Որոնել

Ֆու Ժէն Կաթողոկի համալսարանի հարիւր ամեակը Ֆու Ժէն Կաթողոկի համալսարանի հարիւր ամեակը 

Լեւոն ԺԴ. Պապը Շնորհաւորեց Ֆու Ժըն Համալսարանին Հարիւրամեակը եւ Կոչ ըրաւ դառնալու իմաստութեան վկաներ

Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհաւորական գիր յղեց Կաթողիկէ Ֆու Ժըն Համալսարանին՝ իր հարիւրամեակի առթիւ, յայտնելով որ անիկա Մանդարին լեզուով Սուրբ Աթոռի կողմէ հիմնուած միակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է աշխարհին մէջ, քաջալերելով համայնքը դարձեալ մտածելու Կաթողիկէ կրթութեան առաքելութեան մասին՝ իմաստութեան եւ յոյսի վկաներ ըլլալու արագօրէն փոփոխուող աշխարհի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհաւորական գիր յղեց Կաթողիկէ Ֆու Ժըն Համալսարանի հարիւրամեակին առթիւ, փոխանցելով իր ջերմ ողջոյնները տնօրէնին եւ համալսարանական համայնքի բոլոր անդամներուն։
Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց որ համալսարանը՝ որ Հիմնուած է 1925-ին Սուրբ Աթոռի խնդրանքով եւ ապա վերահաստատուած Թայուան 1961-ին , ուրոյն կերպով կը տարբերի՝ ըլլալով Մանդարին լեզուով աշխարհին մէջ Սուրբ Աթոռի կողմէ հիմնուած միակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց դարձեալ մտածելու Կաթողիկէ բարձրագոյն կրթութեան ազնիւ առաքելութեան մասին, «քաջաբար ուսումնասիրել յայտնութեան եւ բնութեան հարստութիւնները, որպէսզի իմացականութեան եւ հաւատքի միացեալ ջանքը թոյլ տայ մարդոց հասնելու իրենց մարդկայնութեան լրիւ չափին, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ»։

Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ այս տարեդարձը համալսարանի բոլոր անդամներուն մէջ վերակենդանացնէ նորոգուած նուիրում մը, որ իմաստութեան եւ յոյսի վկաներ արագօրէն փոփոխուող աշխարհի մէջ, մանաւանդ այն ժամանակ երբ արհեստավարժութեան մէջ եղած յառաջդիմութիւնները, մշակութային տեսարաններուն փոխուիլը ինչպէս նաեւ բարոյական հարցումները կը պահանջեն Քրիստոսի լոյսով առաջնորդուող բարոյական կողմնացոյց

Յանձնելով Ֆու ԺԷն Կաթողիկէս Համալսարանի աշակերտները, բարերարները Տիրամօր միջամտութեան, Նորին Սրբութիւնը շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը որպէս Տիրոջ մէջ ուրախութեան եւ խաղաղութեան գրաւական։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2025, 13:47