Որոնել

«Յոյսը կը յաղթէ տագնապին». Լեւոն ԺԴ. Պապին տարեմուտի քարոզը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց տարեմուտի «Te Deum» գոհաբանական արարողութիւնը։ Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտեց Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրն ու յոյսի կարեւորութիւնը՝ պատգամելով, որ Հռոմն ու աշխարհը յառաջ ընթանան խոնարհներուն ծառայելու եւ խաղաղութեան տեսլականով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 31 դեկտեմբեր 2025ին, տարուան վերջին օրը աւանդութեան համաձայն Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ ժամասացութիւն եւ «Te Deum» գոհաբանական աղօթքը, որուն առթիւ կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդական երկրպագութիւնն ու Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։ Լեւոն ԺԴ. Պապը 2025 տարին աւարտեց գլխաւորելով վերոնշեալ արարողութիւնը։

Ան այս առթիւ արտասնած քարոզը կեդրոնացուց Աստուծոյ ծրագրին եւ յոյսին վրայ։ Հանդիսաւոր «Te Deum» շարականի երգեցողութեամբ, Ան երախտագիտութիւն յայտնեց 2025-ի Յոբելենական տարուան համար, որ իր աւարտին հասաւ Սուրբ Պետրոսի շիրիմին առջեւ։

Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց Պօղոս առաքեալի խօսքերը «ժամանակներու լրումին» մասին շեշտելով, որ մինչ աշխարհը յաճախ կը կառավարուի տնտեսական կամ զինուորական շահախնդիր «ռազմավարութիւններով», Աստուծոյ ծրագիրը սիրոյ եւ որդեգրութեան նախագիծ մըն է։ Սուրբ Կոյս Մարիամը այս ծրագրին կեդրոնն է. ան իր «այո»-ով թոյլ տուաւ, որ Աստուծոյ յոյսը հիւսուի մարդկային պատմութեան հետ։ Մարիամի «Մեծացուսցէ»-ն մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած կը տապալէ հզօրները եւ կը բարձրացնէ խոնարհները։

Քահանայապետը նշեց, որ աշխարհը յառաջ կ'երթայ շնորհիւ այն պարզ ու անյայտ մարդոց, որոնք կը հաւատան լուսաւոր վաղուան մը։ Պետրոս առաքեալը այդպիսի պարզ ձկնորս մըն էր, որուն հաւատքին վրայ Քրիստոս կառուցեց իր Եկեղեցին։ Այս Յոբելենական տարին առիթ եղաւ միլիոնաւոր ուխտաւորներու համար վերանորոգելու այդ նոյն հաւատքը։

Լեւոն ԺԴ. Պապը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան Յոբելեանի յաջողութեան համար՝ յիշելով նաեւ երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապի փափաքները։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը աւարտեց. հայցելով Աստուածամօր՝ Salus Populi Romani-ի բարեխօսութիւնը, որպէսզի մարդկութիւնը ընթանայ խաղաղութեան եւ աստուածային սիրոյ ճանապարհով։ Այս տարուան վերջին ժամերուն, քահանայապետը մեզ կը հրաւիրէ տեսնելու աշխարհը Աստուծոյ հայեացքով, ուր յոյսը կը յաղթէ տագնապին։

«Այսօր, սիրելիներ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ Յոբելեանի պարգեւին համար, որ մեծ նշան մը եղաւ մարդուն եւ աշխարհին նկատմամբ Անոր ունեցած յոյսի ծրագրին։ Եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք 2025 թուականի ամիսներուն եւ օրերուն ընթացքին աշխատեցան ի սպաս ուխտաւորներուն եւ Հռոմը աւելի հիւրընկալ դարձնելու համար։ Այս էր մէկ տարի առաջ սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքը։ Կը փափաքիմ, որ անիկա շարունակէ այդպէս մնալ, եւ պիտի ուզէի՝ առ աւելի ըլլայ այս շնորհքի ժամանակաշրջանէն ետք։ Թող որ այս քաղաքը, քրիստոնէական յոյսով տոգորուած, ըլլայ ի ծառայութիւն Աստուծոյ սիրոյ ծրագրին՝ մարդկային ընտանիքին հանդէպ։ Թող մեզի համար ասիկա հայցէ Աստուածամօր՝ Salus Populi Romani-ի բարեխօսութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Գոհաբանական աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը այցելեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կառուցուած հսկայական մսուրը այնտեղ ամփոփուելով աղօթքի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2026, 17:38