Որոնել

2022.09.27 ingresso da piazza san pietro di Giovanni XXIII e dei vescovi - apertura del Concilio - 11 ottobre 1962

Վատիկանեան Տիեզերական Բ․ Ժողովը՝ բացատրուած Քահանայապետերու կողմէ

Լեւոն ԺԴ․ Պապի կողմէ սկսած քրիստոնէական վարդապետութեան ուսմունքներու նոր շարքին նպատակն է ներկայացնել «Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովը՝ իր փաստաթուղթերուն միջոցաւ»։ Վերընթերցելով Ժողովի փաստաթուղթերը եւ խորհրդածելով անոնց բովանդակութեան մասին․ այս է այս եկեղեցական իրադարձութեան գեղեցկութիւնն ու կարեւորութիւնը վերագտնելու հիմնական ուղին, որ նաեւ թոյլ կու տայ հասկնալու Ժողովի նպատակը եւ մինչ օրս Եկեղեցւոյ բերած պտուղները։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը «օգնեց մեզի բացուելու աշխարհին եւ ընդունելու ժամանակակից դարաշրջանի փոփոխութիւններն ու մարտահրաւէրները՝ երկխօսութեան եւ համատեղ պատասխանատուութեան միջոցաւ»։ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ 2026 թուականի առաջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ատեն արտասանած այս խօսքերը հրաւէր են՝ խորհելու Եկեղեցւոյ պատմութեան այս առանցքային իրադարձութեան մասին։ Ճիշտ այս Ժողովի բնոյթին եւ անոր արդիւնքներուն հայող էական հարցերը պիտի դառնան Նորին Սրբութեան քրիստոնէական վարդապետութեան ուսմունքներու այս տարուան նիւթը։

Ժողովի նախաձեռնութիւնը

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Յովհաննէս ԻԳ․ Պապին։ Ժողովի բացումը կայացած է 11 Հոկտեմբեր 1962 թուականին։

Պենետիկտոս ԺԶ․, որ մասնակցած էր անոր նախ որպէս Քյոլնի կարդինալ Ֆրինկսի աստուածաբանական խորհրդական, ապա՝ որպէս փորձագէտ, 11 Հոկտեմբեր 2012ին, Հաւատքի Տարուայ բացման Սուրբ Պատարագի ժամանակ յիշեցուցած է այդ միջոցառման բացման ժամանակ Յովհաննէս ԻԳ ․խօսքերը. «․․․ Ժողովի հիմնական նպատակը այս կամ այն​​վարդապետական ​​նիւթին քննարկումը չէ… Ատոր համար ժողով պէտք չէր… Անհրաժեշտ է, որ այս որոշակի եւ անփոփոխ ուսմունքը, որ պէտք է հաւատարմօրէն յարգուի, ուսումնասիրուի եւ ներկայացուի այնպէս, որ համապատասխանէ մեր ժամանակներու կարիքներին»։

Ներկայացնելով իր տպաւորութիւնները Ժողովէն Պենետիկտոս ԺԶ․ աւելցուցած էր թէ՝ անոր ընթացքին կար «յուզիչ լարուածութիւն»՝ «հաւատքի ճշմարտութիւնն ու գեղեցկութիւնը այսօրուայ մեր ժամանակի մէջ փայլեցնելու ընդհանուր խնդիրի շուրջ՝ առանց զայն զոհաբերելու ներկայի կարիքներուն կամ կապելու անցեալի հետ. հաւատքի մէջ կը հնչէ Աստուծոյ յաւերժական ներկան, որ կը գերազանցէ ժամանակը, սակայն կրնանք զայն ընդունել միայն մեր անկրկնելի ներկայի մէջ»։

Ժողովի նպատակը

Վատիկանեան Երկրորդ Տիեզերական ժողովը տեղի կ’ունենայ «այն ժամանակ, երբ Եկեղեցին աւելի մեծ ցանկութիւն կը զգայ նոր ուժով ամրապնդելու իր հաւատքը եւ ինքզինք», շեշտած է Յովհաննէս ԻԳ․ «Humanae Salutis» առաքելական սահմանադրութեան մէջ՝ մանրամասնելով ժողովի գումարման պատճառը․ «միաւորելով մեր բոլոր զաւակներու ուժերը որպէսի գործեն այնպէս, որ Եկեղեցին աւելի ու աւելի ընդունակ ըլլայ լուծելու ժամանակակից մարդկութեան խնդիրները։ Այս պատճառով, կարծես ներքին ձայնին հնազանդելով եւ վերէն եկող ոգեշնչումէն մղուած, ժամանակը հասուն կը համարենք Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ ամբողջ մարդկային համայնքին նոր Տիեզերական ժողով առաջարկելու համար, ի շարունակութիւն քսան մեծ Ժողովներուն, որոնք դարերու ընթացքին մեծապէս նպաստած են հաւատացեալներու հոգիներու երկնային շնորհքի աճումին եւ քրիստոնէութեան առաջընթացին»։

Ժողովի բնոյթը

Վատիկանեան Բ․ Տիեզերական Ժողովը արձագանքեց «արագ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին Եկեղեցւոյ բնոյթը եւ անոր յարաբերութիւնները աշխարհի հետ աւելի խոր հասկնալու» մարտահրաւէրին։ Յովհաննէս Պօղոս Բ, որ նոյնպէս մասնակցած է անոր` որպէս ժողովական Հայր, 2000 թուականին Ժողովի իրականացման նուիրուած միջազգային ուսումնասիրական համաժողովի ընթացքին ընդգծած էր այս իրադարձութեան նշանակութիւնը։

«Վատիկանեան Երկրորդ Տիեզերական ժողովը Սուրբ Հոգիին պարգեւն էր իր Եկեղեցւոյ։ Այդ պատճառաւ կը մնայ հիմնարար իրադարձութիւն ոչ միայն Եկեղեցւոյ պատմութիւնը հասկանալու, այլեւ ամէնէն առաջ, Յարուցեալի Հարսի կողքին աշխարհի իրադարձութիւններու մէջ անոր մշտական ​​ներկայութիւնը ստուգելու համար։ (…) Ժողովի միջոցաւ Եկեղեցին ամէնէն առաջ զգաց հաւատքը՝ առանց վերապահումներու յանձնուելով Աստուծոյ՝ որպէս մէկը, որ կը վստահի եւ վստահ է, որ սիրուած է։ (…) Միայն հաւատքի տեսանկիւնէն է, որ Ժողովի իրադարձութիւնը մեր աչքերուն առջեւ կ’երեւի որպէս պարգեւ մը, որուն տակաւին թաքնուած հարստութիւնները պէտք ենք իւրացնել»։

Ժողովի ժառանգութիւնը

Պէտք ենք նայիլ Ժողովի ժառանգութեան որպէս Եկեղեցւոյ ապագայի համար յաւիտենական կենդանի աղբիւր։ Պօղոս Զ․ 12 Յունուարի 1966 թուականին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ժամանակ խորհրդածեց այս «այնքան հազուագիւտ եւ այնքան մեծ» իրադարձութեան մասին։ (…) Ժողովը չստիպեր մեզի ետեւ նայելու, այլ կը ստիպէ նայելու մեզի ձգած ժառանգութեան, որ ներկայ է եւ պիտի մնայ ապագային»։ Այդ «ժառանգութիւնը կազմուած է տարբեր բնոյթի փաստաթուղթերէն. Սահմանադրութիւններ (չորս), Հրամանագիրեր (ինը) եւ Հռչակագիրեր (երեք), որոնք միասին կը կազմեն վարդապետութիւններու եւ օրէնքներու ամբողջութիւն մը՝ խրախուսելով Եկեղեցւոյ նորոգումը»։

Վերաբացայայտել Ժողովը

Պէտք ենք վերաբացայայտել Ժողովը՝ «վերականգնելու համար առաջնահերթութիւնը Աստուծոյ, էականին»։ Ֆրանչիսկոս Պապ 11 Հոկտեմբեր 2022ին Վատիկանեան Երկրորդ Տիեզերական ժողովի բացման 60ամեակին, յիշեցուցած էր այն ուղին, զոր Եկեղեցին՝ Ժողովի Հայրերուն հետքերով, կոչուած է հետեւիլ։ Ան ընդգծած էր հաւատքի ուրախութիւնը եւ հաստատած, որ «Եկեղեցի մը` որ ուրախութիւնը կորսնցուցած է կորսնցուցած է սէրը»։

Ըմբռնել ժողովի ժառանգութիւնը

Ինչպէ՞ս մօտեցնել Ժողովը Եկեղեցւոյ ամենօրեայ ճամբորդութեան։ Այս հարցումը ընկերացաւ Լեւոն ԺԴ․ Պապի՝ 7 Յունուար 2026 թուականին ընդհանուր ունկնդրութեան ատեն խորհրդածութիւններու նոր շարքին՝ նուիրուած Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովին․ «Մօտենալով Վատիկանի Երկրորդ Ժողովի փաստաթղթերուն եւ վերագտնելով անոնց մարգարէութիւնն ու արդիականութիւնը՝ մենք կ՛ ընկալենք Եկեղեցւոյ կեանքի հարուստ աւանդոյթը եւ, միեւնոյն ժամանակ, հարց կու տանք ներկայի մասին եւ կը նորոգենք աշխարհին ընդառաջ վազելու ուրախութիւնը՝ անոր հասցնելու համար Աստուծոյ Թագաւորութեան Աւետարանը՝ սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան թագաւորութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2026, 09:00