Pope Leo XIV meets President of the European Parliament Roberta Metsola at the Vatican

Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլա Սրբազան Պապին մօտ

Այսօր առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Պապը Առաքելական Պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլան որ իր X հարթակին վրայ երախտագիտութիւն յայտնեց Սրբազան Պապին «նպատակներու յստակութեան» համար եւ «Եւրոպայի ու աշխարհի մէջ երկխօսութեան միջոցաւ խաղաղութեան առաջխաղացման վերաբերող անոր բաժնեկցուած խոկումներուն» համար։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Իմաստալից առաւօտ մը Վատիկանի մէջ՝ Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ ունեցած ընդունելութեանs ընթացքին։ Երախտապարտ եմ անոր նպատակներու յստակութեան եւ խաղաղութեան առաջխաղացման վերաբերող մեր համատեղ խոկումներուն՝ Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ երկխօսութեան միջոցաւ»։ Այսպէս կը մեկնաբանէ այսօր՝ 29 Յունուարին, Լեւոն ԺԴ Պապին հետ Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ իր ունեցած հանդիպումը` Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլան, իր պաշտօնական X հաշիւին վրայ կատարած գրառումով։

Մեցոլան այսօր Հռոմ այցելեց՝ հանդիպելով Քահանայապետին ու Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին։ Նախատեսուած էին նաեւ անոր հանդիպումները Իտալիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ, որոնց շարքին Վարչապետ Մելոնին, Եւրոպական Միութեան հիմնարար արժէքներու շուրջ ազգային եւ եւրոպական կրօնական ու քաղաքական հաստատութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը խթանելու նպատակով։

Կէսօրէն ետքը Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահը կը մասնակցի «Տէ Կասփերիի ժառանգութիւնը. ազատութեան եւ  պաշտպանութեան Եւրոպան» խորագիրով ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական Խորհրդարանի «Փիացցա Վենեցիա» գտնուող կեդրոնին մէջ։

Առաւօտեան հանդիպումներու շարքին ներառուած էր նաեւ Մեցոլայի հանդիպումը Մալթայի Ուխտի Մեծ Վարպետ՝ եղբայր ճոն Տընլափի հետ։ «Քաղաքավարական այցելութիւնը,– կը նշուի հաղորդագրութեան մը մէջ,– առիթ հանդիսացաւ ծանօթանալու Մալթայի Ուխտի գործունէութեան, որ տարածուած է աշխարհի 130-է աւելի երկիրներու մէջ»։

Նախագահը մեծ գնահատանք յայտնեց Ուխտին կատարած մարդասիրական աշխատանքին համար՝ բարդ իրավիճակներու մէջ, ինչպէս Ուքրանիայի եւ Կազայի տարածքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2026, 12:40