2026.01.01 Angelus

Այսօրուընէ սկսինք կառուցել խաղաղութեան տարի մը, զինաթափելով մեր սրտերը ու զերծ մնալով որեւէ բռնութենէ. Լեւոն ԺԴ

«1968 թուականի Յունուարի մէկին, Սուրբ Պօղոս Զ. Պապի կամքով, այսօր կը նշուի Խաղաղութեան համաշխարհային օրը։ Իմ պատգամիս մէջ ես ուզեցի կրկնել այն մաղթանքը, որ Տէրը յայտնեց, երբ ինձ կոչեց այս ծառայութեան. «Խաղաղութիւն ձեզի բոլորիդ»։ Անզէն և զինաթափող խաղաղութիւն, որ կու գայ Աստուծմէ, պարգեւը Անոր անվերապահ սիրոյն, որ վստահուած է մեր պատասխանատուութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2026 տարուայ առաջին օրը, մէկ Յունուարին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետքը ողջոյնի խօսքը ուղղելով հրապարակ համախմբուած հաւատացեալներուն իր «խաղաղութեան ու ամենայն բարիքի» շնորհաւորանքները փոխանցեց տարուան առաջին օրուան առիթով ոորոնց աւելցուց նաեւ իր  բարեմաղթանքները` Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային, որ իր կարգին Քահանայապետին ուղղած էր բարեմաղթական պատգամ մը որուն մէջ հրաւէր ուղղած է ընդառաջելու Քահանայապետի կոչին ու պայքարելու ատելութեան դէմ և զինաթափելու խօսքերը։

«1968 թուականի Յունուարի մէկին, Սուրբ Պօղոս Զ. Պապի կամքով, այսօր կը նշուի Խաղաղութեան համաշխարհային օրը։ Իմ պատգամիս մէջ ես ուզեցի կրկնել այն մաղթանքը, որ Տէրը յայտնեց, երբ ինձ կոչեց այս ծառայութեան. «Խաղաղութիւն ձեզ բոլորիդ», ըսաւ Սրբազան Պապը եւ շարունակեց. «Անզէն և զինաթափող խաղաղութիւն, որ կու գայ Աստուծմէ, պարգեւը Անոր անվերապահ սիրոյն, որ վստահուած է մեր պատասխանատուութեան» յարեց ապա Ան հրաւիրելով բոլորը «Քրիստոսի շնորհքով այսօրուընէ սկսիլ կառուցել խաղաղութեան տարի մը, զինաթափելով մեր սրտերը ու զերծ մնալով որեւէ բռնութենէ»։

Քահանայապետը առ այդ գնահատանք արտայայտեց բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն համար, որոնք կազմակերպուեցան այս խաղաղութեան օրուան առիթով յատուկէն յիշելով շաբաթ երեկոյեան Իտալիոյ Քաթանիայ քաղաքին մէջ կայացած խաղաղութեան ազգային քայլարշաւը եւ Կիրակի օր Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան ջանքերով կազմակերպուած այլ ձեռնարկը։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ապա Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը եւ յիշելով, որ այս տարի կը յիշատակուի Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան ութերորդ դարադարձը, անոր օրհնութիւնները փոխանցեց բոլորին ըսելով. «Տէրը օրհնէ քեզ ու պահպանէ քեզ, ցոյց տայ իր երեսը քեզի ու ողորմէ քեզի, հայեացքը ուղղէ դէպի քեզ ու խաղաղութիւն տայ քեզի»։

«Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը մեզ առաջնորդէ այս նոր տարուայ ուղեւորութեան մէջ։ Շնորհաւոր ըլլայ բոլորիդ» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. Պապը եզրափակելով իր տարուայ առաջին Մարեմեան աղօթքի ընթացքին հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյցի խօսքը։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2026, 12:44