Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք  (AFP or licensors)

Մարեմեան աղօթք. Իրանի և Սուրիոյ մէջ թող համբերութեամբ մշակուին երկխօսութիւնն ու խաղաղութիւնը. Լեւոն ԺԴ.

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Քահանայապետը յատուկէն յիշեց Իրանի մէջ տիրող լարուած իրավիճակը ու Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումները կոչ ուղղելով «հետապնդելու համայն ընկերութեան հասարակաց բարիքը». Ան ապա խաղաղութիւն հայցեց Ուքրանիոյ համար. «Կասեցնել բոլոր բռնութիւնները ու խտացնել խաղաղութեան համար ջանքերը» եղաւ անոր հրաւէրը ապա աղօթեց նաեւ բոլոր այն մանուկներուն որոնք աշխարհ եկած են դժուար պայմաններու մէջ «ըլլայ առողջական ըլլայ արտաքին վտանգներու պատճառաւ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Մեծ է Լեւոն ԺԴ. Պապին մտահոգութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ տիրող լարուած իրավիճակներուն ի տես։ Մտահոգութիւն` որ Ան արտայայտեց Կիրակի 11 Յունուար 2026-ի կէսօրին առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետքը, ողջոյնի խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող բազմահազար հաւատացեալներուն։

Սուրիա եւ Իրան

«Մրածումս կը յղեմ այս օրերուն Միջին Արեւելքի մէջ պատահածին, մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ, ուր կը շարունակուին լարուածութիւնները, որոնք կը յառաջացնեն բազմաթիւ մարդոց մահը» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթանք արտայայտելով եւ աղօթելով` որ «համբերութեամբ մշակուին երկխօսութիւնն ու խաղաղութիւնը հետապնդելով համայն ընկերութեան հասարակաց բարիքը»։

Ուքրանիա

Լեւոն ԺԴ Պապը ակնարկեց նաեւ Ուքրանիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած «ծանր» յարձակումներուն, որոնք  «ծանրապէս կը հարուածեն քաղաքացիական բնակչութիւնը» եւ ուղղուած են յատկապէս «ուժանիւթային ենթակառուցուածքներուն, մինչ ցուրտ եղանակը աւելիով կը սաստկանայ» ըսաւ Ան եւ աղօթքները ապահովեցուց բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին ապա նորոգեց կոչը «կասեցնելու բռնութիւնները եւ խտացնելու` խաղաղութեան հասնելու ջանքերը»։

Մկրտուած նորածիններ

Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ապա Սուրբ Պետրոս հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, մինչ խօսքին սկիզբը Ան յիշած էր առաւօտեն Սիքստինեան մատուցած պատարագը, «որուն ընթացքին մկրտեցի Սուրբ Աթոռի աշխատակիցներու մի քանի նորածին մանուկներ» ըսաւ Ան եւ ուզեց իր օրհնութիւնը տարածել բոլոր մանուկներուն, որոնք այս օրերուն ընդունեցան կամ պիտի ընդունին մկրտութիւնը, զանոնք յանձնելով Սուրբ Կողս Մարիամի հովանիին։

Դժուար պայմաններու մէջ ծնած մանուկներ

Յատուկէն կ՜աղօթեմ դժուար պայմաններու մէջ ծնած մանուկներուն համար, ըլլայ առողջական, ըլլայ արտաքին վտանգներու պատճառաւ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մաղթելով` որ «Մկրտութեան շնորհքը որ զանոնք կը միացնէ Քրիստոսի զատկական խորհուրդին, անոնց եւ անոնց ընտանիքներուն մէջ գործէ արդիւնաւէտ կերպով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2026, 12:36