Որոնել

2023.02.28 Saluto Castel Gandolfo - Benedetto XVI - 28 febbraio 2013

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի մահուան երրորդ տարելիցը

Երեքշաբթի 30 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի երբեմնի կառավարիչ` Կարդինալ Կերարտ Լուտվիկ Միւլլերը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ կը մատուցէ հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ ի յիշատակ հանգուցեալ Քահանայապետին։ Պատարագ` որ պիտի կրկնուի նաեւ յաջորդ օրը` Չորեքշաբթի 31 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը եօթին, այս անգամ Վատիկանեան Պազիլիքայի գետնադամբանին մէջ, նախագահութեամբ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրդ Քոխին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

31 դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Պապը կ՛աւարտէր իր երկրային ուխտագնացութիւնը վերադարձ կատարելով դէպի Երկնաւոր Հայրը։ Ան իր հոգին աւանդեց առ Հայր ժամը 9,34 ին, 95 տարեկանին։

Հոգեհանգստեան պատարագներ

Երեք տարիներ անցան այդ թուականէն եւ այս տարելիցին առիթով` երեքշաբթի 30 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի երբեմնի կառավարիչ` Կարդինալ Կերարտ Լուտվիկ Միւլլերը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի «Գահի» խորանին վրայ կը մատուցէ հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ ի յիշատակ հանգուցեալ Քահանայապետին։ Պատարագ` որ պիտի կրկնուի նաեւ յաջորդ օրը` Չորեքշաբթի 31 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը եօթին, այս անգամ Վատիկանեան Պազիլիքայի գետնադամբանին մէջ, ուր կը հանգչի Պենետիկտոս ԺԶ.ը, նախագահութեամբ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրդ Քոխին, գերմաներէն լեզուով։

265րդ Քահանայապետը

Պենետիկտոս ԺԶ., աւազանի անունով Ժոզէֆ Ռացինկեր, եղաւ Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ 265րդ Քահանայապետը` 2005էն մինչեւ 2013, երբ Ան անակնկալ եւ աննախադէպ մէկ որոշումով հրաժարեցաւ Քահանայապետութենէն շփոթութեան մատնելով եկեղեցին եւ աշխարհը։

Ծնած էր 16 ապրիլ 1927, Գերմանիոյ մէջ։ Անոր Քահանայապետութիւնը սկիզբ առած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի մահէն յետոյ, 19 ապրիլ 2005-ին ու աւարտած էր` իր իսկ որոշումով 28 Փետրուար 2013-ին, որմէ ետք ան քաշուած էր մենակեաց կեանք, Վատիկանի Մաթեր Էքլեզիէ վանքին մէջ։

Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան

«Պենետիկտոս ԺԶ եղաւ Աստուծոյ ամենահաւատարիմ ու գործունեայ ծառաներէն մին» գրած էր այդ ժամանակ իր ցաւակցագիրին մէջ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը։

Մինչ հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը իր նախորդը անուանած էր «մեծ՝ իր հմտութեան թափանցողութեամբ եւ զօրութեամբ, մեծ՝ աստուածաբանութեան բերած պատշաճ նպաստով, մեծ՝ իր սիրով Եկեղեցւոյ եւ մարդկային էակներու հանդէպ, մեծ՝ իր բարեպաշտութեան առաքինութեամբ»։ Ան ապա անոր հրաժարականը նկատած էր «սրբութեան, մեծութեան եւ խոնարհութեան արարք մը։

Ի դարու ամենակարեւոր Կաթողիկէ մտաւորականը

Պենետիկտոս ԺԶ արդարեւ համարուած է Ի դարու ամենակարեւոր Կաթողիկէ մտաւորականներէն մին։ Մեծ գիտնական եւ հմուտ աստուածաբան, ան Քահանայապետ չընտրուած գրեթէ քսան տարիներ ծառայած էր, որպէս Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի Կառավարիչ, երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի օրով։

Ան հեղինակը եղած է տարբեր գրութիւններու եւ աշխատութիւններու ինչպէս Ներածութիւն քրիստոնէութեան և Յիսուս Նազովրեցիի մասին Եռագրութիւնը։

Ան եղաւ Խոր աստուածաբան և հեզ հովիւ մը՝ որ իր կեանքը նուիրեց ճշմարտութիւնը որոնելու և հաւատքի ու բանականութեան միջև երկխօսութիւն հաստատելու։ Ան եղաւ նաեւ Եւրոպայի քրիստոնէական արմատներու պաշտպանը։ Անոր վարդապետութիւնը, աղօթքի վկայութիւնը և խոնարհութեան ժեստերը կը շարունակեն այսօր եւս լուսաւորել բազմաթիւ հաւատացեալներու ուղին։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2026, 08:00