Լեւոն ԺԴ. Պապին «Ապագայ ծնող հաւատարմութիւն մը» առաքելական նամակը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը գրեց առաքելական նամակ մը Վատիկանեան Բ Ժողովին «Optatam totius» եւ «Presbyterorum Ordinis» փաստաթուղթերու 60 ամեակի առիթով։ Քահանայապետը կը վերահաստատէ քահանայական կոչումի կարեւորութիւնը արդի աշխարհի մէջ։
Հաւատարմութիւն եւ ծառայութիւն
Նամակի մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ քահանայական կոչումը Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպումէն ծնած ձրի պարգեւ մըն է։ Ան շեշտեց, որ հաւատարմութիւնը անշարժութիւն չէ, այլ մշտական դարձի եւ կազմաւորումի ընթացք։
«Բոլոր քահանաները կոչուած են միշտ հոգ տանելու իրենց կազմաւորման, որպէսզի վառ պահեն Աստուծոյ պարգեւը՝ ընդունուած Կարգի խորհուրդով (Բ Տիմ. 1,6): Հետեւաբար, հաւատարմութիւնը կոչումին հանդէպ անշարժութիւն կամ փակուածութիւն չէ, այլ՝ ամէնօրեայ դարձի ճանապարհ մը, որ կը հաստատէ եւ կը հասունցնէ ընդունուած կոչումը»:
Նամակին մէջ Քահանայապետը կ՝անդրադառնայ եկեղեցականներուն կողմէ գործուած սերային չարաշահումներուն ցաւալի իրականութեան՝ շեշտելով մարդկային եւ հոգեւոր հասուն կազմաւորման հրամայականը։ «Վերջին տասնամեակներուն, եկեղեցականներու կողմէ գործուած չարաշահումներուն պատճառած վստահութեան տագնապը, որ մեզ կը լեցնէ ամօթով եւ կը հրաւիրէ խոնարհութեան, մեզ աւելի գիտակից դարձուցած է ամբողջական կազմաւորման մը հրամայականին։ Այս կազմաւորումը պէտք է երաշխաւորէ Քահանայութեան թեկնածուներու մարդկային աճն ու հասունութիւնը՝ հարուստ ու հաստատուն հոգեւոր կեանքի մը կողքին»։
Եղբայրութիւն եւ հաղորդութիւն
Նամակին մէջ Քահանայապետը նշեց, որ քահանան առանձին չէ. ան մաս կը կազմէ քահանայական դասին ու քաջալերեց քահանաներու միջեւ գործնական եղբայրութիւնը, ինչպէս՝ տնտեսական օժանդակութիւնը աղքատ ծուխերու հովիւներուն եւ միասնական կեանքի փորձառութիւնները՝ յաղթահարելու համար մինակութեան վտանգը։ Նաեւ կը կարեւորուի սարկաւագներու դերը՝ իբրեւ ծառայող Քրիստոսի տեսանելի նշան։ «Եկեղեցւոյ մէջ ամէն կոչում կը ծնի Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպումէն, որ կեանքին կու տայ նոր հորիզոն մը եւ անով իսկ՝ վճռական ուղղութիւնը»։
Սինոդականութիւն
Լեւոն ԺԴ. Պապը նամակին մէջ կը հրաւիրէ քահանաները որդեգրելու սինոդական ոճ մը, որ կը մերժէ կղերապաշտութիւնը (clericalism)։ Քահանաները պէտք է գործակցին աշխարհականներուն հետ, յարգելով անոնց շնորհապարգեւները եւ փորձառութիւնը։ Եկեղեցին պէտք է ըլլայ ոչ թէ բուրգ մը, այլ համայնք մը, ուր բոլորը միասին կը քալեն։
Առաքելութիւն եւ ապագայ
Քահանայական ինքնութիւնը կը գտնուի «դէպի դուրս» ելլելու մէջ։ Պապը կը զգուշացնէ երկու վտանգներէ. Արդիւնաւէտութեան մոլուցքը, ուր գործը աւելի կարեւոր կը սեպուի քան էութիւնը։ Յուսալքումը, որ կը մղէ աշխարհէն մեկուսանալու։ Քահանան կոչուած է ըլլալու աշխարհի մէջ յոյսի եւ հաշտութեան սերմնացան։
«Կը մաղթեմ, որ Վատիկանեան Բ Ժողովին երկու հրամանագիրերուն տարեդարձի տօնակատարութիւնը եւ այն ուղին, զոր կոչուած են միասնաբար կիսելու՝ զանոնք իրականացնելու եւ արդիականացնելու համար, կարենան վերածուիլ Եկեղեցւոյ մէջ կոչումներուն նորոգուած հոգեգալուստի մը՝ արթնցնելով սուրբ բազմաթիւ եւ յարատեւող կոչումները քահանայական ծառայութեան համար, որպէսզի երբեք չպակսին մշակները Տիրոջ հունձքին համար։ Եւ թող մեր բոլորին մէջ արթննայ կամքը՝ ամբողջութեամբ նուիրուելու կոչումներուն խրախուսման եւ անդրադարձ աղօթքի ՝հունձի Տիրոջ։ (Մատթ. 9,37-38)։
«Սակայն՝ աղօթքին հետ մէկտեղ, քահանայական կոչումներուն պակասը՝ յատկապէս աշխարհի որոշ շրջաններուն մէջ՝ բոլորէն կը պահանջէ քննարկում մը եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան գործելակերպի պտղաբերութեան շուրջ։ Ճիշդ է, որ այս տագնապի պատճառները յաճախ կրնան տարբեր եւ բազմազան ըլլալ եւ մասնաւորաբար կախեալ ըլլալ ընկերամշակութային համապատկերէն, բայց միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ է, որ քաջութիւն ունենան երիտասարդներուն ներկայացնելու զօրաւոր եւ ազատագրող առաջարկներ, եւ որ տեղական եկեղեցիներուն մէջ աճին « Աւետարանով տոգորուած երիտասարդական հովուական ծառայութեան խնամքի միջավայրեր եւ ձեւեր, ուր կարելի է դրսեւորուիլ եւ հասուննաք անձի ամբողջական նուիրումի կոչումները»։ Այն վստահութեամբ որ Տէրը երբեք չդադարի կանչելէ (Յովհ. 11,28)
Անհրաժեշտ է միշտ վառ պահել կոչումի հեռանկարը հովուական ծառայութեան ամէն մարզի մէջ, յատկապէս երիտասարդական եւ ընտանեկան պարագաներուն։ Յիշենք՝ չկայ ապագայ առանց բոլոր կոչումներուն նկատմամբ խնամքի»։
Նորին Սրբութիւնը նամակը կ՝աւարտէ շնորհակալութիւն յայտնելով հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն «որ ձեր միտքն ու սիրտը կը բանաք Presbyterorum Ordinis եւ Optatam totius Վատիկնեան Բ Ժողովին հրամանագիրերուն մարգարէական պատգամին առջեւ, եւ կը միասնաբար կը տրամադրուիք անոնցմէ քաղելու սնունդ եւ խթան՝ եկեղեցւոյ ուղիին համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
