Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած նոր դեսպանները Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած նոր դեսպանները  (@Vatican Media)

«Զինաթափուած Խաղաղութիւն». Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը նոր դեսպաններուն՝ վստահութեան եւ արդարութեան մասին

Լեւոն ԺԴ. Պապը, դեսպաններուն հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով, շեշտեց Սուրբ Տարուան կոչը՝ վերագտնելու վստահութիւնը, յիշեցնելով «զինաթափուած խաղաղութեան» իր տեսլականը։ Քահանայապետը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան նպատակը՝ չըլլալ լուռ դիտորդ համաշխարհային անարդարութիւններուն ու մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն դիմաց, եւ յատկապէս ծառայել աղքատներուն ու հասարակութեան եզրերուն մղուածներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 6 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած նոր դեսպանները իրենց հաւատարմագիրներուն ներկայացումի առիթով։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը սկսաւ ողջունելով Սուրբ Աթոռի մօտ Արտակարգ եւ Լիազօր նոր Դեսպանները խնդրելով անոնցմէ որ իր յարգալից ողջոյնները փոխանցեն իրենց Պետութեանց Ղեկավարներուն ու վստահեցուց իր աղօթքները՝ անոնց եւ իրենց քաղաքացիներուն համար։»

Անդրադառնալով Յոբելինական Սուրբ Տարուան, Նորին Սրբութիւնը նշեց որ անիկա հրաւէր է վերագտնելու հարկաւոր վստահութիւնը՝ եկեղեցւոյ, միջ անձնական յարաբերութիւններուն, միջազգային յարաբերութիւններուն, իւրաքանչիւր անձին արժանապատուութեան յառաջացման մէջ եւ արարչագործութեան յարգանքի մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց իր առաջին խօսքերը քահանայապետ ընտրուելէ անմիջապէս ետք։ «Հռոմի Եպիսկոպոս ըլլալուս իմ առաջին խօսքերէն իսկ, ուզեցի յիշեցնել Յարուցեալ Տէր Յիսուսի ողջոյնը՝ «Խաղաղութի՛ւն ձեզի» (Յովհ. 20,19), եւ հրաւիրել բոլոր ժողովուրդները հետապնդելու այն, ինչ որ կոչեցի«զինաթափուած խաղաղութիւն եւ զինաթափող խաղաղութիւն» (Urbi et Orbi, 8 Մայիս 2025)։

Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտեց որ պէտք չէ մոռնանք որ այս տագնապներուն պատճառով ամենէն շատ կը տառապին աղքատներն ու մեկուսացածները, աւելցնելով որ Իր «Dilexi te» առաքելական յորդորին մէջ վերահաստատեց այն համոզում մեր աշխարհը չի կրնար ինքզինք թոյլ տալ աչքը փակել անոնց վրայէն, որոնք հեշտութեամբ անտեսանելի կը դառնան արագ տնտեսական ու արհեսավարժական փոփոխութիւններուն պատճառով։

Նորին Սրբութիւնը նշեց որ Սուրբ Աթոռը պիտի չըլլայ լուռ դիտորդ մը մեր մարդկային եւ համաշխարհային համայնքին մէջ ծանր անհաւասարութիւններուն, անարդարութիւններուն եւ հիմնական մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն դիմաց, որ աւելի ու աւելի քայքայուած է եւ հակամարտութիւններու հակում ունի։ Իրաւամբ, Սուրբ Աթոռին դիւանագիտութիւնը, որ ձեւաւորուած է Աւետարանին արժէքներով, մշտապէս ուղղուած է ծառայելու մարդկութեան բարիքին, յատկապէս կոչ ընելով խղճերուն եւ ուշադիր մնալով անոնց ձայներուն, որոնք աղքատ են, փխրուն կացութեան մէջ են կամ հասարակութեան եզրերը մղուած»։

Ձեր դիւանագիտական առաքելութիւնը, եւ Սուրբ Աթոռին ու ձեր ազգերուն միջեւ կառուցողական յարաբերութիւնները, կրնան իրական օգնութիւն մատուցանել այս ծանր մտահոգութիւններուն դիմագրաւման մէջ։

Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց ըսելով. «Մինչ կը սկսիք Ձեր առաքելութիւնը Սուրբ Աթոռին մօտ, կ’ապահովեմ Ձեզի Պետական Քարտուղարութեան աջակցութիւնը։ Թող Ձեր ծառայութիւնը նպաստէ բանալու երկխօսութեան նոր դռներ, խթանելու միութիւնը եւ առաջ տանելու այն խաղաղութիւնը, որուն մարդկային ընտանիքը այնքան ջերմեռանդօրէն կը փափաքի։ Ձեր վրայ, Ձեր ընտանիքներուն վրայ եւ այն ժողովուրդներուն վրայ որոնք կը ներկայացնէք, ուրախութեամբ կը հայցեմ առատ Աստուածային օրհնութիւններ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2025, 10:14