Աղօթենք Քրիստոնեաներու միութեան եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատումին համար. Լեւոն ԺԴ
Ռոպէր Աթթարեան
Կիրակի 18 Յունուարին, Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան սկիզբին օրը, Լեւոն ԺԴ Պապը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւոր հաւատացեալներուն, յիշեց այսօր սկիզբ առնող Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքին շաբաթը։
Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբաթը
«Այսօր կը սկսի Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը», ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով, թէ «Այս նախաձեռնութեան ակունքները կը գտնենք երկու դարեր առաջ, և Լևոն ԺԳ Պապը մեծապէս քաջալերեց զայն»։ «Ճիշտ հարիւր տարիներ առաջ առաջին անգամ ըլլալով հրատարակուեցաւ «Քրիստոնէական միութեան համար աղօթքի ութօրէքի առաջարկներ» գրքոյկը» նշեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով աղօթքի այս շաբթուան համար այս տարի ընտրուած նիւթին որ քաղուած է Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներուն ուղղուած նամակէն. «Մէկ է մարմինը եւ մէկ է Հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը որուն դուք կոչուած էք (Եփեսաց. 4,4)։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատրաստած աղօթքները
«Աղօթքները եւ խորհրդածութիւնները պատրաստուեցան համամիութենական խումբի մը կողմէ համադրութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Միջ-Եկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակին» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ ու հրաւիրեց բոլոր կաթողիկէ հասարակութիւնները այն օրերուն ամրապնդելու իրենց աղօթքը ի նպաստ «բոլոր քրիստոնեաներու տեսանելի լիակատար միութեան»։
Աղօթք վասն արդարութեան եւ խաղաղութեան
«Մեր այս միութեան ի սպաս յանձնառումին պէտք է ընկերանայ նաեւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ արդարութեան ի սպաս յանձնառումը» յարեց ապա Սրբազան Պապը յատուկէն յիշելով Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան արեւելեան շրջանի բնակիչները որոնք «բռնութեան և լուրջ մարդասիրական ճգնաժամի պատճառաւ ստիպուած եղան փախչելու իրենց երկրէն մասնաւորապէս դէպի Պուրունտի»։
Քոնկոն եւ Հարաւային Ափրիկէն
«Աղօթենք, ըսաւ Ան, որպէսզի հակամարտութեան մէջ գտնուող կողմերու միջև միշտ գերակշռէ հաշտեցման և խաղաղութեան համար երկխօսութիւնը»։
Սրբազան Պապը իր աղօթքները հաւաստիացուց նաեւ վերջին օրերուն Հարաւային Ափրիկէն հարուածող ջրհեղեղի զոհերուն համար ապա ողջունեց հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներուն զանազան խումբերը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան եւ աղօթքին համար ապա հրաժեշտ առաւ բոլորէն մաղթելով բարի կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
