկ ըրաւ, քան խօսեցաւ». «Նոթեր կ՝առնէր, շատ ուշադիր էր, իր տուած ներդրումները շատ հարստացնող էին բոլորիս համար»։
Կարդինալական ժողովի առանցքը
Կարդինալական արտակարգ ժողովի քննարկումներուն առանցքը կազմեցին. «սինոդականութիւնը եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Evangelii Gaudium-Աւետարանի Ուրախութիւնը» շրջաբերականին վրայ, որ կը նկատուի տակաւին այժմէական ուղեցոյց։ Կարդինալները քննարկեցին եկեղեցւոյ կառոյցներուն միջազգայնացումը, նուիրակներուն պատրաստութիւնը եւ աշխարհականներուն, յատկապէս կիներուն դերը եկեղեցիէն ներս։ Կարդինալ Փապլօ Տաւիտ շեշտեց, որ կիներու մասնակցութիւնը մշտական մտահոգութիւն է եւ պէտք է ձերբազատուիլ «կղերականութեան» կաղապարներէն։
Անշուշտ, կիներուն հարցը «մշտական մտահոգութիւն մըն է, յայտնեց Փիլիփինիցի ծիրանաւորը՝ յիշեցնելով կին սարկաւագութեան ուսումնասիրութեան յանձնախումին վերջերս հրապարակուած արդիւնքները։ Կարդինալ Տաւիտ նաեւ ակնարկեց «կղերականութեան» եւ վերարծարծեց ժողովուրդի «քահանայատութեան» գաղափարը, որ կը բխի Վատիկանի Բ. Ժողովէն։
«Մենք կը խօսքին Եկեղեցւոյ մարմինին մասին. Ունինք Եկեղեցւոյ գլուխը, բայց միայն գլուխը չէ, կայ նաեւ մարմին մը։ Մարդիկ ունին Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մասնակցելու կարողութիւնը»։
Կոչ՝ երկխօսութեան եւ «զինաթափուած խաղաղութեան»։ Վենեզուելայի կացութեան անդրադարձ
Ժողովի ընթացքին կարդինալները անտարբեր չմնացին աշխարհի տագնապներուն հանդէպ: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Վենեզուելայի ծանր կացութեան: Կարդինալ Ռուետա Ափարիսիօ փոխանցեց Պապին մտահոգութիւնը՝ կոչ ուղղելով երկխօսութեան եւ «զինաթափուած խաղաղութեան»: Կարդինալները ընդգծեցին, որ եկեղեցին պէտք է մօտ ըլլայ պատերազմներէ եւ բռնութիւններէ տառապող ժողովուրդներուն:
Մամլոյս ասուլիսի ընթացքին Քոլոմպիացի արքեպիսկոպոսը յիշեցուց Պապին խօսքերը յունուար 4-ի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին՝ Միացեալ Նահանգներուն յարձակումին յաջորդ օրը, երբ Քահանայապետը «Իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Վենեզուելլայի մէջ պատահածին շուրջ եւ յանձնառու եղաւ քաջալերելու երկխօսութիւնն ու համախոհութեան որոնումը՝ հայցելով խաղաղութիւն, կերտելու համար այնպիս խաղաղութիւն մը, որ ըլլայ միաժամանակ զինաթափուած եւ զինաթափող, եւ որ կը ձգտի միացնել ժողովուրդները՝ յարգելով մարդկային իրաւունքներն ու գերիշխանութիւնը»։
Նորութիւնը պէտք չէ փնտռել միայն քննարկումներուն մէջ
Լրագրողի մը կողմէ ուղղուած հարցումին, թէ որո՞նք են այս կարդինալական արտակարգ ժողովի ընթացքին ի յայտ եկած նորութեան իրական տարրերը, քանի որ նշուած թեմաներէն շատեր արդէն իսկ լայնօրէն քննարկուած էին Սինոդականութեան նուիրուած Սինոդի նիստերուն ընթացքին։ Այս հարցումին ի պատասխան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ կայաած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Կարդինալ Պրիզլին բացատրեց, որ նորութիւնը պէտք չէ փնտռել «միայն քննարկումներուն մէջ»՝ այլ «զիրար ճանչնալու եւ իրարու մտիկ ընելու առիթին մէջ»։ «Ասիկա կարեւոր է, որովհետեւ մենք կու գանք աշխարհի տարբեր կողմերէն, ոմանք նորանշանակ կարդինալներ են, ուրիշներ՝ երկար տարիներուն փորձարութիւն ունեցող»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
