Pope Leo XIV's General Audience

Քրիստոսի խաղաղութեամբ շնորհաւոր նոր տարի. Լեւոն ԺԴ.

Անգլերէն լեզուի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Պապը Սուրբ Ծննդեան օրհնեալ տօներուն առիթով բոլորին մաղթեց աղօթքով լի բարեմաղթանքներ և ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ լի նոր տարի մը։ Ողջունելով ապա արաբական աշխարհի հաւատացեալները Քահանայապետը յատուկէն ողջունեց Սուրբ Երկրէն ժամանած երիտասարդներուն ապա բոլորին մաղթեց Շնորհաւոր Նոր Տարի մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 31 դեկտեմբեր 2025-ին, Լեւոն ԺԴ Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած տարուան վերջին հրապարակին ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին տարբեր լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած տարբեր երկիներէն ժամանած ուխտաւորներուն։

Անգլերէն լեզուի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Պապը Սուրբ Ծննդեան օրհնեալ տօներուն առիթով բոլորին մաղթեց աղօթքով լի բարեմաղթանքներ և ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ լի նոր տարի մը։

Ֆրանսացի ուխտաւորները հրաւիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրելու որ մեզ ներշնչէ իսկական երախտագիտութիւն ցուցաբերելու բոլոր այն բարիքներուն համար որ ընդունեցանք Աստուծոյ աւարտին հասած տարուան ընթացքին, ու հայցելով որ սկիզբ առնող նոր տարուան ընթացքին մեզ առաջնորդէ Յիսուսին հետքերով։

Քահանայապետը ապա Փորթուկալցի հաւատացեալները հրաւիրեց իրենց կեանքը աւելիով համապատասխան դարձնելու Յիսուսի Աւետարանին

Ողջունելով ապա արաբական աշխարհի հաւատացեալները Քահանայապետը յատուկէն ողջունեց Սուրբ Երկրէն ժամանած երիտասարդներուն ապա բոլորին մաղթեց Շնորհաւոր Նոր Տարի մը։

Սրբազան Պապը ողջունեց ապա երիտասարդները, հիւանդները եւ նորապսակները քաջալերելով իւրաքանչիւր անձ քալելու միշտ խոնարհութեան ճանապարհին վրայ զոր Աստուծոյ Որդին աշխարհ գալով ընտրեց իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2026, 10:51