Լևոն ԺԴ. Խուսափինք «խելացնոր գործօնութենէն», որ կը հիասթափեցնէ և կը դատարկէ Սուրբ Ծննդեան տօնը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Չորեքշաբթի` 17 դեկտեմբերին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը տարբեր լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց ներկաներուն զգուշացնելով զանոնք «մակերեսային» կերպով մեկնաբանելէ Յիսուսին մօտալուտ գալուստը ու հրաւիրելով չճնշուիլ նախապատրաստութիւններու խելացնորութենէն, որ կ՛ արժեզրկէ 25 դեկտեմբերի իսկական իմաստը, մինչև հիասթափեցնելու և մթագնելու Յիսուսի՝ «մեր կեանքի գանձի»ն ընկալումը։
Խօսքը ուղղելով իտալացի ուխտաւորներուն Քահանայապետը շեշտը դրաւ Մսուրի մշակութային, գեղարուեստական եւ հաւատքի արժէքին վրայ մաղթելով, որ ան շարունակէ մաս կազմել ծննդեան աւանդութիւններուն յիշելու համար Յիսուսը որ եկաւ բնակելու մեր մէջ։
Ան ապա ֆրասլեզու հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ նախազգուշացուց խուսափելու «խելացնոր գործօնութենէն», որ կարող է դատարկել Սուրբ Ծննդեան տօնը եւ առիթ տալ հիասթափութեան։
«Ժամանակ Յատկացնենք մեր սրտերը ուշադիր և զգօն դարձնելու Յիսուսը սպասելու ժամանակ, որպէսզի Անոր սիրառատ ներկայութիւնը յաւիտեան դառնայ մեր կեանքի և մեր սրտերուն գանձը» նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը որ ապա Լեհ հաւատացեալները հրաւիրեց մօտենալու Խոստովանանքի խորհուրդին ու ապրելու հոգեւոր կրթութեան շրջան մը, փորձառութիւնները որոնք կարող են պարգեւել խաղաղութիւն, ուրախութիւն եւ կեանքին իսկական իմաստը։
Գալստեան շրջանը մեզ կը հրաւիրէ պատրաստուելու Սուրբ Ծննդեան տօնին՝ Յիսուսը ընդունելով առանց վերապահումներու։ Ան մեր յոյսն է։ Հետևաբար, եկէք ուրախութեամբ սպասենք Անոր ծնունդը ու միասին աղօթենք՝ լի վստահութեամբ. «Եկ, Տէր Յիսուս», եղան Սրբազան Պապին գերմանախօս հաւատացեալներուն ուղղած խօսքերը, որ ապա փորթուկալցի հաւատացեալները հրաւիրեց լաւապէս ապրելու Ծննդեան իննօրեան մինչ արաբական աշխարհի հաւատացեալներուն յիշեցուց, թէ «Քրիստոնեան կոչուած է սիրտը բանալու Աստուծոյ եւ մերձաւորի սիրոյն, որպէսզի ան լեցուի իսկական խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
