Որոնել

Իտալիոյ մէջ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը Իտալիոյ մէջ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը 

Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Ողիմպիական խաղերը պէտք է ըլլան մշակոյթներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու առիթ»

Միլանօ-Քորթինա ողիմպիական խաղերու առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը յղեց՝ շեշտելով մարզանքի դերը որպէս մարդկային անհատի ամբողջական զարգացման եւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան խթանման ազդակ։ Սրբազան Հայրը յոյս յայտնեց, որ այս առողջ մրցակցութիւնը պիտի նպաստէ մշակոյթներու միջեւ կամուրջներու կառուցման եւ խաղաղութեան ու համերաշխութեան արժէքներու տարածման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Միլանօ-Քորթինա ձմեռնային ողիմպիական եւ անդամալոյծներու (paralympic) խաղերու բացման առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի յատուկ պատգամ մը յղեց Միլանոյի Արքեպիսկոպոս Մարիօ Տելփինիին: Պատգամը կարդացուեցաւ Միլանոյի Սուրբ Պապիլաս եկեղեցւոյ մէջ՝ մարզիկներու «Ողիմպիական Խաչի» ընդունելութեան հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:

«Լեւոն ԺԴ. Պապը իր ջերմ ողջոյնը  յղեց բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին Միլանօ-Քորթինա Ողիմպիական եւ Անդամալոյծներու (Paralympic) խաղերու բացման առթիւ Սուրբ Պապիլաս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող «Մարզիկներու Ողիմպիական Խաչի» ընդունելութեան հանդիսաւոր արարողութեան», գրուած է
Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ յղուած հեռագիրին մէջ որուն մէջ ծիրանաւորը փոխանցած է նաեւ Նորին Սրբութեան այն յոյսը որ այս կարեւոր իրադարձութիւնը առիթ հանդիսանայ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան զգացումներու զօրացման:

Պատգամին մէջ կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը կը շեշտէ մարզանքի կարեւորութիւնը՝ որպէս մարդկային անհատի ամբողջական զարգացման նպաստող ազդակ ու Սրբազան Հայրը կը հաւաստիացնէ իր աղօթքները, որպէսզի առողջ մրցակցութեան այս օրերը նպաստեն մշակոյթներու միջեւ կամուրջներու կառուցման, Ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան խթանման, Հիւրընկալութեան եւ փոխադարձ յարգանքի արժէքներու տարածման:

Կարդինալ Փարոլին պատգամը աւարտեց, փոխանցելով Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական օրհնութիւնը բոլոր կազմակերպիչներուն եւ մարզիկներուն՝ հայցելով Աստուծոյ մշտական օգնութիւնը այս մարզական մեծ տօնին համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2026, 19:49