Յոյսի Յոբելեանին Սուրբ Դռան փակումը. «Այս Սուրբ Դուռը կը փակուի, բայց Քու ողորմութեան դուռը փակ չէ»
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, որպէս յոյսի ուխտաւորներ մենք փնտռեցինք կեանքին ուղին Աստուծոյ Խօսքի եւ անոր անսահման ողորմութեան լոյսին ներքոյ։ Երկինքէն իջած հացը թիկունք կանգնեցաւ մեր ուղեւորութեան։ Քրիստոսին սէրը մեզ մղեց ապաշխարութեան, եղբայրութեան, խաղաղութեան ու արդարութեան որոնումին։ Երախտապարտ սրտով մենք կը պատրաստուինք փակելու այս Սուրբ Դուռը, որմէ անցաւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը, այն վստահութեամբ, որ բարի Հովիւը միշտ բաց կը պահէ իր սրտին դուռը, մեզ ընկալելու համար, ամէն անգամ, որ մենք ըլլանք յոգնած եւ ճնշուած։ Առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն միացնենք մեր ձայնը համայն Եկեղեցւոյ ձայնին փառաբանելու համար Աստուած, որ ուղարկեց իր Միածին Որդին, լոյսը աշխարհին»։
Դռնփակի արարողութիւնը
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը վերոնշեալ այս աղօթքը արտասանեց, վեց Յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին Սուրբ Պետրոս տաճարի մուտքի ներքնագաւիթին մէջ, Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Դռան դիմաց, այնտեղ կայացած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, որով փակումը կատարուեցաւ Յոբելենական Սուրբ Տարուան եւ տարուան առիթով բացուած Սուրբ Դռան, որուն բացումը կատարած է հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը 2024-ի 24 դեկտեմբերին։
Ըստ աւանդութեան Յոբելենական սովորական տարիները կը նշուին ամէն 25 տարին անգամ մը, եւ այդ տարիներուն առթիւ է որ կը բացուին Քահանայապետական Պազիլիքաներու Սուրբ Դռները, որոնք բաց կը մնան գրեթէ ամբողջ տարի մը։ Նոյնը պատահեցաւ նաեւ իր աւարտին հաաած այս Յոբելենական տարուան առիթով եւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան փակումով փակուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ «Spes non confundit» կոնդակով հռչակուած Սուրբ Տարին։
Սուրբ Դռան փակումը
Լեւոն ԺԴ. Պապը մօտենալով Սուրբ Դռան ծունկի եկաւ ու պահ մը աղօթեց լռելեան ապա ոտքի ելաւ եւ փակեց Սուրբ Դուռը, արարք որ յատկանշեց թէ Յոբելենական ժամանակը վերջ գտած է բայց Աստուծոյ ողորմութիւնը բաց կը մնայ միշտ, ինչպէս աղօթած էր փակումէն առաջ Լեւոն ԺԴ. «Այս Սուրբ Դուռը կը փակուի, բայց Քու ողորմութեան դուռը փակ չէ»։
Նշենք` որ աւելի ուշ այլ մասնաւոր կարգով մը տեղի կ՜ունենայ «աղիւսապատման» ծէսը որով Սուրբ Դռան ներքին կողմի առջեւ, կը կառուցի աղիւսէ պատ մը, որով կը կնքուի Սուրբ Դուռը։ Ծէսի ընթացքին պատի մէջ կը տեղադրուին աւանդական մետաղական պարկուճը (capsis), որ կը պարունակէ փակման արձանագրութիւնը, Յոբելենական տարուայ ընթացքին հատուած մետաղադրամները և Դռան բանալիները:
Աստուածայայտնութեան տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագը
Այս հոգեպարար արարողութենէն ետքը Նորին Սրբութիւնը թափորով մուտք գործեց Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա ուր գլխաւորեց Յիսուսի Աստուածայայտնութեան տօնին նուիրուած պատարագը մասնակցութեամբ կարդինալական եւ եպիսկոպոսական դասերու, քահանաներու ու բազմահազար հաւատացեալներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու, որոնց շարքին էր Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
